Ուրախութեան աղբիւրը
Գլուխ 75
Ուրախութեան աղբիւրը
ԳԱԼԻԼԻՈՅ մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս հրաշքներ գործեց, եւ հիմա նոյնը կը կրկնէ Հրէաստանի մէջ։ Օրինակի համար, ան մարդէ մը դեւ մը կը հանէ, որ զինք համր դարձուցած էր։ Ժողովուրդը կը զարմանայ, բայց Գալիլիոյ մէջ ոմանց յարուցած նոյն քննադատութիւնը կը կրկնուի։ «Ատիկա դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցաւ դեւերը կը հանէ», կ’ըսեն անոնք։ Ուրիշներ աւելի մեծ փաստ կ’ուզեն Յիսուսէն, իր ինքնութեան մասին, եւ կը ջանան զինք փորձել՝ երկնքէն նշան մը խնդրելով։
Անոնց խորհուրդը իմանալով, Յիսուս Հրէաստանի մէջ իր քննադատներուն կու տայ ա՛յն պատասխանը զոր տուած էր Գալիլիացի քննադատներուն։ Ան դիտել կու տայ թէ ամէն թագաւորութիւն որ ինքն իր դէմ բաժանուած է՝ կ’աւերի։ Յիսուս կը հարցնէ. «Հապա եթէ Սատանան իրեն դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ»։ Ան իր քննադատներուն վտանգաւոր դիրքին կը մատնանշէ, ըսելով. «Եթէ ես Աստուծոյ մատովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է»։
Յիսուսի հրաշքներուն ականատես եղողները պէտք էր անոնց ընդառաջէին ճիշդ այնպէս, ինչպէս դարեր առաջ մարդիկ ընդառաջեցին Մովսէսի հրաշքները տեսնելով։ Անոնք բացագանչեցին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Դարձեալ «Աստուծոյ մատն է», որ Տասը Պատուիրանները փորագրեց քարէ տախտակներուն վրայ։ Իսկ «Աստուծոյ մատ»ը՝ իր սուրբ հոգին, կամ գործօն ոյժն է, որ Յիսուսի կարողութիւն կու տայ, որ դեւեր հանէ եւ հիւանդներ բժշկէ։ Ուստի, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդարեւ հասած է այդ քննադատներուն վրայ, քանի որ Թագաւորութեան նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս, իրենց ճիշդ մէջտեղը կը գտնուի։
Ապա Յիսուս կը բացատրէ թէ դեւեր հանելու իր կարողութիւնը Սատանային վրայ իր ունեցած զօրութեան ապացոյցն է, ճիշդ ինչպէս իր պալատին պահակ կեցող լաւ զինուած մարդէ մը աւելի զօրաւորը գալով՝ անոր կը յաղթէ։ Յիսուս դարձեալ կը կրկնէ Գալիլիոյ մէջ իր տուած առակը, պիղծ ոգիի մը մասին։ Ոգին մարդէ մը կ’ելլէ, բայց երբ մարդը լաւ բաներով այդ պարապը չի լեցներ, այդ ոգին ուրիշ եօթը ոգիներու հետ կը վերադառնայ եւ այդ մարդուն վիճակը նախկինէն գէշ կ’ըլլայ։
Ժողովուրդին մէջէն կին մը, որ այս ուսուցումները մտիկ կ’ընէ, կը մղուի բարձրաձայն աղաղակելու. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։ Քանի որ ամէն Հրեայ կնկայ ցանկութիւնն է մարգարէի մը, եւ մանաւանդ Մեսիային մայրը ըլլալ, այս կնոջ արտայայտութիւնը հասկնալի է։ Ակներեւաբար անիկա կը խորհի թէ Մարիամ Յիսուսի մայրը ըլլալուն համար մասնայատուկ ուրախութիւն մը կը վայելէ։
Սակայն, Յիսուս անմիջապէս կը սրբագրէ կնոջ տեսակէտը, ուրախութեան ճշմարիտ աղբիւրին առնչութեամբ։ «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն», կը պատասխանէ ան։ Յիսուս երբեք այն գաղափարը չի տար թէ իր մօրը՝ Մարիամի, մասնայատուկ պատիւ պէտք է տրուի։ Այլ՝ ան ցոյց կու տայ որ իրական ուրախութիւնը կը գտնուի ոչ թէ մարմնաւոր կապերու կամ իրագործումներու մէջ, այլ՝ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը ըլլալու մէջ։
Ինչպէս Գալիլիոյ մէջ ըրաւ, Յիսուս երկնքէն նշան ուզող մարդիկը հոս ալ կը յանդիմանէ։ Ան կ’ըսէ որ Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի իրենց։ Յովնան նշան մը եղաւ թէ՛ երեք օր ձուկին փորին մէջ մնալով եւ թէ իր խիզախ քարոզչութեամբ, որու շնորհիւ Նինուէի ժողովուրդը զղջաց։ «Եւ ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս», կ’ըսէ Յիսուս։ Նմանապէս, Սաբայի թագուհին սքանչացաւ Սողոմոնի իմաստութեան վրայ։ «Եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս», կը շարունակէ ան։
Յիսուս կը բացատրէ որ երբ անհատ մը ճրագ մը վառէ, զայն ծածուկ տեղ մը կամ գրուանի մը տակ չի դներ, այլ՝ աշտանակի մը վրայ, որպէսզի մարդիկ կարենան տեսնել լոյսը։ Թերեւս ան անուղղակիօրէն կը յայտնէր, թէ իր ունկնդիրներուն մէջ գտնուող խստապարանոց անհատներուն սորվեցնելը ու հրաշքներ կատարելը կը նմանին ճրագի մը լոյսը պահելուն։ Այս դիտողներուն աչքերը պարզ կամ կեդրոնացած չեն, ուստի իր հրաշքները իրենց նպատակին չեն հասնիր։
Յիսուս տակաւին նոր դեւ մը հանելով համր մարդու մը խօսիլ տուած է։ Ասիկա պարզ, կամ յստակ աչք ունեցողները պէտք է մղէ, որ այս փառաւոր գործերը գովաբանեն եւ բարի լուրը ծանուցանեն։ Սակայն, քննադատներուն հետ պարագան այս չէ։ Ուստի Յիսուս կ’եզրափակէ, ըսելով. «Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։ Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ, ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ»։ Ղուկաս 11։14-36. Ելից 8։18, 19. 31։18. Մատթէոս 12։22, 28
▪ Յիսուսի մարդ մը բժշկելը տեսնողներուն ընդառաջումը ի՞նչ է։
▪ Ի՞նչ է «Աստուծոյ մատը», եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ իմաստով Յիսուսի ունկնդիրներուն վրայ հասած է։
▪ Ճշմարիտ ուրախութեան աղբիւրը ի՞նչ է։
▪ Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ պարզ աչք մը ունենալ։