Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ողորմութեան դաս մը

Ողորմութեան դաս մը

Գլուխ 40

Ողորմութեան դաս մը

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ Յիսուս տակաւին Նային քաղաքը կը գտնուի, ուր վերջերս այրի կնոջ մը տղան յարուցանած էր, կամ թերեւս քաղաքին մօտակայ վայրերը կ’այցելէ։ Սիմոն անունով Փարիսեցի մը կը փափաքի մօտէն ճանչնալ այն անհատը, որ այսպիսի աչքառու գործեր կը կատարէ։ Ուստի ան Յիսուսը ճաշի կը հրաւիրէ։

Հոն ներկայ գտնուողներուն ծառայելու առիթ մը նկատելով, Յիսուս կ’ընդունի հրաւէրը, ինչպէս որ նախապէս ընդունած էր մաքսահաւաքներուն եւ մեղաւորներուն հետ ճաշելու հրաւէրները։ Սակայն երբ կը մտնէ Սիմոնի տունը, Յիսուս սովորաբար հիւրերուն մատուցուած ջերմ ընդունելութեան չ’արժանանար։

Տրեխներու մէջ մարդոց ոտքերը կը տաքնան եւ կ’աղտոտին, փոշոտ ճամբաներէն քալելով, եւ հետեւաբար՝ հիւրասիրութեան սովորական արարք մըն է հիւրերուն ոտքերը լուալ պաղ ջուրով։ Սակայն երբ Յիսուս կը հասնի այս տունը՝ իր ոտքերը չեն լուացուիր։ Ոչ ալ բարի գալուստի համբոյր մը կը ստանայ, որ սովորական կենցաղավարութիւն մըն է։ Հիւրասիրութեան մաս կազմող անուշահոտ իւղն ալ չի հայթայթուիր իր մազերուն համար։

Ճաշի ընթացքին, մինչ հիւրերը ընկողմանած են սեղանին շուրջ, անկոչ կին մը լռելեայն կը մտնէ սենեակը։ Ան քաղաքին մէջ ճանչցուած է որպէս անբարոյ կեանք վարող մը։ Հաւանաբար լսած է Յիսուսի ուսուցումները, մէջը ըլլալով՝ ‘բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածները հանգստանալու համար իրեն գալու’ հրաւէրը։ Խորապէս զգացուելով իր տեսած եւ լսած բաներէն, ան Յիսուսը փնտռած եւ գտած է։

Կինը սեղանին շուրջ ընկողմանած Յիսուսին ետեւէն կը մօտենայ եւ իր ոտքերուն առջեւ ծունկի կու գայ։ Մինչ իր արցունքները կը կաթին Յիսուսի ոտքերուն վրայ, զանոնք կը սրբէ իր մազերով։ Նաեւ անուշահոտ իւղի սրուակ մը կը հանէ ու ոտքերը քնքշութեամբ համբուրելով, իւղը կը թափէ անոնց վրայ։ Սիմոն այս բոլորը կը դիտէ տհաճութեամբ։ «Ասիկա եթէ մարգարէ ըլլար», կը տրամաբանէ ան, «պիտի գիտնար թէ ո՞վ եւ ի՞նչպիսի կին է իրեն դպչողը, վասն զի մեղաւոր է»։ Անոր խորհուրդները հասկնալով, Յիսուս կ’ըսէ.

«Սիմոն, քեզի բան մը ունիմ ըսելու»։

«Ըսէ՛, վարդապետ», կը պատասխանէ ան։

«Փոխ տուող մը երկու պարտական ունէր, մէկը հինգ հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու միւսը՝ յիսուն։ Որովհետեւ հատուցանելու կարողութիւն չունէին, երկուքին ալ շնորհեց։ Հիմա ըսէ. ‘Անոնցմէ ո՞րը աւելի պիտի սիրէ զանիկա’»։

«Ինծի այնպէս կ’երեւնայ», կ’ըսէ Սիմոն անտարբերութեամբ՝ երեւութապէս հարցումին կապակցութիւնը չտեսնելով, «թէ որո՛ւն որ շատ շնորհեց»։

«Ուղիղ դատեցիր», կ’ըսէ Յիսուս։ Ապա կնոջ դառնալով, կ’ըսէ Սիմոնին. «Կը տեսնե՞ս այս կինը։ Ես քու տունդ մտայ, դուն ոտքերուս ջուր չտուիր, բայց ասիկա իր արցունքովը ոտքերս թրջեց եւ իր մազերովը սրբեց։ Դուն ինծի համբոյր մը չտուիր, բայց ասիկա հոս մտնելէս ի վեր ոտքերս համբուրելէն չդադրեցաւ։ Դուն իմ գլուխս ձէթով չօծեցիր, բայց ասիկա իմ ոտքերս անուշահոտ իւղով օծեց»։

Այս կերպով, կինը իր սրտանց զղջումը կ’ապացուցանէ իր անբարոյ անցեալին համար։ Ուստի Յիսուս կ’եզրափակէ, ըսելով. «Ասոր համար կ’ըսեմ քեզի. ‘Ներուած են ասոր շատ մեղքերը, վասն զի շատ սիրեց, բայց որուն որ քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ’»։

Յիսուս ոչ մէկ կերպով կը չքմեղացնէ կամ կը քաջալերէ անբարոյութիւնը։ Սակայն, այս դէպքը ցոյց կու տայ թէ ո՛րքան կարեկցաբար հասկացողութիւն ցոյց կու տայ այն մարդոց հանդէպ, որոնք իրենց կեանքին մէջ մեղքեր կը գործեն, ապա կը յայտնեն թէ ցաւ կը զգան անոնց համար եւ Քրիստոսի կու գան՝ ամոքում գտնելու։ Կնոջ իսկական հանգստութիւն հայթայթելով Յիսուս կ’ըսէ. «Քու մեղքերդ ներուած են։ . . . Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։ Ղուկաս 7։36-50. Մատթէոս 11։28-30

Յիսուս ի՞նչպիսի ընդունելութիւն կը գտնէ իր հիւրընկալէն՝ Սիմոնէ։

Ո՞վ կը փնտռէ Յիսուսը եւ ինչո՛ւ։

Յիսուս ի՞նչ օրինակ կու տայ եւ զայն ի՞նչպէս կը կիրարկէ։