Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներողամտութեան դաս մը

Ներողամտութեան դաս մը

Գլուխ 64

Ներողամտութեան դաս մը

ԵՐԵՒՈՒԹԱՊԷՍ Յիսուս տակաւին Կափառնայումի տան մէջ է, իր աշակերտներուն հետ։ Անոնց հետ կը խօսի եղբայրներու միջեւ յարուցուած խնդիրները ի՛նչպէս ձեռք առնուելու մասին, ուստի Պետրոս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր»։ Քանի որ Հրեայ կրօնական ուսուցիչները կ’առաջարկեն մինչեւ երեք անգամ ներել, հաւանաբար Պետրոս իր կողմէ շատ առատաձեռնութիւն կը նկատէ, թելադրելով՝ «մինչեւ եօ՞թը անգամ»։

Սակայն այսպիսի արձանագրութիւն մը պահելու գաղափարն իսկ սխալ է։ Յիսուս կը սրբագրէ Պետրոսը, ըսելով. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը [«եօթանասունեօթը անգամ», ՆԱ]»։ Ան ցոյց կու տայ թէ Պետրոս իր եղբօրը քանի անգամ ներելու համար չափ պէտք չէ դնէ։

Իր աշակերտներուն մտքին մէջ ներողամիտ ըլլալու պարտաւորութիւնը տպաւորելու համար, Յիսուս անոնց առակ մը կու տայ։ Անիկա թագաւորի մը մասին է, որ իր ծառաներէն հաշիւ կը պահանջէ։ Ծառայ մը կը բերուի իրեն, որ 60,000,000 դահեկանի հսկայական պարտք մը ունի։ Ան որեւէ կերպով կարելիութիւնը չունի այս պարտքը վճարելու։ Ուստի, ինչպէս Յիսուս կը բացատրէ, թագաւորը կը հրամայէ որ ան, անոր կինը եւ զաւակները ծախուին, որպէսզի վճարումը կարելի ըլլայ։

Ասոր վրայ, ծառան իր տիրոջ ոտքերուն կ’իյնայ ու կը պաղատի. «Տէ՛ր, համբերէ ինծի եւ ամէնը քեզի վճարեմ»։

Խղճալով անոր վրայ, տէրը ողորմածօրէն կը շնորհէ ծառային հսկայական պարտքը։ Սակայն, այս դէպքէն անմիջապէս ետք, կը շարունակէ Յիսուս, ծառան կ’երթայ եւ կը գտնէ ծառայակից մը որ միայն 100 դահեկան պարտք ունի իրեն։ Այս մարդը իր ծառայակիցին կոկորդին կը փակի ու կը սկսի խեղդել զայն, ըսելով. «Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ»։

Բայց իր ծառայակիցը դրամ չունի։ Ուստի, ան ծառայ պարտատիրոջ ոտքերուն կ’իյնայ ու կը պաղատի. «Համբերէ ինծի ու քեզի վճարեմ»։ Իր տիրոջ հակառակը, այս ծառան ողորմած չէ ու իր ծառայակիցը բանտը նետել կու տայ։

Յիսուս կը շարունակէ ըսելով թէ՝ երբ միւս ծառաները կը տեսնեն պատահածը, կ’երթան ու տիրոջ կը պատմեն եղելութիւնը։ Տէրը բարկութեամբ իր քով կը կանչէ ծառան։ Ան կ’ըսէ. «Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ»։ Տէրը զայրանալով, անողորմ ծառան դահիճներուն կը յանձնէ, մինչեւ որ բոլոր պարտքը վճարէ։

Ապա Յիսուս կ’եզրափակէ, ըսելով. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։

Ներողամտութեան ի՜նչ գեղեցիկ դաս մը։ Աստուծոյ մեզի շնորհած մեղքի պարտքին հետ բաղդատած, Քրիստոնեայ եղբօր մը մեզի հանդէպ գործած որեւէ մեղք, արդարեւ պզտիկ է։ Ասկէ զատ, Եհովա Աստուած հազարաւոր անգամներ ներած է մեզի։ Յաճախ, իրեն հանդէպ մեր գործած մեղքերուն գիտակից իսկ չենք։ Հետեւաբար, չե՞նք կրնար մեր եղբօր ներել քանի մը անգամ, եթէ նոյնիսկ իրաւացիօրէն գանգատելու պատճառ մը ունինք։ Յիշեցէք որ, ինչպէս Յիսուս Լերան Քարոզին մէջ սորվեցուց, Աստուած ‘մեզի պիտի ներէ մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն’։ Մատթէոս 18։21-35. 6։12. Կողոսացիս 3։13

Ի՞նչ բան կը մղէ որ Պետրոս իր եղբօր ներելու մասին հարցնէ, եւ ան ինչո՞ւ մինչեւ եօթը անգամ ներելու իր թելադրութիւնը առատաձեռնութիւն կը նկատէ։

Ծառային աղաչանքին հանդէպ թագաւորին ընդառաջումը ի՞նչպէս տարբեր է ծառայակիցի մը աղաչանքին հանդէպ ծառային ընդառաջումէն։

Յիսուսի առակէն ի՞նչ կը սորվինք։