Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս կը կատարէ Աստուծոյ բոլոր պահանջները

Յիսուս կը կատարէ Աստուծոյ բոլոր պահանջները

Գլուխ 133

Յիսուս կը կատարէ Աստուծոյ բոլոր պահանջները

Ի՜ՆՉ մեծ ուրախութեան պատճառ մը պիտի ըլլայ, երբ Յիսուս Քրիստոս Ռազմիկը, Սատանան եւ իր անարդար աշխարհը մէջտեղէն վերցնէ։ Վերջապէս, Յիսուսի Հազարամեայ խաղաղ Իշխանութիւնը կը սկսի։

Յիսուսի եւ իր ընկերակից թագաւորներուն ուղղութեան ներքեւ, Արմագեդոնէն վերապրողները այդ արդար պատերազմէն մնացած աւերակները պիտի մաքրեն։ Հաւանաբար երկրային վերապրողները ժամանակ մը զաւակներ պիտի ունենան, եւ անոնք երկիրը հոյակապ պարտէզի մը վերածելու բերկրալի գործին պիտի մասնակցին։

Ժամանակի ընթացքին, Յիսուս անհամար միլիոնաւորներ իրենց գերեզմաններէն դուրս պիտի բերէ, այս գեղեցիկ դրախտը վայելելու համար։ Ասիկա պիտի ընէ իր խոստումին որպէս կատարում. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները . . . դուրս պիտի գան»։

Այդ յարուցուողներուն մէջ պիտի ըլլայ երբեմնի չարագործը, որ Յիսուսի կողքին՝ ցիցին վրայ մեռաւ։ Յիշեցէք որ Յիսուս անոր խոստացաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ Այդ մարդը երկինք պիտի չառնուի որ Յիսուսի հետ որպէս թագաւոր իշխէ, ո՛չ ալ Յիսուս դարձեալ մարդ պիտի ըլլայ եւ Դրախտ երկրին վրայ անոր հետ բնակի։ Այլ՝ Յիսուս այդ նախկին չարագործին հետ պիտի ըլլայ այն առումով, որ Ան կեանքի պիտի յարուցանէ զինք Դրախտին մէջ, եւ անոր թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր պէտքերուն հոգ պիտի տանի, ինչպէս յաջորդ էջի պատկերին մէջ ցոյց տրուած է։

Պահ մը խորհեցէք։ Յիսուսի սիրալիր ուշադրութեան ներքեւ, ամբողջ մարդկային ընտանիքը կատարելութեան պիտի հասնի։ Անոնց մէջ պիտի ըլլան Արմագեդոնէն վերապրողները, իրենց զաւակները եւ իրեն հնազանդող միլիառաւոր յարուցուողներ։ Եհովա, իր արքունի Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, հոգեւորապէս մարդկութեան հետ պիտի բնակի։ Յովհաննէսի երկինքէն լսած ձայնը կ’ըսէ. «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Երկրի վրայ ո՛չ մէկը պիտի տառապի կամ հիւանդանայ։

Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանին, երկրի վիճակը ճիշդ Աստուծոյ նախապէս ծրագրած վիճակին պիտի նմանի, երբ ան մարդկային առաջին զոյգին՝ Ադամի եւ Եւայի ըսաւ որ աճին, շատնան ու երկիրը լեցնեն։ Այո, երկիրը պիտի լեցուի կատարեալ մարդոց արդար ցեղով, քանի որ Յիսուսի փրկարար զոհագործութեան օգուտները բոլորին կիրարկուած պիտի ըլլան։ Ադամի մեղքին պատճառաւ եղած մահը պիտի չքանայ։

Այսպէս, Յիսուս կատարելագործած պիտի ըլլայ Եհովայի բոլոր պահանջները։ Ուստի, հազարամեայի վերջաւորութեան, Յիսուս Թագաւորութիւնը եւ կատարելութեան հասած մարդկային ընտանիքը իր Հօրը պիտի յանձնէ։ Ապա Աստուած Սատանան եւ իր դեւերը պիտի արձակէ մեռելանման անգործունէութեան անդունդէն։ Ի՞նչ նպատակաւ։

Հազարամեայի վերջաւորութեան, Դրախտին մէջ ապրողներուն մեծամասնութիւնը յարուցեալներ պիտի ըլլան, որոնց հաւատքը բնաւ փորձի ենթարկուած չէ։ Մեռնելէն առաջ, անոնք Աստուծոյ խոստումներէն բնաւ տեղեակ չէին, ուստի հաւատք չեն կրցած ընծայել անոնց։ Ապա, յարուցուելէ եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելէ ետք, իրենց համար դիւրին էր Դրախտին մէջ Աստուծոյ ծառայել, առանց որեւէ հակառակութեան։ Սակայն, եթէ Սատանային առիթ տրուէր որ ջանար զիրենք կասեցնել Աստուծոյ ծառայութենէն, փորձին ներքեւ հաւատարիմ պիտի մնայի՞ն։ Այս հարցը լուծելու համար, Սատանան պիտի արձակուի։

