Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սամարացի կնոջ մը կը սորվեցնէ

Սամարացի կնոջ մը կը սորվեցնէ

Գլուխ 19

Սամարացի կնոջ մը կը սորվեցնէ

ՀՐԷԱՍՏԱՆԷ Գալիլիա վերադարձի ճամբուն վրայ, Յիսուս եւ իր աշակերտները Սամարիայէն կ’անցնին։ Ճամբորդութենէն յոգնած, կէսօրուան մօտ կը կենան Սուքար քաղաքին մօտ գտնուող ջրհորի մը քով, որպէսզի քիչ մը հանգստանան։ Այս ջրհորը դարեր առաջ փորուած էր Յակոբի կողմէ, եւ ան մինչեւ այսօր կը մնայ արդի Նապլուս քաղաքին մօտ։

Մինչ Յիսուս հոս կը հանգչի, իր աշակերտները քաղաք կ’երթան որ քիչ մը ուտելիք գնեն։ Երբ Սամարացի կին մը կու գայ ջուր քաշելու, ան կնոջմէն կը խնդրէ՝ «Ինծի ջուր տուր խմելու»։

Հրեաները եւ Սամարացիները իրարու հետ յարաբերութիւն չունին, խորապէս հաստատուած նախապաշարումներու պատճառաւ։ Ուստի, զարմանքով կինը կը հարցնէ. «Դուն որ Հրեայ ես, ի՞նչպէս կ’ուզես ջուր խմել ինծմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը»։

«Եթէ դուն գիտնայիր», կը պատասխանէ Յիսուս, «թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։

«Տէ՛ր», կը պատասխանէ ան, «դուն բան մը չունիս ջուր քաշելու ու այս հորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս այն կենդանի ջուրը։ Միթէ դուն մեր Յակոբ հօրմէն աւելի մե՞ծ ես, որ այս հորը մեզի տուաւ եւ ասկէ խմեցին ինք ու իր որդիները եւ իր անասունները»։

«Ամէն ով որ այս ջուրէն խմէ, նորէն պիտի ծարաւի, բայց ո՛վ որ խմէ այն ջուրէն որ ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի։ Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի», կ’ըսէ Յիսուս։

«Տէ՛ր, տուր ինծի այն ջուրը, որպէս զի չծարաւիմ եւ հոս չգամ ջուր հանելու», կը պատասխանէ կինը։

Այն ատեն Յիսուս կ’ըսէ անոր. «Գնա՛ քու այրդ կանչէ ու հոս եկուր»։

«Ես այր չունիմ», կը պատասխանէ կինը։

Յիսուս կը հաստատէ կնոջ խօսքը. «Աղէկ ըսիր թէ այր չունիմ, վասն զի դուն հինգ այր ունեցեր ես եւ ան որ հիմա ունիս՝ քու այրդ չէ»։

«Տէ՛ր, կը տեսնեմ թէ դուն մարգարէ մըն ես», կ’ըսէ կինը ապշելով։ Հոգեւոր գետնի վրայ իր հետաքրքրութիւնը յայտնելով՝ ան կը նշէ թէ Սամարացիները «այս [մօտակայ Գարիզին] լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին. բայց դուք [Հրեաները] կ’ըսէք թէ ‘Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել’»։

Սակայն Յիսուս կը մատնանշէ թէ պաշտամունքի վայրը չէ կարեւորագոյն բանը։ «Ժամանակ պիտի գայ», կ’ըսէ ան, «երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։

Կինը մեծապէս կը տպաւորուի։ «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, (Քրիստոս ըսուածը)», կ’ըսէ ան, «երբ ինք գայ՝ ամէն բան մեզի պիտի պատմէ»։

«Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ», կ’ըսէ Յիսուս։ Խորհեցէք պահ մը. այս կինը որ կէսօր ատեն կու գայ ջուր քաշելու, հաւանաբար չուզելով գիւղի կիներուն հետ շփում ունենալ, որոնք զինք կը նախատեն իր վարքին համար, Յիսուսի մասնաւոր հաճութեան կ’արժանանայ։ Յիսուս ուղղակիօրէն իրեն կ’ըսէ բան մը, որ բնաւ բացայայտօրէն չէ ըսած ոեւէ մէկու։ Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

