Յիսուս կը ճաշէ փարիսեցիի մը հետ
Գլուխ 76
Յիսուս կը ճաշէ փարիսեցիի մը հետ
ՀԱՄՐ մարդ մը բուժելու իր զօրութեան աղբիւրին մասին հարց տուող քննադատներուն պատասխանելէ ետք, Փարիսեցի մը զինք ճաշի կը հրաւիրէ։ Ճաշելէ առաջ, Փարիսեցիները մինչեւ արմուկը ձեռք լուալու արարողութիւնը կը կատարեն։ Անոնք ասիկա կ’ընեն ճաշէն առաջ, ճաշէն վերջ եւ նոյնիսկ ճաշերու միջեւ։ Թէեւ այս աւանդութիւնը չի բեկաներ Աստուծոյ գրաւոր օրէնքը, սակայն անիկա արարողական մաքրութեան հարցին մէջ Աստուծոյ պահանջէն անդին կ’անցնի։
Երբ Յիսուս այս օրէնքը պահելու մէջ կը թերանայ, իր հիւրընկալը կը զարմանայ։ Թէեւ ան իր զարմանքը բերանացի չ’արտայայտեր, բայց Յիսուս կը նկատէ զայն ու կ’ըսէ. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ»։
Այս կերպով Յիսուս կը քօղազերծէ Փարիսեցիներուն կեղծաւորութիւնը, որոնք արարողութիւններով կը լուան իրենց ձեռքերը, բայց իրենց սրտերը չարութենէ մաքրելու մէջ կը թերանան։ Ան կը խրատէ. «Անոնց մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի»։ Անոնք սիրալիր սրտէ մղուած պէտք է տան, եւ ո՛չ թէ ուրիշները տպաւորեն իրենց կեղծ արդարութեամբ։
Յիսուս կը շարունակէ. «Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք»։ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը տասանորդ, արտերու բերքին մէկ տասներորդը վճարել կը պահանջէ։ Անանուխը եւ փեգենան փոքր բոյսեր կամ խոտեղէններ են, որոնք ճաշերը համեմելու համար կը գործածուին։ Փարիսեցիները նոյնիսկ այս աննշան խոտեղէններուն տասանորդը խղճմտօրէն կը վճարեն, սակայն Յիսուս կը դատապարտէ զանոնք, քանի որ աւելի կարեւոր պահանջները զանց կ’ընեն, որոնք են՝ սէր ցուցաբերել, ողորմութիւն գործադրել եւ համեստ ըլլալ։
Իր դատապարտութեան մէջ աւելի առաջ երթալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։ Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր»։ Անոնց անմաքրութիւնը չի տեսնուիր։ Փարիսեցիներուն կրօնքը արտաքին ցուցադրութիւն մը ունի, բայց ներքնապէս անարժէք է։ Անիկա կեղծաւորութեան վրայ հիմնուած է։
Այսպիսի դատապարտութիւն մը լսելով, օրինական մը՝ Աստուծոյ Օրէնքին հմուտ անհատ մը՝ կը գանգատի, ըսելով. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։
Յիսուս Օրէնքի այս մասնագէտներն ալ պատասխանատու կը բռնէ, ըսելով. «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։ Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք»։
Բեռները զորս Յիսուս կը յիշէ՝ բերանացի աւանդութիւններ են, բայց այս օրինականները անոնցմէ մէկ հատն իսկ չեն վերցներ, ժողովուրդին բեռը թեթեւցնելու համար։ Յիսուս կը յայտնէ որ անոնք նոյնիսկ մարգարէներուն սպանութեան համամիտ են եւ կ’ազդարարէ ըսելով. «Աշխարհի սկիզբէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը այս ազգէն [պիտի] պահանջուի։ Աբէլին արիւնէն մինչեւ Զաքարիային արիւնը, որ սեղանին ու տաճարին մէջտեղ թափուեցաւ՝ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ազգէն պիտի պահանջուի»։
Վերագնելի մարդկութեան աշխարհը սկսաւ Ադամի ու Եւայի որդիներուն ծնունդով։ Այս կերպով, Աբէլ ապրեցաւ «աշխարհի սկիզբ»ը։ Զաքարիայի վայրագ սպանութենէն ետք, ասորական զօրքը կողոպտեց Յուդան։ Սակայն Յիսուս իր սերունդի մարդոց համար աւելի գէշ կողոպուտ մը կը նախագուշակէ, անոր աւելի մեծ ամբարշտութեան պատճառաւ։ Այս կողոպուտը տեղի պիտի ունենար շուրջ 38 տարիներ ետք՝ Հ.Դ. 70–ին։
Իր դատապարտութիւնը շարունակելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»։ Օրինականներուն պարտականութիւնն է Աստուծոյ Խօսքը բացատրել եւ անոր իմաստը պարզել մարդոց։ Բայց անոնք կը թերանան ասոր մէջ եւ նոյնիսկ մարդոցմէ կը խլեն զայն հասկնալու պատեհութիւնը։
Փարիսեցիներն ու օրինականները կը զայրանան որ Յիսուս զիրենք կը քօղազերծէ։ Երբ ան տունէն դուրս կ’ելլէ, անոնք կը սկսին խստօրէն հակառակիլ անոր եւ ամէն կողմէ հարցումներ կը տեղացնեն։ Անոնք կ’ուզեն զինք ծուղակը ձգել, որպէսզի ձերբակալուելու արժանի բան մը ըսէ։ Ղուկաս 11։37-54. Բ. Օրինաց 14։22. Միքիայ 6։8. Բ. Մնացորդաց 24։20-25
▪ Յիսուս ինչո՞ւ կը դատապարտէ Փարիսեցիներն ու օրինականները։
▪ Օրինականները ի՞նչ բեռներ կը դնեն մարդոց վրայ։
▪ «Աշխարհի սկիզբ»ը ե՞րբ էր։