Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ողորմութեան առաքելութիւն մը Հրէաստանի մէջ

Ողորմութեան առաքելութիւն մը Հրէաստանի մէջ

Գլուխ 89

Ողորմութեան առաքելութիւն մը Հրէաստանի մէջ

ՔԱՆԻ մը շաբաթ առաջ, Երուսաղէմի մէջ Նաւակատիքի Տօնին, Հրեաները փորձած էին Յիսուսը սպաննել։ Ուստի անիկա դէպի հիւսիս՝ բացայայտօրէն Գալիլիոյ Ծովուն մօտերը գտնուող շրջան մը ճամբորդեց։

Վերջերս դարձեալ դէպի հարաւ՝ Երուսաղէմ կ’ուղղուէր, իր ճամբուն վրայ Յորդանան Գետի արեւելեան կողմը գտնուող Բերիայի գիւղերուն մէջ քարոզելով։ Հարուստ մարդուն եւ Ղազարոսին առակը պատմելէ ետք, ան կը շարունակէ իր աշակերտներուն սորվեցնել բաներ՝ զորս նախապէս Գալիլիոյ մէջ եղած ատեն սորվեցուցած էր։

Զոր օրինակ, ան կ’ըսէ որ շատ աւելի աղէկ պիտի ըլլար անհատի մը, որ «պարանոցէն իշու ջաղացքի քար մը կախուի ու ծովը ձգուի», քան թէ Աստուծոյ «պզտիկներէն մէկը» գայթակղեցնէ։ Ան ներելու կարիքն ալ կը շեշտէ, բացատրելով. «Եթէ քու եղբայրդ . . . օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր»։

Երբ աշակերտները կը խնդրեն ըսելով. «Մեր հաւատքը աւելցուր», Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել. ‘Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ’, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»։ Ուստի, նոյնիսկ քիչ մը հաւատք, մեծ գործեր կրնայ կատարել։

Ապա, Յիսուս իրական կեանքէ առնուած վիճակ մը կը պատմէ, որ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայի մը վայել կեցուածքը կը բացատրէ։ Յիսուս դիտել կու տայ, ըսելով. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ ունենայ երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն տուն մտնէ, շուտով ըսէ անոր թէ՝ ‘Անցիր սեղան նստէ’։ Հապա չը՞սեր անոր թէ՝ ‘Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ’։ Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։ Այսպէս, Աստուծոյ ծառաները երբեք պէտք չէ մտածեն որ Աստուծոյ նպաստ մը բերած կ’ըլլան իրեն ծառայելով։ Ընդհակառակը, անոնք միշտ պէտք է յիշեն որ զինք պաշտելու առանձնաշնորհումը ունին որպէս իր տունի վստահելի անդամները։

Ակներեւաբար, Յիսուս այս առակը տալէն քիչ ետք պատգամաւոր մը կը հասնի։ Անիկա ղրկուած է Ղազարոսի քոյրերուն՝ Մարիամի ու Մարթայի կողմէ, որոնք Հրէաստանի Բեթանիա գիւղին մէջ կը բնակին։ «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է», կ’ըսէ պատգամաբերը։

Յիսուս կը պատասխանէ, ըսելով. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։ Իր եղած շրջանին մէջ երկու օր մնալէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։ Սակայն, անոնք կը յիշեցնեն իրեն, ըսելով. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս»։

Որպէս պատասխան, Յիսուս կը հարցնէ. «Չէ՞ որ օրը տասներկու ժամ է։ Եթէ մէկը ցորեկը քալէ՝ չի սահիր, վասն զի այս աշխարհին լոյսը կը տեսնէ. բայց եթէ մէկը գիշերը քալէ՝ կը սահի, վասն զի իրեն հետ լոյս չկայ»։

Ինչ որ ակներեւաբար Յիսուս ըսել կ’ուզէ այն է, թէ «ցորեկը» կամ այն ժամանակը որ Աստուած յատկացուցած է իր երկրային ծառայութեան համար, տակաւին չէ վերջացած, եւ անոր վերջանալէն առաջ ոեւէ մէկը չի կրնար վնասել իրեն։ Ան իրեն մնացած «ցորեկ»ուան ժամանակը լաւագոյնս պէտք է օգտագործէ, քանի որ անկէ ետք «գիշերը» պիտի գայ, երբ իր թշնամիները պիտի սպաննեն զինք։

Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։

Աշակերտները բացայայտօրէն խորհելով թէ Ղազարոս կը քնանայ եւ անշուշտ քունէն պիտի արթննայ՝ կ’ըսեն. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի արթննայ»։

Ապա Յիսուս իրենց յայտնապէս կ’ըսէ. «Ղազարոս մեռաւ եւ ես ուրախ եմ ձեզի համար որ հոն չէի, որպէս զի դուք հաւատաք. բայց եկէ՛ք երթանք անոր»։

Քաջ գիտնալով թէ Յիսուս Հրէաստանի մէջ կրնայ սպաննուիլ, սակայն փափաքելով թիկունք կանգնիլ իրեն, Թովմաս իր ընկեր աշակերտները կը քաջալերէ, ըսելով. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք»։ Ուստի իրենց կեանքերը վտանգելով, աշակերտները Յիսուսի կ’ընկերակցին դէպի Հրէաստան, ողորմութիւն ցոյց տալու իր առաքելութեան մէջ։ Ղուկաս 13։22. 17։1-10. Յովհաննու 10։22, 31, 40-42. 11։1-16

Յիսուս վերջերս ո՞ր շրջանին մէջ կը քարոզէր։

Յիսուս ի՞նչ ուսուցումներ կը կրկնէ։ Իրական կեանքէ առնուած ի՞նչ վիճակ կը նկարագրէ, ի՞նչ կէտ լուսաբանելով։

Յիսուս ի՞նչ լուր կը ստանայ, եւ ի՞նչ ըսել կ’ուզէ «ցորեկ» ու «գիշեր» արտայայտութիւններով։

Թովմաս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, «մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք» արտայայտութեամբ։