Բազմաթիւ Սամարացիներ կը Հաւատան

Կերակուր առած՝ Սուքարէն վերադարձին, աշակերտները կը գտնեն Յիսուսը Յակոբի հորին քով, ուր զինք ձգած էին. ան Սամարացի կնոջ մը հետ կը խօսի։ Երբ աշակերտները կը հասնին, կինը կը ձգէ իր սափորը եւ քաղաք կ’երթայ։

Յիսուսի ըսած բաներով խորապէս հետաքրքրուած, կինը կ’երթայ եւ կ’ըսէ քաղաքացիներուն. «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ»։ Ապա մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար, ան կը շարունակէ ըսել. «Արդեօք անիկա՞ է Քրիստոսը»։ Հարցումը իր նպատակին կը հասնի։ Մարդիկը կ’արտորան անձնապէս տեսնելու։

Այս միջոցին, աշակերտները կը ստիպեն որ Յիսուս ուտէ քաղաքէն բերած իրենց կերակուրէն։ Սակայն ան կը պատասխանէ, ըսելով. «Ես կերակուր ունիմ ուտելու՝ որ դուք չէք գիտեր»։

«Արդեօք մէկը իրեն ուտելու բա՞ն մը բերաւ», կ’ըսեն աշակերտները իրարու։ Յիսուս կ’ըսէ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ։ Չէ՞ որ դուք կ’ըսէք թէ տակաւին չորս ամիս կայ հունձքի»։ Սակայն, հոգեւոր հունձքին ակնարկելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ կը հնձէ՝ վարձք կ’առնէ ու յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ, որպէս զի սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ ուրախանան»։

Թերեւս Յիսուս արդէն կը տեսնէ Սամարացի կնոջ հետ իր տեսակցութեան արդիւնքը. շատեր իրեն կը հաւատան, կնոջ վկայութեան պատճառաւ։ Կինը իր քաղաքացիներուն կ’ըսէ. «Ինչ որ ես գործեր էի՝ բոլորը ինծի ըսաւ»։ Ուստի, երբ Սուքարի մարդիկը կու գան, Յիսուսէն կը խնդրեն որ իրենց քով կենայ եւ աւելի խօսի։ Յիսուս կ’ընդունի հրաւէրը եւ երկու օր հոն կը կենայ։

Երբ Սամարացիները մտիկ կ’ընեն Յիսուսի, շատ ուրիշներ ալ կը հաւատան անոր, ապա կնոջ կ’ըսեն. «Ասկէ ետք ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար կը հաւատանք, այլ մենք անձամբ լսեցինք եւ գիտենք թէ անիկա է ճշմարտապէս աշխարհի Փրկիչը՝ Քրիստոս»։ Վստահօրէն, Սամարացի կինը լաւ օրինակ մը կը հանդիսանայ թէ ի՛նչպէս կրնանք վկայել Քրիստոսի վրայով. հետաքրքրութիւն արթնցնելով, որպէսզի ունկնդիրները աւելին փնտռեն։

Յիշեցէք թէ հունձքին չորս ամիս կայ. բացայայտօրէն՝ գարիի հունձքն է, որ Պաղեստինի մէջ գարնան կը զուգադիպի։ Ուստի, այժմ հաւանաբար Նոյեմբեր կամ Դեկտեմբեր ամիսն է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Հ.Դ. 30–ի Պասեքէն ետք, Յիսուս եւ իր աշակերտները ութ ամիս Հրէաստանի մէջ կ’անցընեն, սորվեցնելով եւ մկրտելով։ Այժմ անոնք իրենց ծննդավայրի թաղամասը՝ Գալիլիա՝ կ’ուղղուին։ Անոնց ի՞նչ կը սպասէ հոն։ Յովհաննու 4։3-43

Սամարացի կինը ինչո՞ւ կը զարմանայ որ Յիսուս իրեն հետ կը խօսի։

Յիսուս կնոջ ի՞նչ կը սորվեցնէ կենդանի ջուրի եւ պաշտամունքի վայրին մասին։

Յիսուս ի՞նչպէս կը յայտնէ կնոջ իր ո՛վ ըլլալը, եւ այս յայտնաբերումը ինչո՞ւ ապշեցուցիչ է։

Սամարացի կինը ի՞նչ վկայութիւն կու տայ, եւ ի՛նչ արդիւնքով։

Յիսուսի կերակուրը ի՞նչ կապակցութիւն ունի հունձքին հետ։

Հ.Դ. 30–ի Պասեքէն ետք, Հրէաստանի մէջ Յիսուսի ծառայութեան երկարութիւնը ի՞նչպէս կրնանք որոշել։