Յովհաննէս կը պզտիկնայ՝ Յիսուս կը մեծնայ
Գլուխ 18
Յովհաննէս կը պզտիկնայ՝ Յիսուս կը մեծնայ
ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջան 30–ի գարնան, Պասեքի տօնակատարութենէն ետք, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմէ կը մեկնին։ Սակայն, անոնք Գալիլիա իրենց տուները չեն վերադառնար, այլ՝ Հրէաստանի երկիրը կ’երթան, ուր մկրտութիւն կ’ընեն։ Յովհաննէս Մկրտիչ արդէն տարիէ մը ի վեր այս գործը կ’ընէ եւ տակաւին աշակերտներ ունի, որոնք իրեն կ’ընկերակցին։
Իրականութեան մէջ, Յիսուս անձնապէս մկրտութիւն չ’ըներ, այլ, իր առաջնորդութեան ներքեւ, իր աշակերտները կը մկրտեն։ Իրենց կատարած մկրտութիւնը Յովհաննէսի մկրտութեան իմաստը ունի. Հրեաներուն համար անիկա կը խորհրդանշէ Աստուծոյ Օրէնքի ուխտին հանդէպ իրենց կատարած մեղքերուն համար՝ զղջում։ Սակայն իր յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն կը պատուիրէ որ տարբեր նշանակութիւն ունեցող մկրտութիւն մը կատարեն։ Ներկայիս, քրիստոնէական մկրտութիւնը կը խորհրդանշէ Եհովա Աստուծոյ ծառայելու անհատի մը նուիրումը։
Սակայն, Յիսուսի ծառայութեան սկզբնական այս շրջանին, թէ՛ Յովհաննէս եւ թէ ինք, թէեւ միասին չեն աշխատիր, սակայն զղջացողներուն կը սորվեցնեն եւ զանոնք կը մկրտեն։ Բայց Յովհաննէսի աշակերտները կը սկսին նախանձիլ եւ գանգատիլ Յիսուսի վրայով, ըսելով. «Ռա՛բբի, . . . ահա ինք կը մկրտէ եւ ամէնքը անոր կ’երթան»։
Փոխանակ նախանձելու, Յովհաննէս կ’ուրախանայ Յիսուսի յաջողութեան վրայ եւ կ’ուզէ որ իր աշակերտներն ալ ուրախանան։ Ուստի անոնց կը յիշեցնէ, ըսելով. «Դուք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար, որ ըսի թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ, հապա անոր առջեւէն ղրկուած եմ’»։ Ապա գեղեցիկ օրինակ մը գործածելով կ’ըսէ. «Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ’ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի ահա իմ ուրախութիւնս լեցուած է»։
Յովհաննէս՝ որպէս Փեսային բարեկամը, գրեթէ վեց ամիս առաջ ուրախացաւ, երբ իր աշակերտները ներկայացուց Յիսուսի։ Անոնցմէ ոմանք Քրիստոսի երկնային հարս դասակարգի ապագայ անդամները եղան, որ հոգիով օծուած Քրիստոնեաներէ պիտի բաղկանար։ Յովհաննէս կ’ուզէ որ իր քովի աշակերտներն ալ Յիսուսի հետեւին, քանի որ իր նպատակն է Քրիստոսի յաջող ծառայութեան համար ճամբան պատրաստել։ Ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչ կը բացատրէ. «Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտիկնամ»։
Յիսուսի նոր աշակերտը՝ Յովհաննէս, որ նախապէս Յովհաննէս Մկրտիչին աշակերտը եղած է, Յիսուսի ծագումին եւ մարդկութեան փրկութեան մէջ անոր խաղցած կարեւոր դերին մասին կը գրէ, ըսելով. «Ան որ վերէն կու գայ՝ ամենէն վեր է . . . Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան անոր ձեռքը տրուած է։ Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ»։
Իր գործունէութեան նուազելուն մասին խօսելէն քիչ ետք, Յովհաննէս կը ձերբակալուի Հերովդէս Թագաւորին կողմէ։ Հերովդէս իր եղբօր Փիլիպպոսի կինը՝ Հերովդիան, որպէս կին առած է եւ երբ Յովհաննէս անոր արարքները հանրապէս անպատշաճ կ’որակէ, Հերովդէս զինք բանտ նետել կու տայ։ Երբ Յիսուս Յովհաննէսի ձերբակալուիլը կը լսէ, իր աշակերտներուն հետ Հրէաստանը ձգելով Գալիլիա կու գայ։ Յովհաննու 3։22–4։3. Գործք 19։4. Մատթէոս 28։19. Բ. Կորնթացիս 11։2. Մարկոս 1։14. 6։17-20
▪ Իր յարութենէն առաջ Յիսուսի առաջնորդութեան ներքեւ կատարուած մկրտութեան նշանակութիւնը ի՞նչ է։
▪ Յովհաննէս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ իր աշակերտներուն գանգատը արդարացի չէ։
▪ Յովհաննէս ինչո՞ւ բանտ կը դրուի։