Ուրիշ հրաշքներ կափառնայումի մէջ
Գլուխ 23
Ուրիշ հրաշքներ կափառնայումի մէջ
ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ չորս աշակերտները՝ Պետրոսը, Անդրէասը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ընտրելուն յաջորդող Շաբաթ օրը, բոլորը միասնաբար Կափառնայումի ժողովարաններէն մէկը կ’երթան։ Հոն Յիսուս կը սկսի սորվեցնել եւ ժողովուրդը կ’ապշի, քանի որ հեղինակութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէ եւ ոչ թէ դպիրներուն պէս։
Այս Շաբաթ օրը դիւահար մարդ մը կը գտնուի ժողովարանին մէջ։ Պահ մը ետք, ան զօրաւոր ձայնով կը պոռայ. «Դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար։ Գիտեմ թէ ո՛վ ես՝ Աստուծոյ Սուրբը»։
Այս մարդուն վրայ տիրապետող դեւը իրականութեան մէջ Սատանայի հրեշտակներէն մէկն է։ Դեւը սաստելով Յիսուս կ’ըսէ. «Պապանձէ ու ել ատկէ»։
Այդ պահուն, դեւը սաստիկ կը ցնցէ մարդը եւ մեծ ձայնով կ’աղաղակէ։ Բայց անկէ կ’ելլէ առանց անոր վնաս մը հասցնելու։ Բոլոր ականատեսները ապշահար կ’ըլլան։ «Այս ի՞նչ է», կը հարցնեն իրարու, «իշխանութիւնով պիղծ ոգիներուն ալ կը հրամայէ ու իրեն կը հնազանդին»։ Այս լուրը կը տարածուի ամբողջ այդ շրջանին մէջ։
Յիսուս եւ իր աշակերտները դուրս կ’ելլեն ժողովարանէն եւ կ’երթան Սիմոնի տունը, որ Պետրոս ալ կը կոչուի։ Պետրոսի զոքանչը շատ հիւանդ է. սաստիկ ջերմ ունի։ Աշակերտները Յիսուսէ կը խնդրեն որ բան մը ընէ։ Յիսուս կը մօտենայ կնոջ, ձեռքը կը բռնէ ու կը վերցնէ։ Կինը անմիջապէս կ’առողջանայ եւ կը սկսի իրենց ճաշ պատրաստել։
Հետագային, արեւնամուտէն ետք, ամէն տեղերէն մարդիկ կու գան Պետրոսի տունը, իրենց հիւանդները բերելով։ Շատ չանցած, ամբո՛ղջ քաղաքը դրան առջեւ կը հաւաքուի։ Յիսուս կը բուժէ բոլոր հիւանդները։ Ան նոյնիսկ դիւահարները կը հանգստացնէ։ Դեւերը մարդոց մէջէն ելած ատեն կը պոռան, ըսելով. «Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին»։ Բայց Յիսուս կը սաստէ զիրենք եւ թոյլ չի տար որ խօսին, քանի որ անոնք գիտեն թէ ինք Քրիստոսն է։ Մարկոս 1։21-34. Ղուկաս 4։31-41. Մատթէոս 8։14-17
▪ Իր առաջին չորս աշակերտները ընտրելուն յաջորդ Շաբաթ օրը ի՞նչ կը պատահի։
▪ Ժողովարանէն ելլելէն ետք Յիսուս ո՞ւր կ’երթայ, եւ հոն ի՞նչ հրաշք կը գործէ։
▪ Այդ նոյն իրիկունը ի՞նչ կը պատահի։