Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրացում՝ գաւիթին մէջ

Ուրացում՝ գաւիթին մէջ

Գլուխ 120

Ուրացում՝ գաւիթին մէջ

ՅԻՍՈՒՍԸ Գեթսեմանի պարտէզին մէջ լքելէ, եւ վախնալով միւս առաքեալներուն հետ փախչելէ ետք, Պետրոս ու Յովհաննէս կանգ կ’առնեն։ Թերեւս զինք կը գտնեն, Աննայի տունը տարուած ժամանակ։ Երբ Աննա զայն Կայիափա Քահանայապետին կը ղրկէ, Պետրոս եւ Յովհաննէս հեռուէն կը հետեւին. ակներեւաբար, մէկ կողմէն իրենց կեանքին համար վախնալով, իսկ միւս կողմէ իրենց Տիրոջ պատահելիք բաներով խորապէս մտահոգուած ըլլալով։

Երբ Կայիափայի ապարանքին կը հասնին, Յովհաննէս քահանայապետին ծանօթ ըլլալով, գաւիթը կը մտնէ։ Սակայն, Պետրոս դուրսը դրան մօտ կը մնայ։ Յովհաննէս շուտով կը վերադառնայ, կը խօսի դռնապանին, որ աղախին մըն է, եւ Պետրոսն ալ ներս մտնելու արտօնութիւն կ’ունենայ։

Օդը ցուրտ է եւ քահանայապետին ծառաներն ու սպասաւորները կրակ վառած են։ Պետրոս անոնց կը միանայ, որպէսզի տաքնայ, մինչ կը սպասէ դատավարութեան արդիւնքը։ Հոն, կրակի լոյսին տակ, այն աղախինը որ Պետրոսը ներս առած էր, մօտէն կը քննէ զինք։ «Դուն ալ Գալիլիացի Յիսուսին հետ էիր», կը բացագանչէ ան։

Իր ինքնութիւնը գիտցուելուն համար վրդոված՝ Պետրոս ամենուն առջեւ կ’ուրանայ որ կը ճանչնայ Յիսուսը։ «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս»։

Անոր վրայ, Պետրոս դուրս կ’ելլէ գաւիթին դրանը առջեւ։ Հոն, ուրիշ աղախին մը կը նշմարէ զինք եւ ներկայ գտնուողներուն կ’ըսէ. «Ասիկա ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»։ Անգամ մը եւս Պետրոս երդում կ’ընէ եւ կ’ուրանայ, ըսելով. «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար»։

Պետրոս գաւիթին մէջ կը մնայ, ջանալով կարելի եղածին չափ աչքերէ հեռու մնալ։ Թերեւս հոս է որ դեռ առաւօտեան լոյսը չծագած աքաղաղին կանչէն կը սարսափի։ Մինչ այդ, Յիսուսի դատավարութիւնը կը շարունակուի, ակներեւաբար, գաւիթին վերեւ գտնուող սենեակներէն մէկուն մէջ։ Անկասկած, Պետրոս եւ ուրիշներ որոնք վարը կը սպասեն, կը տեսնեն վկայելու համար բերուող զանազան վկաներուն մտնելն ու ելլելը։

Գրեթէ ժամ մը անցած է, Յիսուսի ընկերակիցներէն մէկը ըլլալու Պետրոսի ինքնութիւնը վերջին անգամ ճանչցուելէն ի վեր։ Այժմ շուրջը կայնողներէն ոմանք իրեն կու գան ու կ’ըսեն. «Արդարեւ դուն ալ անոնցմէ ես, վասն զի քու խօսուածքդ ալ քեզ կը յայտնէ»։ Այդ խումբին մէջ գտնուողներէն մէկը Մաղքոսի ազգականն է, որուն ականջը Պետրոս կտրեր էր։ «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ», կ’ըսէ ան։

«Ես այն մարդը չեմ ճանչնար», կը հաստատէ Պետրոս բարկութեամբ։ Իրականութեան մէջ, այս հարցին շուրջ անէծք կարդալով ու երդում ընելով, ան կը ջանայ զանոնք համոզել, որ բոլորն ալ կը սխալին. ան կ’ըսէ թէ ինք անիծեալ ըլլայ, եթէ իր ըսածը շիտակ չէ։

Երբ Պետրոս երրորդ անգամ ըլլալով կ’ուրանայ, աքաղաղը կը խօսի։ Նոյն պահուն, Յիսուս, որ հաւանաբար գաւիթին վերեւի պատշգամը ելած էր, կը դառնայ եւ իրեն կը նայի։ Պետրոս անմիջապէս միտքը կը բերէ Յիսուսի խօսքերը, որ միայն քանի մը ժամ առաջ ըսած էր վերնատան մէջ. «Այս գիշեր աքաղաղը երկու անգամ չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Իր մեղքին ծանրութեան տակ կքած՝ Պետրոս դուրս կ’ելլէ եւ դառնապէս կու լայ։

Ասիկա կարելի՞ է։ Իր հոգեւոր զօրութեան վրայ ա՛յդքան վստահ ըլլալէն ետք, Պետրոս ի՞նչպէս յաջորդաբար երեք անգամ կրնար ուրանալ իր Տէրը։ Անկասկած, պարագաները Պետրոսը անակնկալի կը բերեն։ Ճշմարտութիւնը խեղաթիւրուած եւ Յիսուս որպէս ստորին ոճրագործ մը ներկայացուած էր։ Շիտակը որպէս սխալ ցոյց տրուած էր, իսկ անմեղը՝ որպէս մեղաւոր։ Ուստի, պարագաներուն ճնշումին ներքեւ, Պետրոս իր հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնէ։ Յանկարծ, հաւատարմութեան իր բուն զգացումը տակնուվրայ կ’ըլլայ. ցաւօք սրտի, մարդու վախով կ’անդամալուծուի։ Մաղթենք որ նոյնը բնա՛ւ չպատահի մեզի։ Մատթէոս 26։57, 58, 69-75. Մարկոս 14։30, 53, 54, 66-72, Անթիլիաս. Ղուկաս 22։54-62. Յովհաննու 18։15-18, 25-27

Պետրոս եւ Յովհաննէս ի՞նչպէս քահանայապետին գաւիթը կը մտնեն։

Մինչ Պետրոս եւ Յովհաննէս գաւիթին մէջ են, տան մէջ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

Աքաղաղը քանի՞ անգամ կը կանչէ, եւ Պետրոս քանի՞ անգամ կ’ուրանայ որ Յիսուսը կը ճանչնայ։

Պետրոսի անիծելը ու երդում ընելը ի՞նչ կը նշանակէ։

Ի՞նչ բան պատճառ կ’ըլլայ որ Պետրոս ուրանայ թէ Յիսուսը կը ճանչնայ։