Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս ինչո՛ւ երկիր եկաւ

Յիսուս ինչո՛ւ երկիր եկաւ

Գլուխ 24

Յիսուս ինչո՛ւ երկիր եկաւ

ՅԻՍՈՒՍ շատ զբաղ օր մը կ’անցընէ Կափառնայումի մէջ իր չորս աշակերտներուն հետ։ Երեկոյեան՝ Կափառնայումի ժողովուրդը բոլոր հիւանդները կը բերէ իրեն որպէսզի բուժուին։ Քիչ մը առանձին մնալու ժամանակ չէ ունեցած։

Յաջորդ առաւօտ կանուխ, երբ տակաւին դուրսը մութ է, Յիսուս կ’արթննայ եւ դուրս կ’ելլէ։ Ան մեկուսի տեղ մը կ’երթայ, ուր կրնայ իր Հօրը առանձին աղօթել։ Բայց այս առանձնութիւնը երկար չի տեւեր. երբ Պետրոս եւ միւսները կ’անդրադառնան որ ինք բացակայ է, անմիջապէս դուրս կ’ելլեն զինք փնտռելու։

Երբ կը գտնեն Յիսուսը, Պետրոս կ’ըսէ. «Ամէնքը քեզ կը փնտռեն»։ Կափառնայումի ժողովուրդը կը փափաքի որ Յիսուս իրենց քով մնայ։ Անոնք իրապէս կը գնահատեն ինչ որ Յիսուս ըրած է իրենց համար։ Սակայն Յիսուս գլխաւորաբար հրաշալի բուժումներ կատարելո՞ւ համար երկիր եկաւ։ Ի՛նք ի՞նչ կ’ըսէ այս ուղղութեամբ։

Սուրբ գրային պատմութեան մը համաձայն, Յիսուս կը պատասխանէ իր աշակերտներուն. «Եկէք երթանք մերձակայ գիւղաքաղաքները, որպէս զի հոն ալ քարոզեմ, վասն զի այս բանին համար եկեր եմ»։ Թէեւ ժողովուրդը կը ստիպէ որ իրենց քով մնայ, սակայն ան կ’ըսէ անոնց. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։

Այո, Յիսուս երկիր եկաւ մասնաւորաբար Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելու համար։ Այս Թագաւորութիւնն է որ իր Հօրը անունը պիտի սրբացնէ եւ վերջնական լուծում մը պիտի բերէ մարդոց հիւանդութիւններուն։ Սակայն ապացուցանելու համար թէ ինք Աստուծմէ ղրկուած է, Յիսուս հրաշալի բուժումներ կը կատարէ։ Մովսէս ալ, դարեր առաջ, Աստուծոյ ծառայ մը ըլլալը փաստելու համար հրաշքներ գործեց։

Այժմ, երբ Յիսուս Կափառնայումէ կը մեկնի, որպէսզի ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ քարոզէ, իր չորս աշակերտները իրեն հետ կ’երթան։ Այս չորսն են՝ Պետրոս ու իր եղբայրը՝ Անդրէաս, եւ Յովհաննէս ու իր եղբայրը՝ Յակոբոս։ Կը յիշէք հաւանաբար որ ճիշդ շաբաթ մը առաջ, Յիսուս հրաւիրած էր զիրենք որ իր առաջին ճամբորդող աշխատակիցները ըլլային։

Գալիլիոյ մէջ, իր չորս աշակերտներուն հետ, Յիսուսի քարոզչական շրջապտոյտը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ։ Իրականութեան մէջ, իր գործունէութեան լուրը նոյնիսկ ամբողջ Սուրիոյ մէջ կը տարածուի։ Գալիլիայէն, Հրէաստանէն եւ Յորդանան Գետի անդիի կողմէն մեծ բազմութիւն մը կը հետեւի Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն։ Մարկոս 1։35-39. Ղուկաս 4։43, 44. Մատթէոս 4։23-25. Ելից 4։1-9, 30, 31

Կափառնայումի մէջ շատ զբաղ օր մը ունենալէ ետք, յաջորդ առաւօտ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

Յիսուս ինչո՞ւ երկիր ղրկուած էր, եւ իր հրաշքները ի՞նչ բանի կը ծառայեն։

Որո՞նք Յիսուսի հետ կ’երթան Գալիլիա կատարելիք իր քարոզչական շրջապտոյտին, եւ Յիսուսի գործունէութեան հանդէպ ընդառաջումը ի՞նչ կ’ըլլայ։