Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շաբաթ օրը ի՞նչ ընելը օրինաւոր է

Շաբաթ օրը ի՞նչ ընելը օրինաւոր է

Գլուխ 32

Շաբաթ օրը ի՞նչ ընելը օրինաւոր է

ԴԱՐՁԵԱԼ Շաբաթ օր մը, Յիսուս կ’այցելէ Գալիլիոյ Ծովուն մօտ գտնուող ժողովարան մը։ Հոն, աջ ձեռքը չորցած մարդ մը կայ։ Դպիրները եւ Փարիսեցիները ուշի ուշով կը հետեւին թէ Յիսուս պիտի բուժէ՞ զինք։ Վերջապէս, կը հարցնեն. «Շաբաթ օրը բժշկել արժա՞ն է»։

Հրեայ կրօնական առաջնորդները կը հաւատան որ Շաբաթ օրը օրինաւոր է բժշկել միայն՝ երբ անհատի մը կեանքը վտանգի տակ է։ Օրինակի համար, անոնք կը սորվեցնեն որ օրինաւոր չէ Շաբաթ օրը տեղէն ելած ոսկոր մը տեղը դնել, կամ վէրք մը փաթթել։ Ուստի, դպիրները եւ Փարիսեցիները Յիսուսը կը հարցաքննեն, ջանալով իր վրայ յանցանք մը գտնել։

Սակայն Յիսուս գիտէ անոնց խորհուրդները։ Միեւնոյն ատեն, ան կ’անդրադառնայ որ Շաբաթ օրը չաշխատելու օրէնքը բռնաբարելու վրայով, անոնք ծայրայեղ եւ ոչ սուրբ գրային տեսակէտ մը որդեգրած են։ Ուստի Յիսուս շշմեցուցիչ բանավէճի մը համար բեմը կը պատրաստէ, ձեռքը չորցած մարդուն ըսելով. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։

Արդ, դառնալով դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն, Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ, որ ոչխար մը ունենայ եւ անիկա շաբաթ օրը փոսի մէջ իյնայ, չի բռներ ու վեր հաներ զանիկա»։ Քանի որ ոչխար մը դրամական ներդրում մը կը ներկայացնէ, զայն մինչեւ յաջորդ օրը փոսին մէջ չէին ձգեր, որպէսզի հիւանդանալով իր արժէքը չկորսնցնէր։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի»։

Բաղդատութիւն մը ընելով, Յիսուս կը շարունակէ. «Արդ՝ ո՜րչափ աւելի է մարդը ոչխարէն։ Ուրեմն շաբաթ օրը բարի գործել արժան է»։ Չկարենալով այսպիսի տրամաբանական եւ կարեկից խօսք մը դրժել, կրօնական առաջնորդները կը լռեն։

Ցասումով, ինչպէս նաեւ անոնց յամառ յիմարութեան վրայ ցաւ զգալով, Յիսուս իր շուրջը կը նայի եւ ապա կ’ըսէ մարդուն. «Երկնցուր ձեռքդ»։ Մարդը ձեռքը կ’երկնցնէ եւ կը բժշկուի։

Փոխանակ ուրախանալու որ մարդուն ձեռքը բժշկուեցաւ, Փարիսեցիները անմիջապէս կը մեկնին եւ Հերովդէսեաններուն հետ խորհուրդ կ’ընեն որ Յիսուսը սպաննեն։ Քաղաքական այս կուսակցութեան մէջ հաւանաբար Սադուկեցւոց կրօնական աղանդի անդամներէն կային։ Այս քաղաքական կուսակցութիւնը եւ Փարիսեցիները սովորաբար իրարու շատ հակառակ են, սակայն Յիսուսի հակառակելու համար սերտօրէն իրարու կը միանան։ Մատթէոս 12։9-14. Մարկոս 3։1-6. Ղուկաս 6։6-11. Առակաց 12։10. Ելից 20։8-10

Ի՞նչպիսի թատերաբեմ մը կը պատրաստուի Յիսուսի եւ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն միջեւ բանավէճի մը համար։

Շաբաթ օրը բուժում կատարելու խնդրին մէջ ի՞նչ է Հրեաներուն հաւատքը։

Անոնց սխալ տեսակէտը դրժելու համար Յիսուս ի՞նչ օրինակ կը գործածէ։