Ոչխարներու բակերն ու հովիւը
Գլուխ 80
Ոչխարներու բակերն ու հովիւը
ՅԻՍՈՒՍ Երուսաղէմ կը գտնուի Նաւակատիքի Տօնի՝ կամ Հանուգգայի՝ ժամանակ, որ տաճարը Եհովայի վերանուիրելու առիթով հաստատուած տօն մըն է։ Անկէ շուրջ 200 տարի առաջ, Հ.Դ.Ա. 168–ին, Անտիոքոս Դ. Եփիփանոսը Երուսաղէմը գրաւած եւ անոր տաճարն ու զոհասեղանը սրբապղծած էր։ Սակայն, երեք տարի ետք, Երուսաղէմը ետ գրաւուած եւ տաճարը վերստին նուիրագործուած էր։ Անկէ ետք, ամէն տարի նուիրագործումի տօնակատարութիւն մը կը կատարուէր։
Նաւակատիքի այս տօնը հրէական Քասղեւ ամսու 25–ին տեղի կ’ունենայ, որ ներկայ օրացոյցով Նոյեմբերի վերջաւորութեան եւ Դեկտեմբերի սկիզբին կը համապատասխանէ։ Հետեւաբար, հարիւր օրէն քիչ մը աւելի մնացած է Հ.Դ. 33–ի ծանրակշիռ Պասեքին։ Քանի որ անիկա պաղ եղանակ է, Յովհաննէս զայն «ձմեռ» կը կոչէ։
Արդ, Յիսուս առակ մը կու տայ, որուն մէջ կը յիշէ ոչխարներու երեք բակ եւ իր դերը՝ որպէս Բարի Հովիւ։ Անոր յիշած առաջին բակը կապ ունի Մովսիսական Օրէնքի ուխտի կարգադրութեան հետ։ Օրէնքը որպէս ցանկապատ ծառայեց, Հրեաները զատելով Աստուծոյ հետ այս մասնաւոր ուխտին մէջ չեղող մարդոց ապականիչ սովորութիւններէն։ Յիսուս կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։ Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է»։
Ուրիշներ եկած եւ Մեսիան՝ կամ Քրիստոսը՝ ըլլալ դաւանած էին, բայց անոնք այդ ճշմարիտ հովիւը չէին, որու մասին Յիսուս կը շարունակէ խօսիլ, ըսելով. «Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։ . . . Օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։
Առաջին բակին «դռնապան»ը Յովհաննէս Մկրտիչն էր։ Որպէս դռնապան, Յովհաննէս Յիսուսի առջեւ դուռը ‘բացաւ’, զինք ներկայացնելով այն այլաբանական ոչխարներուն, որ Յիսուս արօտավայր պիտի առաջնորդէր։ Այս ոչխարները, զորս Յիսուս իրենց անունովը կը կանչէ ու դուրս կը հանէ, վերջապէս ուրիշ բակի մը մէջ կ’ընդունուին, ինչպէս ինք կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’», այսինքն նոր բակին դուռը։ Երբ Յիսուս նոր ուխտը կը հաստատէ իր աշակերտներուն հետ եւ անոնց վրայ երկինքէն սուրբ հոգին կը թափէ յաջորդ Պէնտէկոստէին, անոնք այս նոր բակին մէջ կ’ընդունուին։
Իր դերին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն տալով, Յիսուս կ’ըսէ. «‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։ . . . Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։ . . . ‘Ես եմ բարի հովիւը’. կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս։ Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ, ես ալ Հայրը կը ճանչնամ ու իմ կեանքս ոչխարներուն համար կը դնեմ»։
Վերջերս, Յիսուս հանգստացուցած էր իր հետեւորդները, ըսելով. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ Այս պզտիկ հօտը, որ վերջապէս 144,000–ի կը հասնի, այս նոր ուխտին, կամ երկրորդ բակին մէջ կու գայ։ Բայց Յիսուս կը շարունակէ, ըսելով. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ»։
Քանի որ «ուրիշ ոչխարներ»ը «այս բակէն չեն», ուրեմն անոնք ուրիշ բակի մը՝ երրորդ բակի մը կը պատկանին։ Այս վերջին երկու բակերուն՝ կամ փարախներուն՝ ոչխարները, իրարմէ տարբեր յոյսեր ունին։ Մէկ բակին մէջ գտնուող «պզտիկ հօտ»ը Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ պիտի թագաւորէ, իսկ միւս բակին մէջի «ուրիշ ոչխարներ»ը, Դրախտ երկրին վրայ պիտի ապրին։ Սակայն, երկու բակերու մէջ գտնուելով հանդերձ, ոչխարները նախանձ չունին, ոչ ալ անջատուած կը զգան, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, անոնք «մէկ հօտ» են, «մէկ հովիւ»ի ներքեւ։
Բարի Հովիւը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ իր կեանքը յօժարակամօրէն կու տայ երկու բակերուն մէջ գտնուող ոչխարներուն համար։ Ան կ’ըսէ. «Ես կը դնեմ զանիկա ինքնիրմէս։ Իշխանութիւն ունիմ զանիկա դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զանիկա նորէն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս առի»։ Յիսուսի այս խօսքերուն վրայ, Հրեաներուն մէջ պառակտում մը ծայր կու տայ։
Հոն եղողներէն շատեր կ’ըսեն. «Դեւ կայ ատոր ներսիդին ու խենդեցած է. ինչո՞ւ ատոր մտիկ կ’ընէք»։ Իսկ ուրիշներ կը պատասխանեն. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն»։ Ապա, հաւանաբար քանի մը ամիս առաջ կոյր ծնած մարդուն բուժումին ակնարկելով, անոնք կ’աւելցնեն. «Միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրերուն աչքերը բանալ»։ Յովհաննու 10։1-22. 9։1-7. Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 14։1, 3. 21։3, 4. Սաղմոս 37։29
▪ Նաւակատիքի Տօնը ի՞նչ է, եւ անիկա ե՞րբ կը տօնուի։
▪ Ի՞նչ է առաջին բակը եւ ո՞վ է անոր դռնապանը։
▪ Դռնապանը ի՞նչպէս դուռը կը բանայ հովիւին, եւ անկէ ետք ոչխարները ո՞ւր կ’ընդունուին։
▪ Բարի Հովիւին երկու բակերը որոնցմէ՞ կը բաղկանան, եւ անոնք քանի՞ հօտ կ’ըլլան։