Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս կը փարատէ այրի կնոջ մը վիշտը

Յիսուս կը փարատէ այրի կնոջ մը վիշտը

Գլուխ 37

Յիսուս կը փարատէ այրի կնոջ մը վիշտը

ՀԱՐԻՒՐԱՊԵՏԻՆ ծառան բուժելէն քիչ ետք, Յիսուս կ’երթայ Նային քաղաքը, որ Կափառնայումէն աւելի քան 32 քմ. հարաւ–արեւմուտք կը գտնուի։ Իր աշակերտները եւ մեծ բազմութիւն մը իրեն կ’ընկերակցին։ Հաւանաբար իրիկուան դէմ, անոնք կը հասնին Նայինի մօտերը, ուր յուղարկաւորութեան մը կը հանդիպին։ Երիտասարդ տղու մը դիակը քաղաքէն դուրս՝ գերեզմանատուն կը տարուի թաղումի համար։

Մօրը վիճակը մասնաւորաբար ողբալի է, քանի որ ան արդէն այրի է, եւ ասիկա իր միակ զաւակն է։ Երբ իր ամուսինը մեռաւ, հաւանաբար կինը մխիթարուեցաւ այն իրողութեամբ որ տակաւին որդի մը ունէր։ Անոր յոյսերը, փափաքներն ու ցանկութիւնները կապուած էին այս զաւկին ապագային հետ։ Բայց այլեւս զինք մխիթարող մը չունի։ Անոր վիշտը մեծ է, մինչ քաղաքի ժողովուրդը իրեն կ’ընկերակցի դէպի գերեզմանատուն։

Երբ Յիսուս կը նկատէ կինը, անոր ծայրայեղ տխրութենէն կը զգացուի։ Ապա փափկանկատութեամբ, եւ սակայն հաստատամտութեամբ, որ վստահութիւն կը ներշնչէ՝ Յիսուս կ’ըսէ կնոջ. «Մի՛ լար»։ Իր մօտեցումը եւ արարքը ամբողջ ամբոխին ուշադրութիւնը կը գրաւեն։ Ապա, երբ ան կը մօտենայ եւ կը դպչի թագաղին, որու վրայ դիակը կը տարուէր, տանողները կանգ կ’առնեն։ Ամէնքն ալ կը զարմանան թէ ի՛նչ պիտի ընէ։

Ճիշդ է որ Յիսուսի ընկերակցողները տեսած են որ ան հրաշալիօրէն շատ հիւանդներ բժշկած է։ Սակայն, երեւութապէս անոնք բնաւ չեն տեսած որ ան ոեւէ մէկը մեռելներէն յարուցանած է։ Արդեօք այսպիսի բան մըն ալ կրնա՞յ ընել։ Իր խօսքը դիակին ուղղելով, Յիսուս կը հրամայէ. «Ո՛վ պատանի, քեզի՛ կ’ըսեմ, ելի՛ր»։ Իսկոյն մարդը կ’ելլէ ու կը նստի։ Ան կը սկսի խօսիլ եւ Յիսուս կը վերադարձնէ զայն իր մօրը։

Երբ ժողովուրդը կը տեսնէ թէ այս երիտասարդը իրապէս ողջ է, կը սկսի ըսել. «Մեծ մարգարէ մը ելեր է մեր մէջ»։ Իսկ ուրիշներ կ’ըսեն. «Աստուած իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրաւ»։ Շուտով այս սքանչելի արարքին լուրը ամբողջ Հրէաստանի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ կը տարածուի։

Յովհաննէս Մկրտիչ տակաւին բանտն է, եւ կ’ուզէ աւելին գիտնալ Յիսուսի կատարած գործերուն մասին։ Յովհաննէսի աշակերտները կը տեղեկացնեն իրեն Յիսուսի հրաշքներուն մասին։ Յովհաննէսի հակազդեցութիւնը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Ղուկաս 7։11-18

Ի՞նչ կը պատահի, մինչ Յիսուս Նային քաղաքին կը մօտենայ։

Յիսուս ի՞նչպէս կ’ազդուի իր տեսածով եւ ի՛նչ կ’ընէ։

Մարդիկ ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն Յիսուսի հրաշքին։