Նկանակներն ու թթխմորը
Գլուխ 58
Նկանակներն ու թթխմորը
ՄԵԾ բազմութիւններ խռնուած են Յիսուսի շուրջ՝ Դեկապոլիսի մէջ։ Շատեր՝ հեռաւոր վայրերէ եկած են մեծաւ մասամբ հեթանոսաբնակ այս շրջանը, իրեն ունկնդրելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բուժուելու համար։ Անոնք իրենց հետ մեծ կողովներ կամ զամբիւղներ բերած են, որոնց մէջ սովորաբար ուտեստեղէն կը դնեն, երբ հեթանոսական շրջաններ կը ճամբորդեն։
Սակայն, վերջապէս Յիսուս իր քով կը կանչէ իր աշակերտները եւ կ’ըսէ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի հիմա երեք օր է, որ իմ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու»։
Աշակերտները կը հարցնեն. «Այս անապատին մէջ ուրկէ՞ կրնայ մէկը հացով կշտացնել զանոնք»։
Յիսուս անոնց հարց կու տայ. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։
Անոնք կը պատասխանեն. «Եօթը ու քանի մը մանր ձուկեր»։
Ժողովուրդին պատուիրելով որ գետինը նստի, Յիսուս նկանակները եւ ձուկերը կ’առնէ, Աստուծոյ կ’աղօթէ եւ կտրելով իր աշակերտներուն կու տայ։ Անոնք, իրենց կարգին, ժողովուրդին կը բաժնեն, որ կ’ուտէ ու կը յագենայ։ Վերջանալէն ետք, երբ կտորուանքները կը ժողվեն, եօթը զամբիւղ կը լեցուի, հակառակ անոր որ շուրջ 4,000 այրեր, ինչպէս նաեւ կիներ եւ երախաներ կերած են։
Յիսուս ամբոխը կը ցրուէ, աշակերտներուն հետ նաւ կը նստի եւ Գալիլիոյ արեւմտեան ափը կ’անցնի։ Հոն Փարիսեցիները՝ որոնց այս անգամ ընկերակցած էին Սադուկեցիներու աղանդէն եղող կրօնաւորներ՝ կը ջանան Յիսուսը փորձել, անկէ խնդրելով որ երկնքէն նշան մը ցոյց տայ իրենց։
Հասկնալով որ անոնք կը ջանան զինք փորձել, Յիսուս կը պատասխանէ. «Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ ‘Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է’։ Եւ առտուն՝ ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է’։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանակներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ»։
Ասոր վրայ, Յիսուս զիրենք չար եւ շնացող սերունդ կը կոչէ, եւ ինչպէս նախապէս Փարիսեցիներուն ըսած էր, անոնց կը զգուշացնէ որ Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան մը պիտի չտրուի իրենց։ Անկէ մեկնելով, ինք եւ իր աշակերտները նաւ մը կը նստին եւ Գալիլիոյ Ծովուն հիւսիս–արեւելեան ափը գտնուող Բեդսայիդան կ’անցնին։ Ճամբու ընթացքին, աշակերտները կը նկատեն որ մոռցած են իրենց հետ հաց առնել, եւ թէ միայն մէկ նկանակ ունին իրենց քով։
Փարիսեցիներուն եւ Հերովդէսի թիկունք կանգնող Սադուկեցիներուն հետ իր ունեցած տեսակցութիւնը ի մտի ունենալով, Յիսուս կը խրատէ, ըսելով. «Նայեցէք ու զգուշացէք փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու խմորէն»։ Ակներեւաբար, խմորի յիշատակութիւնը աշակերտներուն խորհիլ կու տայ թէ Յիսուս հացը մոռցած ըլլալնուն կ’ակնարկէ, ուստի կը սկսին այս մասին իրարու հետ վիճիլ։ Անոնց թիւրիմացութիւնը նկատելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ կը խորհիք թէ հաց չունիք»։
Յիսուս տակաւին վերջերս, մէկ կամ երկու օր առաջ, հրաշալիօրէն հաց հայթայթած էր հազարաւորներու, թերեւս իր վերջին հրաշքը կատարելով։ Անոնք պէտք էր գիտնային որ Յիսուս բառացի հացի պակասով հետաքրքրուած չէր։ «Չէ՞ք յիշեր, երբ հինգ նկանակը հինգ հազարին կտրեցի։ Քանի՞ կողով լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։
«Տասներկու», կը պատասխանեն անոնք։
«Ու երբ եօթը նկանակը չորս հազարին կտրեցի, քանի՞ զամբիւղ լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։
«Եօթը», կ’ըսեն անոնք։
«Հապա ի՞նչպէս չէք հասկնար», կը հարցնէ Յիսուս։ «Ինչպէ՞ս չէք հասկնար թէ ես հացի համար չըսի ձեզի՝ փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու խմորէն զգոյշ կենալ»։
Աշակերտները վերջապէս կը հասկնան։ Թթխմորը, որ խմորում կը պատճառէ եւ հացը կ’ուռեցնէ, յաճախ կը գործածուէր ապականութեան ակնարկելու համար։ Արդ, աշակերտները կը հասկնան որ Յիսուս զայն որպէս խորհրդանիշ կը գործածէ, այսինքն՝ զիրենք կը զգուշացնէ «փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու վարդապետութենէն», որոնց ուսուցումները ապականիչ ազդեցութիւն մը ունին։ Մարկոս 8։1-21. Մատթէոս 15։32–16։12
▪ Մարդիկ ինչո՞ւ իրենց հետ ուտեստեղէնի մեծ զամբիւղներ ունին։
▪ Դեկապոլիսէն մեկնելէ ետք, Յիսուս նաւով ի՞նչ ճամբորդութիւններ կը կատարէ։
▪ Աշակերտները ի՞նչ սխալ հասկացողութիւն մը կ’ունենան թթխմորի նկատմամբ Յիսուսի բացատրութեան մասին։
▪ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ «փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու խմոր»ը արտայայտութեամբ։