Պիղատոսէն Հերովդէսի՝ եւ Հերովդէսէն ետ Պիղատոսի կը ղրկուի
Գլուխ 122
Պիղատոսէն Հերովդէսի՝ եւ Հերովդէսէն ետ Պիղատոսի կը ղրկուի
ԹԷԵՒ Յիսուս երբեք չի փորձեր Պիղատոսէն պահել թէ ինք թագաւոր մըն է, սակայն կը բացատրէ, որ իր Թագաւորութիւնը սպառնալիք մը չէ Հռովմի։ «Իմ Թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ», կ’ըսէ ան։ Այս կերպով, Յիսուս երեք անգամ կ’ընդունի որ ինք Թագաւորութիւն մը ունի, թէեւ՝ ոչ երկրային։
Սակայն Պիղատոս յաւելեալ ճնշում բանեցնելով կը հարցնէ. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»։ Ան ըսել կ’ուզէ՝ բայց դուն թագաւո՞ր մըն ես, եթէ նոյնիսկ թագաւորութիւնդ այս աշխարհէն չէ։
Յիսուս կը գիտցնէ Պիղատոսի թէ իր եզրակացութիւնը շիտակ է, ըսելով. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։
Արդարեւ, Յիսուսի երկիր գալուն բուն նպատակը «ճշմարտութեան» եւ մասնաւորաբար՝ իր Թագաւորութեան մասին վկայել է։ Յիսուս պատրաստուած է որ հաւատարիմ ըլլայ այդ ճշմարտութեան, նոյնիսկ ի գին իր կեանքին։ Թէեւ Պիղատոս կը հարցնէ՝ «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը», բայց յաւելեալ բացատրութեան մը չի սպասեր։ Ան բաւարար տեղեկութիւն ունի իր վճիռը արձակելու համար։
Պիղատոս դուրսը սպասող ամբոխին կը վերադառնայ։ Ակներեւաբար, Յիսուսը իր կողքին ունենալով, քահանայապետներուն եւ անոնց հետ գտնուողներուն կ’ըսէ. «Ես յանցանք մը չեմ գտներ անոր վրայ»։
Այս որոշումէն զայրանալով, ժողովուրդը ոտք կը կոխէ ու կ’ըսէ. «Ժողովուրդը իրար կ’անցընէ ու բոլոր Հրէաստանի մէջ կը սորվեցնէ՝ Գալիլիայէն սկսած մինչեւ այստեղ»։
Վստահօրէն, Հրեաներուն անտրամաբանական մոլեռանդութիւնը կը զարմացնէ Պիղատոսը։ Ուստի, մինչ քահանայապետները եւ ծերերը կը շարունակեն աղաղակել, Պիղատոս դառնալով Յիսուսի կ’ըսէ. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք»։ Սակայն Յիսուս պատասխանելու փորձ չ’ըներ։ Պիղատոս կը սքանչանայ Յիսուսի դէմքին անդորրութեան վրայ։
Իմանալով թէ Յիսուս Գալիլիացի մըն է, Պիղատոս պատասխանատուութենէ փախուստ տալու կերպ մը կը գտնէ։ Գալիլիայի կուսակալը, Հերովդէս Անթիպաս (Մեծն Հերովդէսի որդին), Երուսաղէմ կը գտնուի Պասեքի Տօնին համար, ուստի Պիղատոս Յիսուսը իրեն կը ղրկէ։ Նախապէս, Հերովդէս Անթիպաս Յովհաննէս Մկրտիչը գլխատած էր, ապա Յիսուսի կատարած հրաշալի գործերուն մասին լսելով՝ սարսափած էր, վախնալով որ Յիսուս իրականութեան մէջ Յովհաննէսն էր, որ մեռելներէն յարութիւն առած էր։
Այժմ Հերովդէս Յիսուսը տեսնելու հեռանկարով շատ ուրախ է։ Ո՛չ թէ Յիսուսի բարօրութեամբ հետաքրքրուած ըլլալուն, կամ անոր դէմ կուտակուած ամբաստանութիւնները ստուգելու իսկական ջանք թափելու փափաքը ունենալուն համար, հապա պարզապէս հետաքրքիր է եւ կը յուսայ անկէ կարգ մը հրաշքներ տեսնել։
Յիսուս, սակայն, կը մերժէ Հերովդէսի հետաքրքրութեան գոհացում տալ։ Իրականութեան մէջ, երբ Հերովդէս կը հարցուփորձէ զինք, անիկա բնաւ պատասխան չի տար։ Յուսախաբ եղած՝ Հերովդէս իր զինուորներուն հետ ծաղր կ’ընէ զանիկա։ Անոր փառաւոր հանդերձներ կը հագցնեն եւ ետ Պիղատոսի կը ղրկեն։ Որպէս արդիւնք՝ Հերովդէս ու Պիղատոս, որոնք նախապէս թշնամիներ էին, իրարու հետ լաւ բարեկամներ կ’ըլլան։
Երբ Յիսուս կը վերադառնայ, Պիղատոս քահանայապետները, իշխաններն ու ժողովուրդը մէկտեղ կանչելով կ’ըսէ. «Այս մարդը առջեւս բերիք ժողովուրդը մոլորեցնողի մը պէս, բայց ես ձեր առջեւ քննութիւն ընելով՝ ատոր համար ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն յանցանք մը չգտայ այդ մարդուն վրայ։ Ո՛չ ալ Հերովդէս, վասն զի ձեզ անոր ղրկեցի եւ ահա ատիկա մահու արժանի գործ մը ըրած չէ։ Ուրեմն պատիժ մը տամ անոր ու արձակեմ»։
Այսպէս, Պիղատոս երկու անգամ Յիսուսը անպարտ կը յայտարարէ։ Ան կը փափաքի զայն ազատ արձակել, քանի որ կը նկատէ թէ միայն նախանձէ մղուած քահանաները զինք իրեն յանձնած են։ Մինչ Պիղատոս կը շարունակէ Յիսուսը ազատ արձակելու իր ջանքերը, ասիկա ընելու աւելի զօրաւոր դրդապատճառ մը կ’ունենայ։ Երբ Պիղատոս ատեանը նստած է, իր կինը մէկը կը ղրկէ իրեն ու կ’ըսէ. «Դուն այն արդարին հետ գործ մի ունենար, վասն զի այսօր երազիս մէջ [հաւանաբար Աստուծոյ կողմէն] շատ դիպուածներ անցան գլխէս անոր համար»։
Պիղատոս կը փափաքի. սակայն, ի՞նչպէս պիտի կարենայ այս արդար մարդը արձակել։ Յովհաննու 18։36-38. Ղուկաս 23։4-16. Մատթէոս 27։12-14, 18, 19. 14։1, 2. Մարկոս 15։2-5
▪ Յիսուս իր թագաւորութեան վերաբերեալ հարցումին ի՞նչպէս կը պատասխանէ։
▪ Ի՞նչ է «ճշմարտութիւն»ը, որու մասին վկայելով անցուց Յիսուս իր երկրային կեանքը։
▪ Պիղատոսի վճիռը ի՞նչ է, ժողովուրդին հակազդեցութիւնը ի՞նչ է, եւ Պիղատոս ի՞նչ կ’ընէ Յիսուսի։
▪ Ո՞վ է Հերովդէս Անթիպաս, ան ինչո՞ւ շատ կ’ուրախանայ Յիսուսը տեսնելով, եւ ի՞նչ կ’ընէ անոր։
▪ Պիղատոս ինչո՞ւ կը փափաքի Յիսուսը ազատ արձակել։