Նիկոդէմոսի կը Սորվեցնէ
Գլուխ 17
Նիկոդէմոսի կը սորվեցնէ
ԵՐԲ Յիսուս Հ.Դ. 30–ի Պասեքին ներկայ կ’ըլլայ, ան աչքառու հրաշքներ կամ նշաններ կ’ընէ։ Առ ի հետեւանք, շատեր կը հաւատան իրեն։ Նիկոդէմոս, Սենետրիոնի՝ հրէական բարձրագոյն ատեանի՝ անդամներէն մէկը, մեծապէս տպաւորուած, կ’ուզէ աւելին գիտնալ։ Ուստի, ան Յիսուսի քով կու գայ գիշերուան մութին, հաւանաբար վախնալով որ եթէ տեսնուի, իր վարկը կրնայ կորսնցնել Հրեայ միւս առաջնորդներուն քով։
Ան կ’ըսէ. «Ռա՛բբի, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես, վասն զի մէկը չի կրնար ընել այն հրաշքները, որոնք դուն կ’ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ»։ Առ ի պատասխան, Յիսուս կ’ըսէ Նիկոդէմոսի թէ անհատ մը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնելու համար պէտք է ‘նորէն ծնանի’։
Բայց անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ նորէն ծնանիլ։ «Հնարաւո՞ր բան է, որ նորէն իր մօրը որովայնը մտնէ ու ծնանի», կը հարցնէ Նիկոդէմոս։
Ո՜չ, նորէն ծնանելուն իմաստը այդ չէ։ Յիսուս կը բացատրէ, ըսելով. «Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ իր վրայ սուրբ հոգին եկաւ, ան «ջուրէն ու Հոգիէն» ծնաւ։ ‘Ասիկա իմ Որդիս է, որուն հաւնեցայ’, այս երկնային յայտարարութիւնով Աստուած ծանուցանեց թէ ինք հոգեւոր որդի մը ունեցած էր, որ երկնային Թագաւորութիւնը մտնելու ակնկալութիւնը ունէր։ Հետագային, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, ուրիշ մկրտուողներ ալ սուրբ հոգին պիտի ստանան ու այս կերպով նորէն պիտի ծնանին, որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիները։
Բայց Աստուծոյ մարդկային մասնայատուկ Որդւոյն դերը կենսական է։ Յիսուս կ’ըսէ Նիկոդէմոսի. «Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Այո, ինչպէս թունաւոր օձերէն խայթուած Իսրայելացիները պէտք էր պղինձէ օձին նայէին փրկուելու համար, նոյնպէս ալ բոլոր մարդիկը պէտք է հաւատան Աստուծոյ Որդւոյն, որպէսզի իրենց մահկանացու վիճակէն փրկուին։
Այս կարգադրութեան մէջ Եհովայի սիրալիր դերը շեշտելով, Յիսուս կը շարունակէ ըսել Նիկոդէմոսի. «Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Այս կերպով, հոս Երուսաղէմի մէջ, իր ծառայութեան ձեռնարկելէն ճիշդ վեց ամիս ետք, Յիսուս յստակ կերպով ցոյց կու տայ թէ ինք Եհովա Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած է մարդկութիւնը փրկելու համար։
Յիսուս կը շարունակէ բացատրել Նիկոդէմոսի. «Վասն զի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ», այսինքն, զայն դատապարտէ, մարդկային ցեղը կործանումի արժանացնելով։ Այլ՝ ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, ինք ղրկուած էր ‘որպէս զի աշխարհ իրմով փրկուի’։
Նիկոդէմոս մթութեան ծածկոցին տակ, վախով եկած է Յիսուսի։ Ուստի հետաքրքրականօրէն Յիսուս իր խօսակցութիւնը կ’աւարտէ, ըսելով. «Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը [որ Յիսուս իր կեանքին եւ ուսուցումներուն մէջ անձնաւորեց] աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։ Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։ Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։ Յովհաննու 2։23–3։21. Մատթէոս 3։16, 17. Գործք 2։1-4. Թուոց 21։9
▪ Ի՞նչ է Նիկոդէմոսի այցելութեան դրդապատճառը, եւ ան ինչո՞ւ գիշեր ատեն կու գայ։
▪ Ի՞նչ կը նշանակէ ‘նորէն ծնանիլ’։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որպէս ‘փրկիչ’ իր դերը։
▪ Յիսուս աշխարհը դատելու չեկաւ ըսելով, ի՞նչ կը հասկնանք։