Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս 70–ը քարոզելու կը ղրկէ

Յիսուս 70–ը քարոզելու կը ղրկէ

Գլուխ 72

Յիսուս 70–ը քարոզելու կը ղրկէ

ԱՅԺՄ Հ.Դ. 32–ի աշունն է. լման երեք տարի անցած է Յիսուսի մկրտութենէն։ Յիսուս եւ իր աշակերտները տակաւին վերջերս Երուսաղէմի մէջ Տաղաւարահարաց Տօնին մասնակցած են, եւ այնպէս կը թուի թէ անոնք տակաւին այդ շրջանը կը գտնուին։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր ծառայութեան մնացեալ վեց ամիսները գրեթէ Հրէաստանի, կամ Յորդանան Գետի միւս կողմը գտնուող Բերիա նահանգին մէջ կ’անցընէ։ Այդ թաղամասին մէջ ալ պէտք է ծառայեն։

Արդարեւ, Հ.Դ. 30–ի Պասեքէն ետք, Յիսուս շուրջ ութ ամիս Հրէաստանի մէջ անցուց։ Բայց Հ.Դ. 31–ի Պասեքին, Հրեաները զինք սպաննել փորձելէն ետք, ան յաջորդ մէկուկէս տարին գրեթէ ամբողջութեամբ Գալիլիոյ մէջ սորվեցնելով անցուց։ Այդ միջոցին, ան լաւ մարզուած քարոզիչներու մեծ կազմակերպութիւն մը մէջտեղ բերաւ, որ նախապէս չունէր։ Արդ, ան Հրէաստանի մէջ վկայութեան վերջնական հսկայ արշաւի մը կը ձեռնարկէ։

Յիսուս այս արշաւը կը կատարէ, 70 աշակերտներ ընտրելով եւ զանոնք զոյգ–զոյգ ղրկելով։ Այսպիսով, Թագաւորութեան քարոզիչներու 35 խմբակներ կ’աշխատին թաղամասին մէջ։ Ասոնք կանխաւ կ’երթան այն բոլոր քաղաքներն ու վայրերը, ուր Յիսուս կը ծրագրէ երթալ իր առաքեալներուն ընկերակցութեամբ։

Փոխանակ այս 70 հոգին ժողովարանները ղրկելու, Յիսուս անոնց կ’ըսէ որ անձնական տուները մտնեն, բացատրելով. «Ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ այս տանը’։ Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ»։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց պատգամը. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է»։ Այս 70–ին գործունէութեան մասին, Մէթիու Հէնրիին Մեկնաբանութիւնը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Իրենց Տիրոջ նման, ո՛ւր որ այցելէին, անոնք տունէ տուն կը քարոզէին»։

Յիսուս այս 70–ին, նոյն հրահանգները կու տայ, զորս տուած էր 12–ին, երբ զանոնք տարի մը առաջ Գալիլիոյ մէջ քարոզչութեան արշաւի մը ղրկած էր։ Ան ոչ միայն 70–ը կը զգուշացնէ իրենց դիմագրաւելիք հակառակութեան դէմ, զիրենք պատրաստելով որ պատգամը տանտէրներուն ներկայացնեն, այլ նաեւ՝ հիւանդները բժշկելու զօրութիւն կու տայ անոնց։ Այս կերպով, անոնցմէ քիչ ետք, երբ Յիսուս հասնի, շատեր անհամբեր պիտի ըլլան ծանօթանալու այն Տիրոջ, որուն աշակերտները այսպիսի հոյակապ բաներ ընելու կարող են։

Այս 70–ին քարոզչութիւնը, եւ անոնց ետեւէն Յիսուսի աշխատանքը, յարաբերաբար կարճ ժամանակ կը տեւեն։ Շատ չանցած, Թագաւորութեան քարոզիչներու 35 խմբակները կը վերադառնան Յիսուսի։ «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին», կ’ըսեն ուրախութեամբ։ Ծառայութեան այսպիսի գեղեցիկ տեղեկագրութիւն մը վստահօրէն կ’ոգեւորէ Յիսուսը, քանի որ կը պատասխանէ. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։ Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու . . . վրայ կոխկռտելու»։

Յիսուս գիտէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդէն ետք, վերջին ժամանակին, Սատանան եւ իր դեւերը երկնքէն դուրս պիտի նետուին։ Բայց հիմա, պարզ մարդոց ձեռքով անտեսանելի դեւերուն դուրս նետուիլը, աւելի կը հաստատէ այդ դէպքը։ Հետեւաբար, Յիսուս բացարձակ վստահութեամբ կը խօսի ապագային՝ Սատանային երկնքէն անկումին մասին։ Ուստի, այլաբանական առումով է որ 70–ին իշխանութիւն կու տայ օձերը եւ կարիճները կոխկռտելու։ Այսուհանդերձ, Յիսուս կ’ըսէ. «Բայց դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։

Յիսուս կը ցնծայ եւ հանրապէս կը փառաբանէ իր Հայրը, իր համեստ ծառաները այսքան հզօր կերպով գործածելուն համար։ Իր աշակերտներուն դառնալով, ան կ’ըսէ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին»։ Ղուկաս 10։1-24. Մատթէոս 10։1-42. Յայտնութիւն 12։7-12

Յիսուս իր ծառայութեան առաջին երեք տարիներու ընթացքին ո՞ւր կը քարոզէ, եւ իր վերջին վեց ամիսները ո՞ր թաղամասին մէջ կ’աշխատի։

Մարդիկ գտնելու համար Յիսուս 70 աշակերտները ո՞ւր կ’առաջնորդէ։

Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ որ Սատանան արդէն երկինքէն վար ինկած կը տեսնէր։

Ի՞նչ առումով 70–ը օձեր եւ կարիճներ կը կոխկռտեն։