Չորս աշակերտներ կը կանչուին
Գլուխ 22
Չորս աշակերտներ կը կանչուին
ԻՐ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ՝ Նազարէթի՝ մէջ իրեն դէմ կատարուած մահափորձէն ետք, Յիսուս Կափառնայում կ’երթայ, որ Գալիլիոյ Ծովուն մօտ կը գտնուի։ Ասիկա Եսայիի ուրիշ մարգարէութեան մը կատարումն է, որ կը նախագուշակէր թէ ծովեզերքը բնակող Գալիլիոյ ժողովուրդը մեծ լոյս պիտի տեսնէր։
Մինչ այս վայրին մէջ Յիսուս Թագաւորութիւնը քարոզելու իր լոյս սփռող գործը կը շարունակէ, աշակերտներէն չորսը կը գտնէ։ Ասոնք նախապէս իրեն հետ ճամբորդած էին, սակայն Յիսուսի հետ Հրէաստանէ վերադառնալէն ետք, անոնք վերադարձան իրենց ձկնորսութեան գործին։ Հաւանաբար Յիսուս այժմ կը փնտռէ զանոնք, քանի որ ժամանակն է որ կայուն, կանոնաւոր օգնականներ մարզէ, որպէսզի իր մեկնելէն ետք ծառայութիւնը շարունակեն։
Երբ Յիսուս ծովեզերքը կը քալէ, Սիմոն Պետրոսն ու իր ընկերները կը տեսնէ, որոնք իրենց ուռկանները կը լուան, եւ անոնց կը մօտենայ։ Ան կը մտնէ Պետրոսի նաւուն մէջ եւ իրմէ կը խնդրէ որ նաւը հեռացնէ ցամաքէն։ Երբ քիչ մը կը հեռանան, Յիսուս կը նստի նաւուն մէջ եւ կը սկսի սորվեցնել ծովեզերքը գտնուող բազմութեան։
Ապա Յիսուս կ’ըսէ Պետրոսի. «Յառաջ տար նաւը՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու»։
«Վա՛րդապետ», կը պատասխանէ Պետրոս, «բոլոր գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չբռնեցինք. բայց քու խօսքիդ համար ուռկանը կը ձգեմ»։
Երբ ուռկանները կը նետեն, այնքան շատ ձուկ կ’որսան, որ ուռկանները կը սկսին պատռտիլ։ Մարդիկը նաւուն մօտ գտնուող իրենց ընկերներուն աչք կ’ընեն որ իրենց օգնութեան հասնին։ Շուտով երկու նաւերն ալ այնքան կը լեցուին ձուկերով, որ ընկղմելու կը սկսին։ Ասիկա տեսնելով, Պետրոս Յիսուսի ծունկերուն իյնալով կ’ըսէ. «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»։
«Մի՛ վախնար», կը պատասխանէ Յիսուս, «ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։
Յիսուս նաեւ կը հրաւիրէ Պետրոսի եղբայրը՝ Անդրէասը։ «Իմ ետեւէս եկէք», կը յորդորէ ան, «ու ձեզ մարդոց որսորդ պիտի ընեմ»։ Իրենց ձկնորս ընկերները, Յակոբոս եւ Յովհաննէս՝ Զեբեդիոսի որդիները, նոյն հրաւէրը կը ստանան. անոնք ալ կ’ընդառաջեն առանց երկմտելու։ Ուստի այս չորսը կը լքեն իրենց ձկնորսութեան գործը եւ Յիսուսի առաջին չորս յարատեւ եւ կանոնաւոր հետեւորդները կ’ըլլան։ Ղուկաս 5։1-11. Մատթէոս 4։13-22. Մարկոս 1։16-20. Եսայեայ 9։1, 2
▪ Յիսուս ինչո՞ւ կը կանչէ իր աշակերտները որ իրեն հետեւին, եւ որո՞նք են անոնք։
▪ Ո՞ր հրաշքը վախ կը ներշնչէ Պետրոսի։
▪ Յիսուս իր աշակերտները ի՞նչպիսի ձկնորսութեան մը կը հրաւիրէ։