Յիսուս իր բնակավայրի ժողովարանին մէջ
Գլուխ 21
Յիսուս իր բնակավայրի ժողովարանին մէջ
ԱՆԿԱՍԿԱԾ խոր յուզում եւ իրարանցում կը տիրէ Նազարէթի մէջ, երբ Յիսուս իր բնակավայրը կը վերադառնայ։ Շուրջ տարի մը առաջ Յովհաննէսի կողմէ մկրտուելու երթալէ առաջ, Յիսուս ճանչցուած էր որպէս ատաղձագործ մը։ Բայց այժմ ան ամէն տեղ կը ճանչցուի որպէս հրաշք գործող մը։ Տեղացիները, իրե՛նք ալ անձկանօք կ’ուզեն տեսնել այս հրաշքներէն ոմանք։
Անոնց ակնկալութիւնը աւելի կը մեծնայ, երբ Յիսուս իր սովորութեան համաձայն, տեղւոյն ժողովարանը կ’երթայ։ Արարողութեան ընթացքին, ան ոտքի կ’ելլէ որպէսզի կարդայ, եւ Եսայի մարգարէին մագաղաթը կը տրուի իրեն։ Կը գտնէ այն տեղը ուր կը խօսի Եհովայի Օծեալին մասին, որ ներկայիս մեր Աստուածաշունչին՝ 61–րդ գլուխին մէջ կը գտնուի։
Կարդալէ ետք թէ ինչպէս Ան գերիներու ազատութիւն եւ կոյրերու աչքերուն բացուիլը եւ Եհովայի ընդունելի տարին պիտի քարոզէր, Յիսուս կը վերադարձնէ մագաղաթը ատենապետին եւ իր տեղը կը նստի։ Բոլորին աչքերը իր վրայ սեւեռուած են։ Ապա անոնց կը խօսի որոշ ժամանակ մը եւ կ’ըսէ. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։
Ժողովուրդը, զարմանալով անոր «շնորհալի խօսքերուն վրայ», իրարու կ’ըսեն. «Ասիկա Յովսէփին որդին չէ՞»։ Սակայն, գիտնալով որ ժողովուրդը հրաշք մը կը սպասէ, Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք այս առակը. ‘Բժիշկ, քու անձդ բժշկէ։ Որչափ բաներ լսեցինք որ Կափառնայումի մէջ եղան, հոս ալ ըրէ քու քաղաքիդ մէջ’»։ Բացայայտօրէն Յիսուսի նախկին դրացիները կը խորհին որ բուժումը իր տունէն պէտք է սկսի, նախ իր քաղաքի մարդոց օգնելով։ Ուստի կը խորհին որ Յիսուս զիրենք կ’արհամարհէ։
Իրենց խորհուրդը հասկնալով, Յիսուս իրենց վրայ կիրարկուող պատմութիւն մը կը պատմէ։ Եղիայի օրերուն, Իսրայէլի մէջ շատ բորոտներ կային, կը նշէ ան, սակայն Եղիա անոնցմէ մէկուն չղրկուեցաւ։ Այլ, Սիդոնի մէջ բնակող այրի կնոջ մը գնաց, ուր փրկարար հրաշք մը ըրաւ։ Իսկ Եղիսէի օրերուն շատ բորոտներ կային, բայց Եղիսէ միայն Ասորի Նէեմանը մաքրեց իր բորոտութենէն։
Իրենց անձնասիրութիւնն ու անհաւատարմութիւնը քօղազերծող այս պատմական աննպաստ բաղդատութենէն զայրացած, ժողովարանին մէջ եղողները կ’ելլեն եւ Յիսուսի վրայ խուժելով քաղաքէն դուրս կը հանեն զինք։ Հոն, լերան բարձունքէն՝ որու վրայ Նազարէթ քաղաքը շինուած է, անոնք կը ջանան Յիսուսը վար նետել։ Բայց Յիսուս իրենց ձեռքէն կը պրծի եւ ապահով կը հեռանայ։ Ղուկաս 4։16-30. Գ. Թագաւորաց 17։8-16. Դ. Թագաւորաց 5։8-14
▪ Ինչո՞ւ Նազարէթի մէջ խոր յուզում եւ իրարանցում կը տիրէ։
▪ Ժողովուրդը ի՞նչ կը խորհի Յիսուսի զրոյցին մասին, բայց վերջը ի՞նչ բան կը բարկացնէ զիրենք։
▪ Ժողովուրդը ի՞նչ կը ջանայ ընել Յիսուսին։