Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատրա՜ստ կեցէք

Պատրա՜ստ կեցէք

Գլուխ 78

Պատրա՜ստ կեցէք

ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ դէմ ժողովուրդը ազդարարելէ ու նիւթական բաներու չափազանց ուշադրութիւն տալու դէմ իր աշակերտները զգուշացնելէ ետք, Յիսուս կը քաջալերէ զանոնք, ըսելով. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ Այսպիսով, ան կը յայտնէ որ յարաբերաբար փոքր թիւ մը (որ հետագային յայտնուեցաւ որպէս 144,000 հոգի) պիտի ըլլայ երկնքի Թագաւորութեան մէջ։ Յաւիտենական կեանք ստացողներուն մեծամասնութիւնը այս Թագաւորութեան երկրային հպատակները պիտի ըլլան։

Ի՜նչ հոյակապ պարգեւ մըն է «թագաւորութիւնը»։ Նկարագրելով թէ աշակերտները ի՛նչ ընդառաջում պէտք է ունենան այս պարգեւը ստանալէ ետք, Յիսուս կը յորդորէ զանոնք, ըսելով. «Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք»։ Այո, անոնք իրենց ունեցածը ուրիշներուն հոգեւորապէս օգտակար ըլլալու համար պէտք է գործածեն եւ այսպիսով «երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը» դիզեն։

Ապա Յիսուս կը խրատէ իր աշակերտները որ պատրաստ կենան իր վերադարձին համար։ Ան կ’ըսէ. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն, որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։ Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ Տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք եւ առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց»։

Այս առակին մէջ, ծառաները ցոյց կու տան որ իրենց տիրոջը վերադարձին համար պատրաստ են, իրենց երկար հանդերձները վեր քաշելով ու զանոնք իրենց մէջքի գօտիին տակ ամրապնդելով, եւ շարունակելով իրենց պարտականութիւնները կատարել մինչեւ ուշ գիշեր, լաւ վառուած ճրագներու լոյսին տակ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ [տէրը] գիշերուան երկրորդ պահուն [երեկոյեան մօտաւորապէս իննէն մինչեւ կէս գիշերը] գայ, կամ երրորդ պահուն [կէս գիշերէն մինչեւ առտուան շուրջ երեքը] գայ ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները»։

Տէրը իր ծառաները արտակարգ կերպով կը վարձատրէ։ Ան զանոնք սեղան կը նստեցնէ ու կը սկսի անոնց սպասաւորութիւն ընել։ Անոնց հետ ծառաներու նման չի վարուիր, այլ՝ հաւատարիմ բարեկամներու պէս։ Իրենց տիրոջ վերադարձին սպասելով, ամբողջ գիշերը յարատեւաբար աշխատելուն փոխարէն ի՜նչ հոյակապ վարձատրութիւն։ Յիսուս կ’եզրափակէ ըսելով. «Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։

Արդ Պետրոս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, այդ առակը մե՞զի կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։

Փոխանակ ուղղակիօրէն պատասխանելու, Յիսուս ուրիշ առակ մը կու տայ։ Ան կը հարցնէ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։

«Տէր»ը ակներեւաբար Յիսուս Քրիստոսն է։ «Տնտես»ը կը պատկերացնէ իր աշակերտներու «պզտիկ հօտ»ը որպէս ամբողջութիւն, իսկ «իր գերդաստան»ը կ’ակնարկէ այս նոյն խումբին, 144,000–ին, որոնք երկնային Թագաւորութիւնը կը ստանան, բայց այս արտայայտութիւնը կը շեշտէ անոնց գործը որպէս անհատներ։ Հաւատարիմ տնտեսին հոգատարութեան յանձնուած «ունեցած»ը՝ երկրի վրայ տիրոջը արքայական շահերն են, որոնք կը պարփակեն Թագաւորութեան երկրային հպատակները։

Առակը շարունակելով, Յիսուս կը մատնանշէ այն հաւանականութեան թէ տնտես, կամ ծառայ, դասակարգին բոլոր անդամներն ալ հաւատարիմ պիտի չմնան։ Ան կ’ըսէ. «Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր . . . եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ»։

Ապա Յիսուս կը նշէ որ իր գալը «կրակ» ձգած է Հրեաներուն մէջ, ոմանք ընդունելով, իսկ ուրիշները մերժելով իր ուսուցումները։ Աւելի քան երեք տարի առաջ, ան ջուրի մէջ մկրտուած էր, բայց այժմ մահուան մէջ իր մկրտութիւնը հետզհետէ իր աւարտին կը մօտենայ, եւ ինչպէս ինք կ’արտայայտուի. «Ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի»։

Աշակերտներուն այս նկատողութիւնները ընելէ ետք, Յիսուս դարձեալ կը խօսի ժողովուրդին։ Իր ինքնութեան եւ անոր իմաստին մասին բացայայտ իրողութիւնը մերժելու անոնց յամառութեան վրայ կ’ողբայ, ըսելով. «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ»։ Ղուկաս 12։32-59

Քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ «պզտիկ հօտ»ը, եւ անոնք ի՞նչ կը ստանան։

Յիսուս ի՞նչպէս կը շեշտէ իր աշակերտներուն պատրաստ ըլլալու կարեւորութիւնը։

Յիսուսի առակին մէջ, ո՞վ է «տէր»ը, «տնտես»ը, «իր գերդաստան»ը եւ «ունեցած»ը։