Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շաբաթ օրով ցորեն կը փրցնեն

Շաբաթ օրով ցորեն կը փրցնեն

Գլուխ 31

Շաբաթ օրով ցորեն կը փրցնեն

ՅԻՍՈՒՍ եւ իր աշակերտները շուտով կը ձգեն Երուսաղէմը եւ Գալիլիա կը վերադառնան։ Գարուն է եւ դաշտերուն մէջ հասկերուն վրայ ցորենի հատիկներ կան։ Աշակերտները անօթի են։ Ուստի ցորենի հասկեր կը փրցնեն եւ կ’ուտեն։ Բայց քանի որ օրը Շաբաթ է, անոնց արարքը աչքի կը զարնէ։

Երուսաղէմի կրօնական առաջնորդները տակաւին քիչ առաջ ուզած էին Յիսուսը սպաննել, Շաբաթը բռնաբարած ըլլալուն ենթադրութեամբ։ Արդ, Փարիսեցիները կը սկսին ամբաստանել։ «Ահա քու աշակերտներդ կը գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ շաբաթ օրը գործել», կ’ըսեն անոնք։

Փարիսեցիներուն համար ցորենի հասկեր փրցնելը եւ ուտելու համար ափին մէջ շփելը՝ հնձելու եւ կամնելու համազօր է։ Բայց աշխատանքին ինչ ըլլալուն մասին անոնց տուած խիստ մեկնութիւնը, Շաբաթը բեռ մը դարձուցած է, մինչդեռ անիկա ուրախութեան եւ հոգեւոր կերտումի ժամանակ մը պէտք էր ըլլար։ Ուստի, Յիսուս սուրբ գրային օրինակներ տալով, կը նշէ թէ բնա՛ւ Եհովա Աստուծոյ նպատակը չէր, որ Իր Շաբաթի օրէնքը այսքան խիստ եւ անտեղի կերպով կիրարկուէր։

Յիսուս կ’ըսէ թէ երբ Դաւիթ եւ իր մարդիկը անօթեցան, սրբարանը մտան եւ առաջաւորութեան հացերը կերան։ Թէեւ այդ հացերը Եհովայի առջեւէն կը վերցուէին եւ թարմ հացերով կը փոխարինուէին, սակայն անոնք սովորաբար վերապահուած կ’ըլլային քահանաներուն։ Այսուհանդերձ, այս պարագային, Դաւիթ եւ իր մարդիկը չդատապարտուեցան։

Ուրիշ օրինակ մըն ալ տալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացեր, որ քահանաները շաբաթ օրերը տաճարին մէջ շաբաթը կը պղծեն ու անմեղ են»։ Այո, նոյնիսկ Շաբաթ օրը քահանաները տաճարին մէջ կը մորթեն եւ ուրիշ գործեր կ’ընեն, անասնական զոհերը պատրաստելու համար։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ այստեղ տաճարէն մեծ մէկը կայ»։

Փարիսեցիները յանդիմանելով՝ Յիսուս կը շարունակէ. «Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ ըսել է ‘ողորմութիւն կ’ուզեմ ու ո՛չ թէ զոհ’, այն ատեն անպարտները չէիք դատապարտեր»։ Ապա կ’եզրակացնէ. «Քանզի Որդին մարդոյ շաբաթին տէրն է»։ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Յիսուս կ’ակնարկէ իր հազարամեայ խաղաղ թագաւորական իշխանութեան։

Մարդկութիւնը 6,000 տարիներէ ի վեր՝ Բանսարկու Սատանայի ստրկութեան ներքեւ կը հառաչէ, բռնութիւնն ու պատերազմը առօրեայ կեանքին մէկ մասը ըլլալով։ Իսկ միւս կողմէ, Քրիստոսի շաբաթական մեծ իշխանութիւնը այս բոլոր տառապանքներէն եւ ճնշումներէն հանգստանալու ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ Մատթէոս 12։1-8. Ղեւտացւոց 24։5-9. Ա. Թագաւորաց 21։1-6. Թուոց 28։9. Ովսեայ 6։6

Յիսուսի աշակերտները ի՞նչով կ’ամբաստանուին, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը պատասխանէ։

Յիսուս Փարիսեցիներուն ո՞ր թերութիւնը երեւան կը հանէ։

Ի՞նչ կերպով Յիսուս «շաբաթին տէրն է»։