Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յովհաննէսի հաւատքը տկա՞ր էր

Յովհաննէսի հաւատքը տկա՞ր էր

Գլուխ 38

Յովհաննէսի հաւատքը տկա՞ր էր

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Մկրտիչ, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր բանտն է, Նային քաղաքի այրի կնոջ որդւոյն յարութեան տեղեկութիւնը կը լսէ։ Բայց Յովհաննէս կ’ուզէ ուղղակի Յիսուսէն լսել այս դէպքին նշանակութիւնը, ուստի իր աշակերտներէն երկուքը կը ղրկէ որ Յիսուսի հարցնեն. «Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։

Ատիկա տարօրինակ հարցում մը կը թուի ըլլալ, մանաւանդ քանի որ Յովհաննէս տեսած էր Աստուծոյ հոգւոյն իջնելը Յիսուսի վրայ եւ լսած էր Աստուծոյ հաւանութեան ձայնը երբ կը մկրտէր զինք շուրջ երկու տարի առաջ։ Յովհաննէսի հարցումը կրնայ ոմանց խորհիլ տալ՝ թէ իր հաւատքը տկարացած էր։ Բայց պարագան այդ չէր։ Եթէ Յովհաննէս կասկած ունեցած ըլլար, Յիսուս իր մասին այսքան գովասանքով պիտի չխօսէր։ Արդ, ինչո՞ւ Յովհաննէս կը հարցնէ այս հարցումը։

Թերեւս Յովհաննէս պարզապէս հաստատում մը կ’ուզէ Յիսուսէն թէ ի՛նք է Մեսիան։ Ասիկա շատ քաջալերական պիտի ըլլար Յովհաննէսին համար, մինչ բանտին մէջ կը հիւծէր։ Բայց բացայայտօրէն, Յովհաննէսի հարցումը ասկէ աւելին կը բովանդակէ։ Ան ակներեւաբար կ’ուզէ գիտնալ թէ արդեօք ուրիշ մը պիտի գա՞յ, Մեսիային կողմէ կատարուելիք նախագուշակուած բոլոր բաները ամբողջացնելու համար։

Ըստ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն, որոնց ծանօթ էր Յովհաննէս, Աստուծոյ Օծեալը՝ Թագաւոր մը, Ազատարար մը պիտի ըլլար։ Սակայն Յովհաննէս տակաւին բանտարկուած էր, Յիսուսի մկրտուելէն նոյնիսկ ամիսներ ետք։ Հետեւաբար, Յովհաննէս բացայայտօրէն Յիսուսի կը հարցնէր. ‘Արդեօք դո՞ւն ես ան, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արտակարգ զօրութեամբ պիտի հաստատէ, թէ ոչ ուրիշի մը՝ յաջորդի մը՝ սպասենք, որպէսզի Մեսիայի փառքին հետ կապ ունեցող բոլոր սքանչելի մարգարէութիւնները կատարէ’։

Փոխանակ Յովհաննէսի աշակերտներուն ըսելու՝ ‘Անշուշտ ես եմ ան որ պիտի գար’, Յիսուս ճիշդ այդ պահուն արտակարգ ցուցադրութեամբ մը, բազմաթիւ անհատներ իրենց բոլոր հիւանդութիւններէն եւ ցաւերէն կը բուժէ։ Ապա կ’ըսէ աշակերտներուն. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի»։

Ուրիշ խօսքով, կրնայ ըլլալ որ Յովհաննէսի հարցումը կը բովանդակէր այն ակնկալութիւնը, թէ Յիսուս այն ատեն ըրածէն աւելի բաներ ընէ, եւ թերեւս զինք անձամբ ազատէ բանտէն։ Հետեւաբար, Յիսուս կ’ուզէ հասկցնել Յովհաննէսի, որ իր գործած հրաշքներէն աւելին չակնկալէ։

Երբ Յովհաննէսի աշակերտները կը հեռանան, Յիսուս դառնալով ամբոխին՝ կ’ըսէ թէ Յովհաննէս Մաղաքեայ 3։1ի մէջ նախագուշակուած Եհովայի «դեսպան»ն է, ինչպէս նաեւ Մաղաքեայ 4։5, 6ի մէջ նախագուշակուած՝ Եղիան։ Ան այս կերպով Յովհաննէսը կը գովաբանէ, զայն համեմատելով իրմէ առաջ ապրած մարգարէներուն հետ, եւ կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է։ Ու Յովհաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա»։

Հոս Յիսուս ցոյց կու տայ թէ Յովհաննէս երկնքի Թագաւորութեան մէջ պիտի չըլլայ, քանի որ հոն եղողներէն ամենէն պզտիկը Յովհաննէսէն մեծ պիտի ըլլայ։ Յովհաննէս Յիսուսի համար ճամբան պատրաստեց, սակայն ան մեռաւ առաջ որ Քրիստոս ուխտը՝ կամ համաձայնութիւնը՝ կնքէ իր աշակերտներուն հետ, որպէսզի Թագաւորութեան մէջ անոնք իր իշխանակիցները ըլլան։ Անոր համար Յիսուս կ’ըսէ թէ Յովհաննէս երկնքի Թագաւորութեան մէջ պիտի չըլլայ։ Այլ՝ Յովհաննէս Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային հպատակ մը պիտի ըլլայ։ Ղուկաս 7։18-30. Մատթէոս 11։2-15

Յովհաննէս ինչո՞ւ կը հարցնէ թէ Յիսո՛ւսն է ան որ պիտի գար թէ ուրիշի մը սպասեն։

Յովհաննէս ո՞ր մարգարէութիւնները կատարեց, ըստ Յիսուսի։

Յովհաննէս Մկրտիչ ինչո՞ւ երկնքի մէջ Յիսուսի հետ պիտի չըլլայ։