Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չեն կրնար զինք ձերբակալել

Չեն կրնար զինք ձերբակալել

Գլուխ 67

Չեն կրնար զինք ձերբակալել

ՄԻՆՉ Տաղաւարահարաց Տօնը կը շարունակուի, կրօնական առաջնորդները սպասաւորներ կը ղրկեն որպէսզի զանիկա ձերբակալեն։ Ան չի փորձեր պահուըտիլ, այլ՝ կը շարունակէ հանրապէս սորվեցնել, ըսելով. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։ Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ»։

Հրեաները չեն հասկնար, ուստի իրարու կ’ըսեն. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։ Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’»։ Անշուշտ, Յիսուս իր մօտալուտ մահուան եւ երկինք յարուցուելուն մասին կը խօսէր, ուր իր թշնամիները չէին կրնար իր ետեւէն երթալ։

Տօնին եօթներորդ եւ վերջին օրը կու գայ։ Ամէն առաւօտ, քահանայ մը Սելովամի աւազանէն ջուր կ’առնէր ու կը թափէր, այնպէս որ խորանին տակը կը վազէր։ Հաւանաբար մարդոց այս առօրեայ արարողութիւնը յիշեցնելով, Յիսուս կ’աղաղակէ. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ, ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։

Իրականութեան մէջ, Յիսուս հոս կը խօսի սուրբ հոգիին թափուելուն սքանչելի հետեւանքներուն մասին։ Յաջորդ տարի, սուրբ հոգիին այս թափուիլը տեղի կ’ունենայ Պէնտէկոստէին։ Այն ատեն, կենդանի ջուրի աղբիւրներ կը հոսին, երբ 120 աշակերտները կը սկսին մարդոց ծառայել։ Բայց մինչ այդ, հոգին չկար, այդ իմաստով որ Քրիստոսի աշակերտներէն ո՛չ մէկը սուրբ հոգիով օծուելով երկնային կեանքի կանչուած էր։

Յիսուսի ուսուցումին ընդառաջելով, ոմանք կը սկսին ըսել. «Ասիկա է մարգարէն», հաւանաբար ակնարկելով Մովսէսէ մեծ մարգարէին որ պիտի գար։ Ուրիշներ կ’ըսեն. «Ասիկա է Քրիստոսը»։ Իսկ ուրիշներ կը բողոքեն. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։ Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլէհէմէն պիտի գայ»։

Ուստի ամբոխին մէջ երկպառակութիւն կ’իյնայ։ Ոմանք կ’ուզեն որ Յիսուսը ձերբակալուի, բայց մէ՛կը չի համարձակիր ձեռք զարնել անոր։ Երբ սպասաւորները առանց Յիսուսին կը վերադառնան, քահանայապետներն ու Փարիսեցիները կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։

«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ», կը պատասխանեն սպասաւորները։

Բարկութեամբ լեցուած՝ կրօնական առաջնորդները կը սկսին ծաղրել, վարկաբեկել եւ նախատել։ Անոնք կ’արհամարհեն սպասաւորները, ըսելով. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր. բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։

Ասոր վրայ Նիկոդէմոս՝ Փարիսեցի մը եւ Հրեաներու իշխաններէն մէկը (այսինքն Սենետրիոնի մէկ անդամը), կը համարձակի Յիսուսը պաշտպանել։ Թերեւս կը յիշէք որ երկուքուկէս տարի առաջ, Նիկոդէմոս գիշերով Յիսուսի քով եկած եւ յայտնած էր թէ կը հաւատար իրեն։ Արդ, Նիկոդէմոս կ’ըսէ. «Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։

Փարիսեցիները ա՛լ աւելի կը բարկանան, տեսնելով որ իրենցմէ մէկն ալ Յիսուսը կը պաշտպանէ. անոնք կծու ակնարկութիւն մը կ’ընեն, ըսելով. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարդ չելլեր»։

Թէեւ Աստուածաշունչը ուղղակիօրէն չ’ըսեր թէ Գալիլիայէն մարգարէ մը պիտի ելլէր, սակայն կը մատնանշէ թէ Քրիստոս Գալիլիայէն պիտի գար, ըսելով թէ՝ այդ շրջանին մէջ «մեծ լոյս» պիտի տեսնուէր։ Ասկէ զատ, Յիսուս Բեթլէհէմ ծնած՝ եւ Դաւիթի սերունդէն էր։ Թէեւ Փարիսեցիները ասկէ տեղեակ են, սակայն շատ հաւանաբար անոնք պատասխանատու են Յիսուսի մասին հանրութեան ունեցած սխալ կարծիքին։ Յովհաննու 7։32-52. Եսայեայ 9։1, 2. Մատթէոս 4։13-17

Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ տօնի իւրաքանչիւր առաւօտուն, եւ Յիսուս ի՞նչպէս ուշադրութիւնը ասոր կը հրաւիրէ։

Ինչո՞ւ սպասաւորները չեն ձերբակալեր Յիսուսը, եւ կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն։

Ո՞վ է Նիկոդէմոս, Յիսուսի հանդէպ ի՞նչ դիրք ունի, եւ իր Փարիսեցի ընկերակիցները ի՞նչպէս կը վարուին իրեն հետ։

Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Յիսուս Գալիլիայէն պիտի գար։