Յիսուս եւ աստղաբաշխները
Գլուխ 7
Յիսուս եւ աստղաբաշխները
ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ մի քանի մարդիկ կու գան։ Անոնք աստղաբաշխներ՝ աստղերու դիրքերէն գուշակութիւն ընողներ են։ Երբ անոնք Արեւելքի մէջ, իրենց բնակած վայրին մէջ կը գտնուէին, նոր աստղ մը տեսան եւ հարիւրաւոր մղոններ կտրելով անոր հետեւեցան մինչեւ Երուսաղէմ։
Երբ աստղաբաշխները Երուսաղէմ կը հասնին, կը հարցնեն. «Ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ. վասն զի մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու»։
Երուսաղէմի մէջ Հերովդէս Թագաւորը երբ կը լսէ այս մասին, կը խռովի։ Ուստի, ան կը կանչէ քահանայապետները եւ կը հարցնէ անոնց. «Քրիստոսը ո՞ւր պիտի ծնանի»։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուելով, անոնք կը պատասխանեն. «Բեթլէհէմին մէջ»։ Ասոր վրայ Հերովդէս աստղաբաշխները իր քով կը կանչէ ու կ’ըսէ անոնց. «Գացէք ստոյգը իմացէք այն մանուկին վրայով ու երբ գտնէք, ինծի իմացուցէք, որպէս զի ես ալ երթամ, անոր երկրպագութիւն ընեմ»։ Սակայն, իրականութեան մէջ, Հերովդէս կ’ուզէ մանուկը գտնել եւ սպաննել։
Անոնց մեկնելէն ետք, ապշեցուցիչ բան մը կը պատահի։ Այն աստղը որ տեսած էին, երբ Արեւելք կը գտնուէին, իրենց առջեւէն կը սկսի երթալ։ Յստակ է որ ասիկա սովորական աստղ մը չէ, հապա մասնայատուկ կերպով հայթայթուած է, որպէսզի զիրենք առաջնորդէ։ Աստղաբաշխները կը հետեւին անոր, մինչեւ որ ան կանգ կ’առնէ ա՛յն տան վրայ ուր Յովսէփ եւ Մարիամ կը մնան։
Երբ աստղաբաշխները տուն կը մտնեն, կը տեսնեն Մարիամը եւ մանուկ Յիսուսը։ Բոլորն ալ անմիջապէս կը խոնարհին անոր առջեւ, եւ իրենց պայուսակները բանալով ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս կը նուիրեն։ Ատկէ ետք, երբ անոնք մեկնելու կը պատրաստուին, որպէսզի Հերովդէսի ըսեն թէ ո՛ւր կը գտնուի մանուկը, երազի մէջ Աստուծմէ կ’ազդարարուին, որ այդ բանը չընեն։ Ուստի, անոնք ուրիշ ճամբով մը իրենց երկիրը կը վերադառնան։
Աստղաբաշխները առաջնորդելու համար տեսնուած աստղը ո՞վ հայթայթեց արդեօք։ Յիշեցէք որ աստղը զիրենք ուղղակի Բեթլէհէմ՝ Յիսուսին քով չառաջնորդեց։ Այլ՝ անոնք Երուսաղէմ առաջնորդուեցան եւ Հերովդէս Թագաւորին հետ յարաբերութեան մէջ մտան, որ իր կարգին ուզեց սպաննել Յիսուսը։ Իսկ Հերովդէս ասիկա պիտի ընէր, եթէ Աստուած չմիջամտէր եւ աստղաբաշխները չազդարարէր որ Յիսուսի գտնուած վայրին մասին Հերովդէսին բան մը չըսեն։ Աստուծոյ թշնամի՛ն՝ Բանսարկու Սատանա՛ն, ուզեց որ Յիսուսը սպաննուի, ուստի այդ աստղը գործածեց, որպէսզի իր նպատակը կարենայ իրագործել։ Մատթէոս 2։1-12. Միքիայ 5։2
▪ Ի՞նչ բան կը փաստէ թէ աստղաբաշխներուն տեսած աստղը սովորական աստղ մը չէր։
▪ Յիսուս ո՞ւր է, երբ աստղաբաշխները զինք կը գտնեն։
▪ Ինչո՞ւ գիտենք որ Սատանա՛ն հայթայթեց այդ աստղը, աստղաբաշխները առաջնորդելու համար։