Յովհաննէսի տրուած յայտնութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութենէն ետք, Սատանան պիտի յաջողի անորոշ թիւով անհատներ Աստուծոյ ծառայութենէն հեռացնել։ Սակայն երբ վերջնական փորձը աւարտի, Սատանան, իր դեւերը եւ բոլոր անոնք զորս յաջողեցաւ մոլորեցնել, յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։ Միւս կողմէ, լման կերպով փորձուած, հաւատարիմ վերապրողները պիտի շարունակեն ապրիլ, իրենց երկնաւոր Հօր օրհնութիւնները յաւիտեան վայելելու համար։

Որոշ է ուրեմն, որ Աստուծոյ փառաւոր նպատակները կատարելագործելու մէջ, Յիսուս կենսական դեր մը խաղցած է եւ պիտի շարունակէ խաղալ։ Ի՜նչ սքանչելի ապագայ մը կրնանք վայելել, Աստուծոյ հոյակապ երկնային Թագաւորին կատարելագործած բոլոր բաներուն որպէս արդիւնք։ Սակայն չենք կրնար մոռնալ երկրի վրայ որպէս մարդ եղած ատեն իր բոլոր ըրածները։

Յիսուս յօժար կամքով երկիր եկաւ եւ իր Հօր մասին սորվեցուց մեզի։ Ասկէ զատ, ան Աստուծոյ թանկագին յատկութիւնները իր օրինակով ցոյց տուաւ։ Մեր սրտերը կը տոգորուին երբ կը նկատենք իր վսեմ քաջութիւնը եւ խիզախութիւնը, իր անզուգական իմաստութիւնը, որպէս ուսուցիչ իր գերագոյն կարողութիւնը, իր աներկիւղ առաջնորդութիւնը եւ գորովալի խանդաղատանքն ու կարեկցութիւնը։ Երբ մտաբերենք թէ որքա՜ն տառապեցաւ փրկանքը հայթայթելու համար, որու միջոցաւ է որ միայն կրնանք կեանք շահիլ, վստահաբար մեր սիրտը իրեն հանդէպ գնահատութեամբ կը լեցուի։

Արդարեւ, Յիսուսի կեանքի ուսումնասիրութեան ընդմէջէն տեսանք թէ ի՜նչ հոյակապ մէկն էր ան։ Իր մեծութիւնը ակներեւ եւ ջախջախիչ է։ Մենք ալ կը մղուինք Հռովմէացի կառավարիչ՝ Պոնտացի Պիղատոսի խօսքերը արձագանգելու. «Ահա՛, այն մարդը»։ Այո, արդարեւ, «այն Մարդը». ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։

Իր փրկարար զոհագործութեան հայթայթումը ընդունելով, Ադամէ ժառանգուած մեղքի եւ մահուան բեռը կրնայ վերցուիլ մեր վրայէն, եւ Յիսուս՝ մեր «Յաւիտենական Հայր»ը կրնայ ըլլալ։ Բոլոր անոնք, որոնք յաւիտենական կեանք պիտի շահին, պէտք է գիտութիւն ստանան ոչ թէ միայն Աստուծոյ, այլ նաեւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Կը մաղթենք որ այս գրքի ընթերցումն ու ուսումնասիրութիւնը ձեզի օգնէ որ այս կենարար գիտութիւնը ձեռք ձգէք։ Ա. Յովհաննու 2։17. 1։7. Յովհաննու 5։28, 29. 3։16. 17։3. 19։5. Ղուկաս 23։43, ՆԱ. Ծննդոց 1։28. Ա. Կորնթացիս 15։24-28. Յայտնութիւն 20։1-3, 6-10. 21։3, 4. Եսայեայ 9։6, ՆԱ։

Արմագեդոնէն վերապրողներուն եւ անոնց զաւակներուն ի՞նչ բերկրալի առանձնաշնորհումներ կը սպասեն։

Արմագեդոնէն վերապրողներուն հետ որո՞նք ալ պիտի վայելեն Դրախտը, եւ ի՞նչ իմաստով Յիսուս անոնց հետ պիտի ըլլայ։

Հազարամեայի վերջաւորութեան ի՞նչ վիճակ պիտի տիրէ, ապա Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ։

Սատանան ինչո՞ւ անդունդէն պիտի արձակուի, եւ վերջապէս ի՞նչ պիտի պատահի իրեն եւ բոլոր իրեն հետեւողներուն։

Յիսուս ի՞նչպէս մեր «Յաւիտենական Հայր»ը կրնայ ըլլալ։