Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յովհաննէս ճամբան կը պատրաստէ

Յովհաննէս ճամբան կը պատրաստէ

Գլուխ 11

Յովհաննէս ճամբան կը պատրաստէ

ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ տարեկանին, տաճարին մէջ վարդապետներուն հարցուփորձելէն տասնըեօթը տարիներ անցած են։ Արդ Հ.Դ. 29–ի գարունն է, եւ այնպէս կը թուի թէ, ամէն մարդ Յիսուսի զարմիկին՝ Յովհաննէսի մասին կը խօսի։ Ան Յորդանան Գետին ամբողջ շրջանին մէջ կը քարոզէ։

Արդարեւ, Յովհաննէս շատ տպաւորիչ մարդ մըն է, թէ՛ երեւոյթով եւ թէ իր խօսակցութեամբ։ Անոր հանդերձը ուղտի մազէ շինուած է եւ մէջքին ալ կաշիէ գօտի մը ունի. իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր է։ Իսկ ի՞նչ է իր պատգամը։ «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։

Այս պատգամը կը խանդավառէ իր ունկնդիրները։ Շատե՜ր կարիքը կը զգան ապաշխարելու կամ զղջալու, այսինքն, իրենց կեցուածքը փոխելու եւ իրենց անցեալի կեանքը մերժելու՝ որպէս անփափաքելի ընթացք մը։ Ուստի, Յորդանանի չորս կողմերէն, նոյնիսկ Երուսաղէմէն, մարդիկ Յովհաննէսի կու գան մեծ թիւերով, եւ ան կը մկրտէ զանոնք Յորդանանի խորունկ ջուրերուն մէջ մխրճելով։ Ինչո՞ւ։

Յովհաննէս մարդիկը կը մկրտէ, Աստուծոյ Օրէնքի ուխտին հանդէպ իրենց գործած մեղքերուն համար սրտանց զղջումի որպէս գիտակցութիւն կամ խորհրդանիշ։ Հետեւաբար, երբ կարգ մը Սադուկեցիներ եւ Փարիսեցիներ կու գան Յորդանան, Յովհաննէս կը դատապարտէ զանոնք։ «Իժերո՛ւ ծնունդներ», կ’ըսէ ան։ «Ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք. եւ մի՛ խորհիք դուք ձեր ներսիդին, թէ ‘Մենք մեզի հայր՝ Աբրահամը ունինք’. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։ Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի»։

Տեսնելով Յովհաննէսի ժողովրդականութիւնը, Փարիսեցիները իր քով կը ղրկեն քահանաներ ու Ղեւտացիներ։ Անոնք կը հարցնեն. «Դուն ո՞վ ես»։

«Ես Քրիստոսը չեմ», կը խոստովանի Յովհաննէս։

«Հապա ո՞վ», կը հարցնեն անոնք. «Եղիա՞ն ես»։

«Չեմ», կը պատասխանէ ան։

«Այն մարգարէ՞ն ես»։

«Ո՛չ»։

Այն ատեն կը պնդեն, ըսելով. «Դուն ո՞վ ես. ըսէ՛ մեզի, որպէս զի պատասխան տանինք մեզի ղրկողներուն. դուն ի՞նչ կ’ըսես քեզի համար»։

Յովհաննէս կը բացատրէ. «Ես անոր ձայնն եմ, որ անապատին մէջ կը կանչէ. ‘Շտկեցէք Տէրոջը ճամբան’, ինչպէս Եսայի մարգարէն ըսաւ»։

«Հապա ինչո՞ւ մկրտութիւն կ’ընես, եթէ դուն Քրիստոսը չես ու ո՛չ Եղիան եւ ո՛չ մարգարէն», կ’ուզեն գիտնալ անոնք։

«Ես ջրով կը մկրտեմ», կը պատասխանէ ան։ «Բայց ձեր մէջ մէկը կայ, որ դուք չէք ճանչնար. անիկա է իմ ետեւէս եկողը»։

Յովհաննէս ճամբան կը պատրաստէ ժողովուրդը պատշաճ սրտի վիճակի մը ուղղելով, որպէսզի ընդունին Մեսիան, որ Թագաւոր պիտի ըլլայ։ Ասոր մասին Յովհաննէս կ’ըսէ. «Իմ ետեւէս եկողը ինծմէ զօրաւոր է։ Ես անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ»։ Արդարեւ, Յովհաննէս նոյնիսկ կ’ըսէ. «Անիկա է իմ ետեւէս եկողը, որ ինծմէ առաջ եղաւ»։

Հետեւաբար, Յովհաննէսի՝ «երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է» պատգամը, որպէս հանրային ազդարարութիւն կը ծառայէ, թէ Եհովայի նշանակած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի, ծառայութիւնը սկսելու վրայ է։ Յովհաննու 1։6-8, 15-28. Մատթէոս 3։1-12. Ղուկաս 3։1-18. Գործք 19։4

Յովհաննէս ի՞նչպիսի մարդ մըն է։

Յովհաննէս ինչո՞ւ կը մկրտէ մարդիկը։

Յովհաննէս ինչո՞ւ կրնայ ըսել թէ երկնքի Թագաւորութիւնը մօտեցած է։