Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրբաթ թաղուած, կիրակի՝ գերեզմանը դատարկ

Ուրբաթ թաղուած, կիրակի՝ գերեզմանը դատարկ

Գլուխ 127

Ուրբաթ թաղուած, կիրակի՝ գերեզմանը դատարկ

ԱՅԺՄ Ուրբաթ՝ յետմիջօրէն յառաջացած է, եւ Նիսան 15–ի Շաբաթը պիտի սկսի արեւնամուտէն ետք։ Յիսուսի մեռած մարմինը թոյլ կերպով կախուած է ցիցին վրայ, սակայն իր երկու կողմերը գտնուած աւազակները տակաւին ողջ են։ Ուրբաթ կէսօրէ ետքը Պատրաստութիւն կը կոչուի, քանի որ այս ժամանակին մէջ, մարդիկ ճաշեր կը պատրաստեն եւ Շաբաթը չեկած կիսաւարտ մնացած անհրաժեշտ գործերը կ’ամբողջացնեն։

Շուտով սկսող Շաբաթը ոչ միայն սովորական Շաբաթ մըն է (շաբթուան եօթներորդ օրը), այլ նաեւ՝ կրկին Շաբաթ կամ «մեծ» Շաբաթ է։ Այսպէս կոչուած է, քանի որ Նիսան 15–ը, որ եօթնօրեայ Բաղարջակերաց Տօնին առաջին օրն է (եւ որ միշտ Շաբաթ կ’ըսուի, հոգ չէ թէ շաբթուան ո՛ր օրը ըլլայ), սովորական Շաբաթ օրուան կը զուգադիպի։

Աստուծոյ Օրէնքին համաձայն, մարմինները ցիցին վրայ կախուած պէտք չէ մնան մինչեւ առաւօտ։ Ուստի Հրեաները կը խնդրեն Պիղատոսէն որ դատապարտեալներուն մահը արագացնեն՝ անոնց սրունքները կտրելով։ Ուստի, զինուորները երկու աւազակներուն սրունքները կը կտրեն։ Սակայն, քանի որ Յիսուս արդէն մեռած է, իր սրունքները չեն կտրուիր։ Ասիկա կը կատարէ այն սուրբ գրային մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Անոր մէ՛կ ոսկորը պիտի չկոտրուի»։

Սակայն, որեւէ կասկած հեռացնելու համար, թէ Յիսուս իրապէս մեռած է թէ ոչ, զինուորներէն մէկը գեղարդով անոր կողը կը խոցէ։ Գեղարդը իր սրտին շրջակայքը կը խոցէ եւ անմիջապէս արիւն եւ ջուր կը հոսի։ Յովհաննէս առաքեալ, որ ականատես մըն է, կը տեղեկագրէ, թէ ասիկա ուրիշ մարգարէութիւն մըն ալ կը կատարէ, որ կ’ըսէ. «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։

Մահապատիժին ներկայ կը գտնուի նաեւ Արիմաթացի Յովսէփ, որ Սենետրիոնի յարգելի անդամներէն մէկն է։ Անիկա մերժեց Յիսուսի դէմ բարձրագոյն ատեանին առած անարդար քայլին ի նպաստ քուէարկել։ Իրականութեան մէջ, Յովսէփ Յիսուսի աշակերտ մըն է, թէեւ կը վախնայ ինքզինք բացայայտօրէն ճանչցնելէ։ Այժմ, սակայն, քաջութիւն ցուցաբերելով Պիղատոսի կ’երթայ, Յիսուսի մարմինը խնդրելու։ Պիղատոս պատասխանատու զինուորը կը կանչէ, եւ ստուգելէ ետք որ Յիսուս իրապէս մեռած է, Յիսուսի դիակը անոր կը յանձնէ։

Յովսէփ մարմինը առնելով մաքուր կտաւի մը մէջ կը փաթթէ՝ թաղումի պատրաստելով։ Նիկոդէմոս, որ Սենետրիոնի ուրիշ անդամ մըն է, անոր կ’օգնէ։ Նիկոդէմոս ալ զգուշացած է Յիսուսի վրայ իր հաւատքը արտայայտելու, վախնալով որ իր դիրքը կորսնցնէ։ Այժմ, 33 քիլոկրամ զմուռս եւ սուղ իւղեր կը բերէ։ Յիսուսի մարմինը կը փաթթուի այս անուշահոտ իւղերը պարունակող կտաւներով, թաղումը պատրաստելու Հրեաներու սովորութեան համաձայն։

Ապա, մարմինը կը տեղաւորեն Յովսէփի նոր գերեզմանին մէջ, որ մօտակայ պարտէզի մը մէջ, ժայռին մէջ փորուած է։ Վերջապէս, մեծ քար մը կը գլորեն գերեզմանին առջեւ։ Թաղումը Շաբաթ օրուընէ առաջ կատարելու համար, մարմնին պատրաստութիւնը հապճեպով տեղի կ’ունենայ։ Ուստի, Մարիամ Մագդաղենացի եւ Մարիամ՝ Պզտիկ Յակոբոսի մայրը, որոնք հաւանաբար պատրաստութեան մէջ կ’օգնեն, տուն կը շտապեն աւելի անուշահոտ իւղեր բերելու համար։ Շաբաթէն ետք, անոնք կը ծրագրեն Յիսուսի մարմինը աւելի եւս օծել, որպէսզի աւելի երկարատեւ ժամանակ պահպանեն զայն։

Յաջորդ օրը, որ Շաբաթ է, քահանայապետներն ու Փարիսեցիները Պիղատոսի կ’երթան ու կ’ըսեն. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’, ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։

«Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք», կ’ըսէ Պիղատոս։ Ուստի կ’երթան, գերեզմանը աւելի կ’ապահովեն, քարը կնքելով, եւ Հռովմայեցի զինուորներ դնելով՝ որպէս պահապան։

Կիրակի առտու կանուխ, Մարիամ Մագդաղենացի, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամ, Սողովմէ, Յովհաննա, ուրիշ կիներու հետ մէկտեղ, խունկեր կը բերեն Յիսուսի մարմինը օծելու համար։ Ճամբան՝ անոնք իրարու կ’ըսեն. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն»։ Սակայն, երբ գերեզմանատուն կը հասնին, կը տեսնեն որ երկրաշարժ մը պատահած է եւ Եհովայի հրեշտակը քարը մէկդի գլորած է։ Պահակները մեկնած են, եւ գերեզմանը դատարկ է։ Մատթէոս 27։57–28։2. Մարկոս 15։42–16։4. Ղուկաս 23։50–24։3, 10. Յովհաննու 19։14, 31–20։1. 12։42. Ղեւտացւոց 23։5-7. Բ. Օրինաց 21։22, 23. Սաղմոս 34։20. Զաքարեայ 12։10

Ինչո՞ւ Ուրբաթ օրը՝ Պատրաստութիւն կը կոչուի, եւ ի՞նչ է «մեծ» Շաբաթը։

Յիսուսի մարմնին կապակցաբար ի՞նչ մարգարէութիւններ կատարուեցան։

Յովսէփ եւ Նիկոդէմոս ի՞նչ կապ ունին Յիսուսի թաղման հետ, եւ ի՞նչ է անոնց յարաբերութիւնը Յիսուսի հետ։

Քահանաները ի՞նչ կը խնդրեն Պիղատոսէն, եւ ան ի՞նչպէս կ’ընդառաջէ։

Կիրակի առաւօտ կանուխ՝ ի՞նչ կը պատահի։