Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շատ աշակերտներ Յիսուսի հետեւելէ կը դադրին

Շատ աշակերտներ Յիսուսի հետեւելէ կը դադրին

Գլուխ 55

Շատ աշակերտներ Յիսուսի հետեւելէ կը դադրին

ՅԻՍՈՒՍ Կափառնայումի ժողովարանի մը մէջ, կը սորվեցնէ երկինքէն եկած ճշմարիտ հացի իր դերին մասին։ Ակներեւաբար, ան կը շարունակէ այն խօսակցութիւնը որ սկսած էր բազմութեան հետ, որ զինք գտած էր Գալիլիոյ Ծովուն արեւելեան կողմէն իրենց վերադարձին, ուր հրաշքով՝ բազմապատկուած նկանակներն ու ձուկերը կերած էին։

Յիսուս իր խօսակցութիւնը կը շարունակէ, ըսելով. «Այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար»։ Ճիշդ երկու տարի առաջ, Հ.Դ. 30–ի գարնան, Յիսուս Նիկոդէմոսի ըսաւ որ Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը որ իր Որդին տուաւ որպէս Փրկիչ։ Ուստի, այժմ Յիսուս ցոյց կու տայ որ ոեւէ անհատ, որ այլաբանօրէն իր մարմինը ուտէր, իր շուտով կատարելիք զոհագործութեան՝ հաւատք ընծայելով, կրնար յաւիտենական կեանք ստանալ։

Բայց ժողովուրդը Յիսուսի խօսքերէն կը գայթակղի։ «Ի՞նչպէս կրնայ ասիկա իր մարմինը մեզի տալ՝ ուտելու», կը հարցնեն անոնք։ Յիսուս կ’ուզէ որ իր ունկնդիրները հասկնան, թէ իր մարմինը ուտելը՝ այլաբանական առումով է։ Ուստի, այս կէտը շեշտելու համար, ան բան մը կ’ըսէ, որ ա՛լ աւելի առարկելի է, եթէ բառացիօրէն առնուի։

«Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար։ Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ Վասն զի իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք է։ Ան որ իմ մարմինս կ’ուտէ եւ իմ արիւնս կը խմէ, անիկա իմ ներսիդիս կը բնակի ու ես անոր ներսիդին»։

Արդարեւ, եթէ Յիսուս մարդակերութիւն կը թելադրէր, իր ուսուցումը շատ առարկելի պիտի ըլլար։ Անշուշտ, Յիսուս իր ունկնդիրները չի քաջալերեր որ բառացիօրէն իր մարմինը ուտեն՝ կամ իր արիւնը խմեն։ Ան պարզապէս կը շեշտէ որ յաւիտենական կեանք ստանալ փափաքողները հաւատք պէտք է ընծայեն այն զոհագործութեան, զոր ինք պիտի կատարէ, իր մարդկային կատարեալ մարմինը մատուցանելով եւ իր արիւնը թափելով։ Բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ իր աշակերտներէն շատեր չեն փորձեր հասկնալ իր ուսուցումը, ուստի՝ կ’առարկեն ըսելով. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։

Գիտնալով որ իր աշակերտներէն շատեր տրտունջ կ’ընեն, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ատիկա ձեզ կը գայթակղեցնէ՞։ Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։ . . . Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են։ Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար»։

Յիսուս կը շարունակէ. «Ասո՛ր համար ձեզի ըսի թէ մէ՛կը չի կրնար ինծի գալ, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր»։ Այս խօսքերուն վրայ, իր աշակերտներէն շատեր՝ կ’երթան ու այլեւս իրեն հետեւելէ կը դադրին։ Ուստի Յիսուս իր 12 առաքեալներուն կը դառնայ եւ անոնց կը հարցնէ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։

Պետրոս կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։ Հաւատարմութեան ի՜նչ լաւ արտայայտութիւն մը Պետրոսի եւ ուրիշ առաքեալներուն կողմէ, հակառակ անոր որ թերեւս անոնք այս հարցին մասին Յիսուսի ուսուցումը լիովին հասկցած չէին։

Պետրոսի պատասխանէն գոհ մնալով հանդերձ, Յիսուս դիտել կու տայ, ըսելով. «Ես ձեզ տասներկուքդ չընտրեցի՞, բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է»։ Ան Իսկարիովտացի Յուդայի մասին կը խօսի։ Հաւանաբար՝ այս ժամանակամիջոցին է որ Յիսուս Յուդայի մէջ սխալ ընթացքի մը «սկիզբ»ը կը նշմարէ։

Յիսուս տակաւին նոր յուսախաբ ըրած էր ժողովուրդը, որ զինք թագաւոր ընել փորձած էր։ Անոնք թերեւս կը խորհէին. ‘Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ Մեսիան ըլլալ եթէ Մեսիայի արդարացի դիրքը չ’ուզեր ստանձնել’։ Այս նոր հարցն ալ ծագած ըլլալու էր անոնց մտքին մէջ։ Յովհաննու 6։51-71. 3։16

Յիսուս որո՞նց համար իր մարմինը կու տայ, եւ անոնք ի՞նչ իմաստով ‘կ’ուտեն իր մարմինը’։

Յիսուսի ո՞ր խօսքերը կը գայթակղեցնեն բազմութիւնը, բայց Յիսուս ի՞նչ կը շեշտէ։

Երբ շատեր Յիսուսի հետեւելէ կը դադրին, Պետրոս ի՞նչպէս կ’ընդառաջէ։