Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս կը յանդիմանէ փարիսեցիները

Յիսուս կը յանդիմանէ փարիսեցիները

Գլուխ 42

Յիսուս կը յանդիմանէ փարիսեցիները

ԵԹԷ ինք Սատանային ուժով դեւերը կը հանէ, կը պատճառաբանէ Յիսուս, ապա Սատանան ինքն իրեն դէմ բաժնուած է։ «Կամ ծառը բարի ըրէք ու անոր պտուղը բարի», կը շարունակէ ան, «կա՛մ ծառը չար ըրէք ու անոր պտուղը չար. վասն զի ծառը պտուղէն կը ճանչցուի»։

Անմտութիւն է Յիսուսի լաւ պտուղը՝ դեւեր հանելը՝ Սատանայի վերագրել։ Եթէ պտուղը բարի է, ծառը չի կրնար չար ըլլալ։ Իսկ միւս կողմէ, Փարիսեցիներուն չար պտուղը՝ Յիսուսի դէմ անհեթեթ ամբաստանութիւններն ու անհիմն հակառակութիւնը, կը փաստէ թէ անոնք չար են։ «Իժերո՛ւ ծնունդներ», կը բացագանչէ Յիսուս, «ինչպէ՞ս կրնաք բարի խօսիլ, որ չար էք. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։

Քանի որ մեր խօսքերը մեր սրտին վիճակը կ’արտացոլացնեն, մեր ըսածները կրնան դատաստանի հիմ մը հայթայթել։ «Ձեզի կ’ըսեմ», կ’ըսէ Յիսուս, «թէ ‘Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, Դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան’։ Վասն զի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս եւ քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս»։

Հակառակ Յիսուսի հզօր գործերուն, դպիրներն ու Փարիսեցիները իրմէ կը խնդրեն. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք քեզմէ նշան մը տեսնել»։ Թէեւ Երուսաղէմէն եղող այս մասնայատուկ մարդիկը թերեւս անհատապէս չեն տեսած իր հրաշքները, սակայն այդ առնչութեամբ ականատեսներու անժխտելի ապացոյցներ գոյութիւն ունին։ Ուստի Յիսուս կ’ըսէ Հրեայ առաջնորդներուն. «Չար եւ շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը»։

Բացատրելով իր միտքը, Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր»։ Ինչպէս որ Յովնան, մեծ ձուկին կողմէ կլլուելէ ետք, դուրս եկաւ՝ որպէս թէ յարուցուելով՝ նոյնպէս Յիսուս կը նախագուշակէ թէ ինք պիտի մեռնի եւ երրորդ օրը պիտի յարուցանուի։ Սակայն Հրեայ առաջնորդները կը մերժեն «Յովնան մարգարէին նշանը», նոյնիսկ հետագային Յիսուս յարուցանուելէ ետք։

Ուստի, Յիսուս կ’ըսէ թէ Նինուէի մարդիկը, որոնք զղջացին Յովնանի քարոզչութեան հետեւանքով, դատաստանի օրը պիտի ելլեն եւ պիտի դատապարտեն Յիսուսը մերժող Հրեաները։ Նոյնպէս, Սաբայի թագուհիին հետ համեմատութիւն մը կ’ընէ, որ երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնի իմաստութիւնը լսելու եւ սքանչացաւ իր տեսած եւ լսած բաներուն վրայ։ «Եւ ահա», կը նշէ Յիսուս, «Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս»։

Ապա Յիսուս մարդու մը օրինակը կու տայ, որմէ պիղծ ոգի մը դուրս կ’ելլէ։ Մարդը սակայն, այդ պարապութիւնը լաւ բաներով չի լեցներ, ուստի յաւելեալ եօթը չար ոգիներ կը մտնեն իր մէջ։ «Այսպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին ալ», կ’ըսէ Յիսուս։ Իսրայէլ ազգը մաքրուած եւ բարեկարգութիւններու ենթարկուած էր, ճիշդ պիղծ ոգիին ժամանակաւոր մեկնումին նման։ Սակայն Աստուծոյ մարգարէները մերժելով, եւ մանաւանդ, Քրիստոսին հակառակելով, Հրեայ ազգը կը յայտնէ որ նախկինէն գէշ եղած է։

Մինչ Յիսուս կը խօսի, իր մայրն ու եղբայրները կը հասնին եւ բազմութեան ետին կը կենան։ Ուստի մէկը իրեն կ’ըսէ. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ կ’ուզեն քեզի հետ խօսիլ»։

«Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս», կը հարցնէ Յիսուս։ Ապա իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով կ’ըսէ. «Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս. վասն զի ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։ Այս կերպով Յիսուս ցոյց կու տայ թէ աշակերտներուն հետ ունեցած իր յարաբերութիւնը շատ աւելի սիրելի է քան ազգականներուն հետ ունեցած իր սիրալիր կապերը։ Մատթէոս 12։33-50. Մարկոս 3։31-35. Ղուկաս 8։19-21

Փարիսեցիները ի՞նչպէս թէ՛ «ծառ»ը եւ թէ «պտուղ»ը բարի ընելու մէջ կը թերանան։

Ի՞նչ է «Յովնան մարգարէին նշանը», եւ հետագային անիկա ի՞նչպէս կը մերժուի։

Առաջին դարու Իսրայէլ ազգը ի՞նչպէս իրմէ չար ոգի մը ելլող մարդուն կը նմանի։

Յիսուս ի՞նչպէս կը շեշտէ իր աշակերտներուն հետ ունեցած իր սերտ յարաբերութիւնը։