Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս ո՜ղջ է

Յիսուս ո՜ղջ է

Գլուխ 128

Յիսուս ո՜ղջ է

ԵՐԲ կիները Յիսուսի գերեզմանը դատարկ կը գտնեն, Մարիամ Մագդաղենացի վազելով կ’երթայ Պետրոսին եւ Յովհաննէսին պատմելու։ Սակայն միւս կիները ակներեւաբար գերեզմանին քով կը մնան։ Իսկոյն, հրեշտակ մը կ’երեւնայ եւ զիրենք ներս կը հրաւիրէ։

Հոս, կիները ուրիշ հրեշտակ մըն ալ կը տեսնեն, եւ անոնցմէ մէկը կ’ըսէ իրենց. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։ Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ ինչպէս ըսած էր։ Եկէք տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած էր։ Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ’»։ Ուստի զարհուրած՝ եւ մեծ ուրախութեամբ, այս կիներն ալ վազելով կ’երթան։

Մինչ այդ, Մարիամ արդէն գտած է Պետրոսն ու Յովհաննէսը եւ կ’ըսէ անոնց. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ Անմիջապէս երկու առաքեալները վազելով գերեզման կ’երթան։ Յովհաննէս, հաւանաբար Պետրոսէն երիտասարդ ըլլալով, աւելի արագ կը վազէ եւ առաջ գերեզման կը հասնի։ Մինչ այդ, կիները գացած են, եւ շուրջը մէկը չկայ։ Յովհաննէս ծռելով գերեզմանին մէջ կը նայի եւ կը տեսնէ կտաւները, բայց ներս չի մտներ։

Երբ Պետրոս կը հասնի, առանց վարանելու ներս կը մտնէ։ Կը տեսնէ հոն մնացած կտաւները եւ Յիսուսի գլուխը փաթթուած վարշամակը, որ ծալլուած ու մէկ կողմ դրուած է։ Յովհաննէս ալ կը մտնէ գերեզման, եւ Մարիամի բերած լուրին կը հաւատայ։ Սակայն ո՛չ Պետրոս, ոչ ալ Յովհաննէս կ’ըմբռնեն թէ Յիսուս յարուցուած է, հակառակ անոր որ Ան յաճախ ըսած էր որ յարութիւն պիտի առնէր։ Շփոթած՝ երկուքը տուն կը վերադառնան, սակայն Մարիամ որ գերեզման վերադարձած է, հոն կը մնայ։

Մինչ այդ, միւս կիները արտորնօք կ’երթան աշակերտներուն տեղեկացնելու թէ Յիսուս յարուցուած է, ինչպէս հրեշտակները հրահանգած էին իրենց։ Մինչ անոնք կարելի եղածին չափ արագ կը վազեն, Յիսուս անոնց դէմը կ’ելլէ ու կ’ըսէ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք անոր ոտքերուն կ’իյնան եւ երկրպագութիւն կ’ընեն։ Այն ատեն Յիսուս կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն»։

Անկէ առաջ, երբ մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, եւ հրեշտակները երեւցան, պահապան զինուորները խռոված ու մեռածի պէս եղած էին։ Երբ իրենք զիրենք գտան, իսկոյն քաղաքը գացին եւ քահանայապետներուն պատմեցին բոլոր եղած բաները։ Հրեաներու «ծերերուն» հետ խորհրդակցելէ ետք, որոշում առնուեցաւ զինուորները կաշառել, որպէսզի խնդիրը ծածկեն։ Անոնց հետեւեալ պատուէրը տրուեցաւ. «Ըսէք թէ ‘Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք’»։

Քանի որ Հռովմէացի զինուորները մահուամբ կը պատժուէին, եթէ պաշտօնի վրայ քնանային, քահանաները անոնց կը խոստանան. «Եթէ այդ բանը [իրենց քնանալը] կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ ապահով կ’ընենք»։ Քանի որ կաշառքը մեծ էր, զինուորները իրենց տրուած ցուցմունքին կը հետեւին։ Որպէս արդիւնք, Յիսուսի մարմնին գողցուած ըլլալուն տարաձայնութիւնը Հրեաներուն մէջ ամէնուրեք կը տարածուի։

Մարիամ Մագդաղենացի, որ առանձին գերեզմանին քով կը մնայ, վշտահար կու լայ։ Յիսուս ո՞ւր կրնայ ըլլալ։ Երբ դէպի գերեզմանը կը ծռի նայելու, կը տեսնէ երկու հրեշտակներ ճերմակ հանդերձներով, որոնք դարձեալ կ’երեւնան։ Անոնք նստեր էին, ուր Յիսուսի մարմինը դրուած էր. մէկը՝ գլխուն կողմը ու միւսը՝ ոտքին կողմը։ «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս», կը հարցնեն անոնք։

«Իմ Տէրս գերեզմանէն վերցուցին ու չեմ գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա», կը պատասխանէ Մարիամ։ Ապա դառնալով մէկը կը տեսնէ, որ հարցումը կրկնելով կ’ըսէ. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս», եւ նոյն անձը նաեւ կը հարցնէ. «Ո՞վ կը փնտռես»։

Կարծելով թէ անիկա այդ պարտէզի պարտիզպանն է, ուր Յիսուսի գերեզմանը կը գտնուի, կ’ըսէ անոր. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ»։

«Մա՛րիամ», կ’ըսէ անհատը։ Իսկոյն իրեն խօսած մտերիմ կերպէն, Մարիամ կը հասկնայ թէ Յիսուսն է։ «Ռաբբունի» (որ «Վարդապետ» ըսել է), կը բացագանչէ Մարիամ, եւ անսահման ուրախութեամբ կը կառչի անոր։ Սակայն Յիսուս կ’ըսէ. «Ինծի մի՛ դպչիր, վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’»։

Այժմ Մարիամ կը վազէ ուր որ առաքեալներն ու աշակերտները հաւաքուած են։ Ան իր տեղեկութիւնը կ’աւելցնէ միւս կիներուն արդէն տուած լուրին, թէ յարուցեալ Յիսուսը տեսած էին։ Սակայն, այս մարդիկը՝ ակներեւաբար ո՛չ նախապէս կիներուն բերած լուրին կը հաւատան, ոչ ալ՝ Մարիամին։ Մատթէոս 28։3-15. Մարկոս 16։5-8. Ղուկաս 24։4-12. Յովհաննու 20։2-18

Գերեզմանը դատարկ գտնելէ ետք, Մարիամ Մագդաղենացի ի՞նչ կ’ընէ, եւ միւս կիները ի՞նչ փորձառութիւն կ’ունենան։

Պետրոս եւ Յովհաննէս ի՞նչ հակազդեցութիւն կ’ունենան երբ գերեզմանը դատարկ կը գտնեն։

Միւս կիները որո՞ւ կը հանդիպին, Յիսուսի յարութեան լուրը աշակերտներուն տանելու ճամբուն վրայ։

Պահապան զինուորներուն ի՞նչ կը պատահի, եւ քահանաներուն տուած անոնց տեղեկութեան հակազդեցութիւնը ի՞նչ կ’ըլլայ։

Ի՞նչ կը պատահի երբ Մարիամ Մագդաղենացի առանձին է գերեզմանին քով, եւ աշակերտներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ է կիներուն բերած լուրին նկատմամբ։