Յիսուս վերստին Երուսաղէմ կ’ուղղուի
Գլուխ 82
Յիսուս վերստին Երուսաղէմ կ’ուղղուի
ՅԻՍՈՒՍ անգամ մը եւս ճամբայ կ’իյնայ, քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ սորվեցնելով։ Ակներեւաբար, ան Յորդանան Գետին միւս կողմը՝ Հրէաստանի դիմացը գտնուող Բերիա նահանգին մէջ կը գտնուի։ Բայց իր նպատակը Երուսաղէմ երթալ է։
Մարդ մը կը հարցնէ. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին». հաւանաբար, հրէական այն փիլիսոփայութենէն տարուած, թէ միայն սահմանափակ թիւով անհատներ փրկութեան արժանի պիտի ըլլան։ Իր պատասխանով, Յիսուս մարդոց կը ստիպէ որ մտածեն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն փրկուելու համար. «Ջանք ըրէք [այսինքն, ծանր պայքարեցէք, կամ ճգնեցէք] որ նեղ դռնէն մտնէք»։
Այսպիսի անխոնջ ջանք թափելը կարեւոր է, «քանզի», կը շարունակէ Յիսուս, «շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան»։ Ինչո՞ւ պիտի չկրնան։ Ան կը բացատրէ որ ‘երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ մարդիկ դուրսը մնան ու սկսին դուռը զարնել եւ ըսել. «Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի», անոնց պիտի պատասխանէ. «Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք, մէկդի կեցէք ինծմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ»’։
Ըստ երեւոյթին, դուրսը մնացած անհատները միայն իրե՛նց յարմար եղած ժամանակին կու գան։ Բայց մինչ այդ, պատեհութեան դուռը գոցուած եւ կղպուած կ’ըլլայ։ Ներս մտնելու համար, անոնք աւելի կանուխ պէտք էր գային, նոյնիսկ եթէ իրենց յարմար չէր ժամանակը։ Արդարեւ, տխուր հետեւանք մը կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք Եհովայի պաշտամունքը իրենց կեանքին գլխաւոր նպատակը չեն դարձներ։
Հրեաներուն մեծամասնութիւնը, որոնց սպասաւորութիւն ընելու համար ղրկուած է Յիսուս, Աստուծոյ ըրած փրկութեան կարգադրութիւնը ընդունելու իրենց հոյակապ պատեհութիւնը կը կորսնցնեն։ Ուստի Յիսուս կ’ըսէ թէ երբ դուրս նետուին, անոնք պիտի լան ու իրենց ակռաները կրճտեն։ Իսկ միւս կողմէ, «արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն», այսինքն բոլոր ազգերէն, մարդիկ «պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։
Յիսուս կը շարունակէ. ‘Յետինները [անարգուած ոչ–Հրեաները, ինչպէս նաեւ անտեսուած Հրեաները] առաջիններ պիտի ըլլան ու առաջինները [նիւթապէս եւ կրօնապէս նպաստաւոր վիճակ ունեցող Հրեաները] յետիններ պիտի ըլլան’։ Այս ծոյլ ու ապերախտ եղողները յետիններ պիտի ըլլան այն իմաստով՝ թէ անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ երբեք բաժին պիտի չունենան։
Արդ, Փարիսեցիները Յիսուսի կու գան ու կ’ըսեն. «Ելիր ու գնա ասկէ, վասն զի Հերովդէս [Անթիպաս] քեզ սպաննել կ’ուզէ»։ Կրնայ ըլլալ որ Հերովդէս անձամբ այս տարաձայնութեան ծայր տուաւ, որպէսզի Յիսուս փախչի այդ թաղամասէն։ Թերեւս Հերովդէս կը վախնար որ Աստուծոյ ուրիշ մէկ մարգարէին ալ մահուան պատճառ ըլլար, ինչպէս եղած էր Յովհաննէս Մկրտիչի սպանութեան պարագային։ Բայց Յիսուս Փարիսեցիներուն կ’ըսէ. «Գացէ՛ք, այն աղուէսին ըսէք, ահա ես դեւեր կը հանեմ ու բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր եւ վաղը ու երրորդ օրը պիտի լրացնեմ»։
Այդ շրջանին մէջ իր գործը վերջացնելէ ետք, Յիսուս դէպի Երուսաղէմ իր ճամբորդութիւնը կը շարունակէ, քանի որ, ինչպէս ինք կը բացատրէ. «Կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս կորսուի»։ Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալել որ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ սպաննուի։ Քանի որ Երուսաղէմը մայրաքաղաքն է, ուր 71 անհատներէ բաղկացած բարձրագոյն ատեանը՝ Սենետրիոնը, կը գտնուի եւ ուր անասնական զոհեր կը մատուցուին։ Հետեւաբար, անկարելի պիտի ըլլար որ «Աստուծոյ Գառը» Երուսաղէմէն դուրս՝ որեւէ տեղ սպաննուէր։
Յիսուս Երուսաղէմի վրայ կ’ողբայ, ըսելով. «Ով Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։ Աստուծոյ Որդին մերժելով, Հրեայ ազգը կը դատապարտուի։
Դէպի Երուսաղէմ, իր ճամբուն վրայ, Յիսուս Փարիսեցիներու գլխաւորներէն մէկուն տունը կը հրաւիրուի։ Օրը Շաբաթ է, եւ ժողովուրդը մօտէն կը դիտէ զինք, քանի որ հոն մարդ մը կայ, որ ջրգողութենէ՝ թերեւս թեւերուն ու սրունքներուն մէջ ջուրի կուտակումէ՝ կը տառապի։ Յիսուս հոն ներկայ գտնուող Փարիսեցիներուն եւ օրինականներուն ուղղելով իր խօսքը, կ’ըսէ. «Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել»։
Ո՛չ մէկը կը պատասխանէ։ Ուստի Յիսուս մարդը կը բժշկէ ու կը ճամբէ։ Ապա կը հարցնէ. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա շաբաթ օրը»։ Դարձեալ՝ ոչ ոք կը պատասխանէ։ Ղուկաս 13։22–14։6. Յովհաննու 1։29
▪ Յիսուս ի՞նչ բանի կը մատնանշէ որ անհրաժեշտ է փրկութեան համար, եւ ինչո՞ւ շատեր դուրս կը մնան։
▪ Որո՞նք են «յետիններ»ը որոնք առաջիններ կ’ըլլան, եւ «առաջիններ»ը՝ որոնք յետիններ կ’ըլլան։
▪ Հաւանաբար ինչո՞ւ կ’ըսուէր թէ Հերովդէս կ’ուզէր Յիսուսը սպաննել։
▪ Ինչո՞ւ ընդունելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս սպաննուի։