Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սարսափելի փոթորիկ մը կը հանդարտեցնէ

Սարսափելի փոթորիկ մը կը հանդարտեցնէ

Գլուխ 44

Սարսափելի փոթորիկ մը կը հանդարտեցնէ

ՅԻՍՈՒՍ գործունէութեամբ լեցուն օր մը ունեցած է, ծովափը գտնուող ժողովուրդին սորվեցնելով եւ անկէ յետոյ անհատապէս իր աշակերտներուն առակներ բացատրելով։ Երբ իրիկուն կ’ըլլայ, ան կ’ըսէ. «Եկէք ծովուն անդիի կողմը անցնինք»։

Գալիլիոյ Ծովուն արեւելեան ափի շրջանը կը կոչուի Դեկապոլիս. Յունարէն՝ դեկա կը նշանակէ «տասը», իսկ պոլիս՝ «քաղաք»։ Դեկապոլսոյ քաղաքները յունական մշակոյթի կեդրոն մըն են, ուր նաեւ անկասկած, բազմաթիւ Հրեաներ կը բնակին։ Սակայն, այդ շրջանին մէջ Յիսուսի գործունէութիւնը շատ սահմանափակ է։ Ինչպէս հետագային պիտի տեսնենք, այս այցելութեան ընթացքին, ան արգելք կ’ունենայ հոն երկար մնալու։

Երբ Յիսուս կը խնդրէ որ միւս ափը անցնին, աշակերտները զինք նաւուն մէջ կ’առնեն։ Սակայն, անոնց մեկնումը աննկատ չի մնար։ Շուտով ուրիշներ իրենց նաւակներով կ’ընկերակցին անոնց։ Հեռաւորութիւնը շատ չէ։ Արդարեւ, Գալիլիոյ Ծովը պարզապէս 21 քմ. երկարութեամբ եւ 12 քմ. լայնքով մեծ լիճ մըն է։

Հասկնալիօրէն Յիսուս յոգնած է։ Ուստի, հազիւ ճամբայ կ’ելլեն, ան նաւուն ետեւի կողմը կ’երթայ, իր գլուխը բարձի մը վրայ կը դնէ եւ շուտով քունի կ’անցնի։ Առաքեալներէն շատերը Գալիլիոյ Ծովուն վրայ շատ յաճախ ձկնորսութիւն ըրած փորձառու նաւաստիներ են։ Ուստի, անոնք յանձն կ’առնեն նաւարկութիւնը։

Բայց ասիկա դիւրին ճամբորդութիւն մը պիտի չըլլայ։ Լիճը՝ ծովու մակերեսէն շուրջ 210 մեթր ցած է եւ անոր մակերեսի աւելի ջերմ օդին եւ շրջակայ լեռներէն եկող աւելի պաղ օդին պատճառաւ, երբեմն զօրաւոր հովեր կը փչեն եւ յանկարծակի սաստիկ փոթորիկներ կը ստեղծեն լիճին վրայ։ Այս է որ հիմա տեղի կ’ունենայ։ Անմիջապէս ալիքները կը սկսին հարուածել նաւը ու զայն ջուրերով կը լեցնեն, այնպէս որ նաւը ընկղմելու վրայ է։ Բայց Յիսուս կը շարունակէ քնանալ։

Փորձառու նաւաստիները կատաղօրէն կը ջանան նաւը ղեկավարել։ Անկասկած անոնք նախապէս նաւարկած են փոթորիկներու ընդմէջէն։ Բայց այս անգամ անոնք ճարահատ են։ Իրենց կեանքերուն համար վախնալով, անոնք Յիսուսը կ’արթնցնեն։ ‘Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞։ Ընկղմելու վրա՜յ ե՛նք’, կը բացագանչեն անոնք։ ‘Ազատէ մեզ, պիտի խեղթուի՛նք’։

Արթննալով՝ Յիսուս կը հրամայէ հովին եւ ծովուն. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Կատաղած հովը կը դադարի եւ ծովը կը հանդարտի։ Իր աշակերտներուն դառնալով, ան կը հարցնէ. ‘Ինչո՞ւ այդպէս կը վախնաք։ Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ հաւատք չունիք’։

Այդ պահուն, անսովոր վախ մը կը պատէ աշակերտները։ ‘Արդեօք ո՞վ է ասիկա’, կը հարցնեն իրարու, ‘որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին’։

Յիսուս ի՜նչ զօրութիւն ցոյց կու տայ։ Որքա՜ն սրտապնդիչ է գիտնալ թէ մեր Թագաւորը բնութեան տարրերուն վրայ զօրութիւն ունի եւ իր Թագաւորութեան իշխանութեան ընթացքին երբ ան իր ուշադրութիւնը մեր երկրին դարձնէ, բոլոր մարդիկ բնութեան ահաւոր աղէտներէն զերծ ըլլալով, ապահովութեամբ պիտի բնակին։

Փոթորիկը սաստելէն քիչ ետք, Յիսուս եւ իր աշակերտները ապահով կը հասնին արեւելեան ափը։ Թերեւս միւս նաւակները սաստիկ փոթորիկի չհանդիպեցան եւ ապահով իրենց տուները վերադարձան։ Մարկոս 4։35–5։1. Մատթէոս 8։18, 23-27. Ղուկաս 8։22-26

Ի՞նչ է Դեկապոլիսը, եւ ան ո՞ւր կը գտնուի։

Ֆիզիքական ի՞նչ երեսակներ պատասխանատու են Գալիլիոյ Ծովուն վրայ սաստիկ փոթորիկներուն։

Երբ իրենց նաւարկութեան հմտութիւնը չի փրկեր զիրենք, աշակերտները ի՞նչ կ’ընեն։