Շաբաթ օրով բարի գործեր կ’ընէ
Գլուխ 29
Շաբաթ օրով բարի գործեր կ’ընէ
ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջան 31–ի գարունն է։ Քանի մը ամիսներ անցած են այն ժամանակէն, երբ Յիսուս Սամարիոյ ջրհորին քով կնոջ մը հետ խօսած էր, Հրէաստանէ Գալիլիա ճամբորդած ժամանակ։
Այժմ, ամբողջ Գալիլիոյ մէջ լայնօրէն սորվեցնելէ ետք, Յիսուս դարձեալ կը վերադառնայ Հրէաստան եւ ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէ։ Գալիլիոյ մէջ իր կատարած ծառայութեան տրուած ուշադրութեան հետ բաղդատած, Աստուածաշունչը շատ բան չ’ըսեր այս այցելութեան եւ նախորդ Պասեքէն ետք Հրէաստանի մէջ կատարած իր գործունէութեան մասին։ Բացայայտօրէն, Հրէաստանի մէջ իր ծառայութիւնը նոյն ընդառաջումը չունեցաւ, ինչ որ ունեցած էր Գալիլիոյ մէջ։
Շատ չանցած, Յիսուս Հրէաստանի գլխաւոր քաղաքը՝ Երուսաղէմ կ’երթայ, Հ.Դ. 31–ի Պասեքին համար։ Հոն, քաղաքին Ոչխարներու Դրան մօտ աւազան մը կայ, որ կը կոչուի Բեթհեզդա, ուր բազմաթիւ հիւանդներ, կոյրեր եւ կաղեր կու գան։ Անոնք կը հաւատան որ մարդիկ կրնան բուժուիլ, երբ ջուրերը խառնուած ատեն աւազանին մէջ մտնեն։
Շաբաթ օր մըն է. Յիսուս աւազանին քով մարդ մը կը տեսնէ, որ 38 տարիէ ի վեր հիւանդ է։ Մարդուն երկարատեւ հիւանդութեան մասին տեղեակ ըլլալով, Յիսուս կը հարցնէ. «Կ’ուզե՞ս առողջանալ»։
«Տէ՛ր, մարդ մը չունիմ որ երբ ջուրերը խառնուին՝ զիս աւազանը ձգէ ու քանի որ ես ծանր կը շարժիմ, ինծմէ առաջ ուրիշ մը կ’իջնէ», կը պատասխանէ ան։
Յիսուս կ’ըսէ իրեն. «Ելի՛ր, մահիճդ առ ու քալէ»։ Մարդը անմիջապէս կ’առողջանայ եւ մահիճը կ’առնէ ու կը սկսի քալել։
Բայց երբ Հրեաները կը տեսնեն մարդը, կ’ըսեն. «Շաբաթ է եւ ներելի չէ որ մահիճդ վերցնես»։
Մարդը կը պատասխանէ անոնց. «Ան որ զիս բժշկեց՝ ի՛նք ինծի ըսաւ՝ ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։
«Ո՞վ է այն մարդը, որ քեզի ըսաւ, ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’», կը հարցնեն անոր։ Յիսուս բազմութեան պատճառաւ մէկդի քաշուած է եւ բժշկուողը չի գիտեր Յիսուսի անունը։ Վերջը, Յիսուս մարդուն կը հանդիպի տաճարին մէջ եւ մարդը կը գիտնայ թէ ո՛վ է զինք բժշկողը։
Ուստի, մարդը կ’երթայ եւ Հրեաներուն կ’ըսէ, թէ զինք բժշկողը Յիսուս կը կոչուի։ Ասիկա լսելով, Հրեաները կ’երթան Յիսուսի քով։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք գիտնալու համար թէ ինք այս սքանչելի բաները ի՞նչպէս կրնայ ընել։ Ո՛չ. այլ, իր այս բարի գործերը Շաբաթ օրը ըրած ըլլալուն համար, իր վրայ յանցանք գտնելու համար։ Անոնք նոյնիսկ կը սկսին հալածել զինք։ Ղուկաս 4։45, ՆԱ. Յովհաննու 5։1-16
▪ Շուրջ որքա՞ն ատեն է որ Յիսուս վերջին անգամ Հրէաստան այցելած է։
▪ Ինչո՞ւ Բեթհեզդա կոչուած աւազանը շատ հռչակաւոր է։
▪ Յիսուս ի՞նչ հրաշք կը կատարէ աւազանին քով, եւ Հրեաներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ կ’ըլլայ։