Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս կը քօղազերծէ իր հակառակորդները

Յիսուս կը քօղազերծէ իր հակառակորդները

Գլուխ 109

Յիսուս կը քօղազերծէ իր հակառակորդները

ՅԻՍՈՒՍ այնքան շփոթեցուցած է իր կրօնական հակառակորդները, որ անոնք կը վախնան յաւելեալ բան մը հարցնելու իրեն։ Ուստի, Յիսուս նախաձեռնութիւնը կ’առնէ անոնց տգիտութիւնը քօղազերծելու համար։ «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է», կը հարցնէ ան։

«Դաւիթին», կը պատասխանեն Փարիսեցիները։

Թէեւ Յիսուս չ’ուրանար թէ Դաւիթ Քրիստոսին կամ Մեսիային նախահայրն է, սակայն կը հարցնէ ըսելով. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով [Սաղմոս 110–ի մէջ] Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր Որդին կ’ըլլայ»։

Փարիսեցիները կը լռեն, քանի որ անոնք չեն գիտեր Քրիստոսին, կամ օծեալին իրական ինքնութիւնը։ Մեսիան պարզապէս Դաւիթէն սերած մարդ մը չէր, ինչպէս երեւութապէս կը հաւատային Փարիսեցիները, այլ, ան առկայ էր երկնքի մէջ եւ Դաւիթէն մեծ էր, անոր Տէրն էր։

Արդ, ամբոխին եւ իր աշակերտներուն դառնալով, Յիսուս կը զգուշացնէ դպիրներէն եւ Փարիսեցիներէն։ Քանի որ ասոնք ‘Մովսէսին աթոռին վրայ նստած ըլլալով’, Աստուծոյ Օրէնքը կը սորվեցնեն, Յիսուս կը յորդորէ. «Ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք», սակայն կ’աւելցնէ. «Բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ»։

Անոնք կեղծաւոր են, եւ Յիսուս զանոնք կը քօղազերծէ, գործածելով այնպիսի լեզու մը, զոր գործածած էր երբ Փարիսեցիի մը տունը ճաշի հրաւիրուած էր ամիսներ առաջ։ «Իրենց բոլոր գործերը մարդոց երեւնալու համար կ’ընեն», կ’ըսէ Յիսուս, եւ օրինակներ կու տայ, նշելով.

«Կը լայնցնեն իրենց գրապանակները»։ Այս պզտիկ տուփերը, զորս ճակտին կամ դաստակին վրայ կը կրէին, Օրէնքէն չորս մասեր կը պարունակէին. Ելից 13։1-10, 11-16. եւ Բ. Օրինաց 6։4-9. 11։13-21։ Սակայն Փարիսեցիները այս պզտիկ տուփերուն ծաւալը կը մեծցնէին, այն տպաւորութիւնը տալու համար, թէ իրենք շատ նախանձախնդիր են Օրէնքին նկատմամբ։

Յիսուս կը շարունակէ ըսելով թէ անոնք «կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները»։ Թուոց 15։38-40–ի մէջ Իսրայելացիներուն պատուիրուած էր իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ ծոպեր շինել, սակայն Փարիսեցիները բոլորէն լայն ծոպեր կը շինէին։ Ամէ՜ն բան կ’ընէին ցուցադրութեան համար։ Անոնք «ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն», կը յայտարարէ Յիսուս։

Դժբախտաբար, իր աշակերտներն ալ ազդուած են երեւելի ըլլալու ցանկութենէն։ Ուստի, կը խրատէ. «Բայց դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է . . . Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ Եւ դուք ուսուցիչներ մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս»։ Աշակերտները պէ՛տք է ձերբազատուին առաջնակարգ ըլլալու ցանկութենէն։ «Ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ», կը խրատէ Յիսուս։

Ապա ան վա՜յերու շարք մը կը կարդայ դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն վրայ, բազմիցս զանոնք կեղծաւորներ կոչելով։ «Երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք», կ’ըսէ Յիսուս, «որբեւարիներուն տուները կ’ուտէք ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնէք»։

«Վա՜յ ձեզի կո՛յր առաջնորդներ», կ’ըսէ Յիսուս։ Ան կը դատապարտէ Փարիսեցիներուն հոգեւոր արժէքներու պակասը, որ կը յայտնաբերուի իրենց ըրած կամայական խտրութիւններով։ Զոր օրինակ, անոնք կ’ըսեն. «Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ»։ Աւելի կարեւորութիւն տալով տաճարի ոսկիին, քան պաշտամունքի այդ վայրին հոգեւոր արժէքին, անոնք իրենց բարոյական կուրութիւնը կը յայտնեն։

Ապա, ինչպէս նախապէս ըրած էր, Յիսուս կը դատապարտէ Փարիսեցիները, քանի որ անոնք կ’անտեսեն «օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը», իսկ անդին, մեծ կարեւորութիւն կու տան աննշան խոտերու տասանորդը վճարելուն։

Յիսուս Փարիսեցիները «կո՛յր առաջնորդներ» կը կոչէ, ‘որ մժղուկը կը քամեն եւ ո՛ւղտը կը կլլեն’։ Անոնք իրենց գինիէն կը քամեն մժղուկը, ո՛չ թէ քանի որ անիկա միջատ մըն է, այլ՝ քանի որ ծիսականօրէն անմաքուր է։ Սակայն Օրէնքին ծանր բաները անտեսելը կը նմանի ուղտը կլլելու, որ դարձեալ ծիսականօրէն անմաքուր անասուն մըն է։ Մատթէոս 22։41–23։24. Մարկոս 12։35-40. Ղուկաս 20։41-47. Ղեւտացւոց 11։4, 21-24

Փարիսեցիները ինչո՞ւ լուռ կը մնան, երբ Յիսուս կը հարցաքննէ զիրենք Սաղմոս 110–ի մէջ Դաւիթի ըսածին վրայով։

Փարիսեցիները ինչո՞ւ իրենց գրապանակները կը լայնցնեն եւ հանդերձներուն քղանցքները կ’երկնցնեն։

Յիսուս ի՞նչ խրատ կու տայ իր աշակերտներուն։

Փարիսեցիները ի՞նչ կամայական խտրութիւններ կ’ընեն, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը դատապարտէ զիրենք աւելի ծանրակշիռ խնդիրներ անտեսելնուն համար։