Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կը կերակրէ

Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կը կերակրէ

Գլուխ 52

Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կը կերակրէ

ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ առաքեալները հաճելի քարոզչական շրջապտոյտ մը կը վայելեն ամբողջ Գալիլիոյ մէջ։ Արդ, Յովհաննէսի սպանութենէն քիչ ետք, անոնք Յիսուսի կը վերադառնան եւ կը պատմեն իրենց վայելած հոյակապ փորձառութիւնները։ Տեսնելով որ անոնք յոգնած են, եւ թէ շատ ժողովուրդ կու գայ ու կ’երթայ, որ ուտելու իսկ ժամանակ չունին, Յիսուս առաքեալներուն կ’ըսէ. ‘Առանձին անապատ տեղ մը երթանք ուր կրնաք հանգչիլ’։

Իրենց նաւը մտնելով, հաւանաբար Կափառնայումի մօտ, ամայի տեղ մը կ’ուղղուին, ակներեւաբար Յորդանանի արեւելեան կողմը՝ Բեթսայիդայի քով։ Սակայն, ոմանք կը տեսնեն անոնց մեկնիլը, իսկ ուրիշներ՝ կը տեղեկանան այդ մասին։ Ասոնք միւսներէն առաջ կ’արտորան ծովեզերք, եւ երբ նաւը կը հասնի, բազմութիւն մը անոնց կը սպասէ։

Նաւէն դուրս ելլելով եւ բազմութիւնը տեսնելով, Յիսուս կը խղճայ անոնց վրայ, քանի որ հովիւ չունեցող ոչխարներու նման են։ Ուստի, հիւանդները կը բուժէ եւ անոնց շա՜տ բաներ կը սկսի սորվեցնել։

Ժամանակը շուտով կ’անցնի եւ Յիսուսի աշակերտները իրեն կու գան ու կ’ըսեն. «Հոս անապատ տեղ մըն է եւ ժամանակը ուշացած է. արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի գիւղերը երթան ու իրենց կերակուր գնեն»։

Սակայն՝ Յիսուս կը պատասխանէ անոնց. «Դուք տուէք ատոնց որ ուտեն»։ Ապա, Յիսուս արդէն գիտնալով թէ ինչ պիտի ընէ, Փիլիպպոսը կը փորձէ, անոր հարցնելով. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն»։

Փիլիպպոսի տեսակէտով, ասիկա անկարելի է։ Շուրջ 5,000 այր մարդիկ եւ հաւանաբար 10,000–է աւելի անհատներ կան, հաշուելով կիներն ու երախաները։ «Երկու հարիւր դահեկանի [այն ժամանակ, դահեկան մը, մէկ օրուան աշխատավարձքը կը ներկայացնէր] հաց չի բաւեր, որպէս զի ամէն մէկը քիչ մը առնէ», կը պատասխանէ Փիլիպպոս։

Թերեւս փաստելու համար որ այսքան մեծ բազմութիւն մը կերակրելը անկարելիութիւն մըն է, Անդրէաս կ’ըսէ. «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի», ու կ’աւելցնէ՝ «բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց»։

Քանի որ գարուն է, Հ.Դ. 32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, գետինը կանաչ խոտով ծածկուած է։ Ուստի, Յիսուս իր աշակերտներուն միջոցաւ ժողովուրդին ըսել կու տայ որ խոտին վրայ նստին, յիսունական եւ հարիւրական խումբերով։ Ան հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը կ’առնէ, դէպի երկինք կը նայի, եւ կ’օրհնէ. ապա, կը սկսի կտրել նկանակները եւ բաժնել ձուկերը։ Զանոնք իր աշակերտներուն կու տայ, որոնք՝ իրենց կարգին, ժողովուրդին կը բաշխեն։ Զարմանալիօրէն՝ ամբողջ ժողովուրդը կ’ուտէ եւ կը կշտանայ։

Ապա, Յիսուս կ’ըսէ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի»։ Երբ կը ժողվեն, ուտողներէն աւելցած կտորուանքներով 12 կողով կը լեցնեն։ Մատթէոս 14։13-21. Մարկոս 6։30-44. Ղուկաս 9։10-17. Յովհաննու 6։1-13

Յիսուս ինչո՞ւ ամայի տեղ մը կը փնտռէ իր առաքեալներուն համար։

Յիսուս ո՞ւր կը տանի իր աշակերտները, եւ անոնք իրենց հանգիստի կարիքը ինչո՞ւ չեն կրնար գոհացնել։

Երբ ժամանակը կը յառաջանայ, աշակերտները ի՞նչ կը յանձնարարեն, բայց Յիսուս ի՞նչպէս հոգ կը տանի ժողովուրդին։