Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սենետրիոնին՝ ապա Պիղատոսի դիմաց

Սենետրիոնին՝ ապա Պիղատոսի դիմաց

Գլուխ 121

Սենետրիոնին՝ ապա Պիղատոսի դիմաց

ԳԻՇԵՐԸ իր վախճանին հասնելու վրայ է։ Պետրոս երրորդ անգամ ըլլալով Յիսուսը ուրացած է, իսկ Սենետրիոնի անդամները իրենց կեղծ դատավարութիւնը աւարտած ու ցրուած են։ Սակայն, Ուրբաթ օրուան արշալոյսին, անոնք դարձեալ կը հաւաքուին, այս անգամ, Սենետրիոնի իրենց սրահին մէջ։ Հաւանաբար, անոնց նպատակն է գիշերուան դատավարութեան օրինաւոր երեւոյթ մը տալ։ Երբ Յիսուս իրենց առջեւ կը բերուի, անոնք կը կրկնեն ինչ որ գիշերը հարցուցած էին. «Եթէ Քրիստոսը դուն ես, ըսէ մեզի»։

«Եթէ ձեզի ըսեմ ալ՝ պիտի չհաւատաք», կ’ըսէ Յիսուս։ «Եթէ ձեզի բան մը հարցնեմ, ինծի պատասխան պիտի չտաք»։ Սակայն, Յիսուս խիզախօրէն իր ինքնութեան ակնարկելով, կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ Որդին մարդոյ Աստուծոյ զօրութեանը աջ կողմը պիտի նստի»։

«Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես», կ’ուզեն գիտնալ ամէնքը։

«Դուք կ’ըսէք թէ ես եմ», կը պատասխանէ Յիսուս։

Իր մահը փնտռող մարդոց համար, այդ պատասխանը բաւարար է։ Զայն հայհոյութիւն կը նկատեն, ու կը բացագանչեն. «Ալ ի՞նչ պէտք է մեզի վկայութիւն, վասն զի մենք անձամբ անոր բերնէն լսեցինք»։ Ուստի անոնք կը կապեն Յիսուսը ու զայն կը տանին Հռովմայեցի կուսակալ՝ Պոնտացի Պիղատոսի։

Յիսուսի մատնիչը՝ Յուդան, անցուդարձերը մօտէն կը դիտէ։ Երբ կը տեսնէ թէ Յիսուս դատապարտուած է, կը խղճահարուի։ Ուստի քահանայապետներուն եւ ծերերուն 30 կտոր արծաթը ետ կը դարձնէ, ըսելով. «Մեղա՜յ, անմեղ արիւն մատնեցի»։

«Մեզի ի՞նչ, դուն նայէ», կ’ըսեն անոնք անսրտութեամբ։ Ուստի, Յուդա արծաթի կտորները տաճարին մէջ կը նետէ, դուրս կ’ելլէ եւ կը փորձէ ինքզինք կախել։ Սակայն, այն ճիւղը որուն վրայ չուանը կը կապէ, ակներեւաբար կը կոտրի եւ վարը գտնուող ապառաժներուն վրայ իյնալով՝ մէջտեղէն կը ճեղքուի ու փորոտիքը դուրս կը թափուի։

Քահանայապետները չեն գիտեր թէ ի՛նչ ընեն այդ դրամով։ «Արժան չէ ատիկա կորբանին մէջ դնել, վասն զի արեան գին է», կ’եզրակացնեն անոնք։ Ուստի, խորհրդակցելէ ետք, այդ դրամով բրուտին արտը կը գնեն օտարներու գերեզմանատուն ըլլալու համար։ Այս պատճառաւ այն արտը՝ «Արեան արտ» կը կոչուի։

Վաղ առաւօտեան, Յիսուսը կուսակալին պալատը կը տարուի։ Սակայն իրեն ընկերակցող Հրեաները կը մերժեն ներս մտնել, քանի որ կը հաւատան թէ Հեթանոսներու հետ այսպիսի մտերմութիւն մը պիտի պղծէ զիրենք։ Ուստի, խնդիրը դիւրացնելու համար, Պիղատոս ինք դուրս կ’ելլէ։ «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ», կը հարցնէ ան։

«Եթէ ատիկա չարագործ մը չըլլար, քեզի չէինք մատներ զանիկա», կը պատասխանեն անոնք։

Փափաքելով այս հարցին միջամուխ չըլլալ, Պիղատոս կը պատասխանէ. «Դուք առէք զանիկա ու ձեր օրէնքին համեմատ անոր դատաստանը տեսէք»։

Իրենց ոճրային միտումը յայտնաբերելով, Հրեաները կ’ըսեն. «Մեզի օրինաւոր չէ մարդ մը մեռցնել»։ Արդարեւ, եթէ իրենք Յիսուսը սպաննելու ըլլային Պասեքի Տօնին, հաւանաբար հանրութեան մէջ տակնուվրայութիւն պիտի ստեղծուէր, քանի որ շատեր Յիսուսի հանդէպ ակնածանք ունէին։ Սակայն եթէ կարենային կարգադրել որ Հռովմէացիները քաղաքական պատճառներով սպաննէին զինք, ժողովուրդին առջեւ անոր պատասխանատուութենէ ազատած պիտի ըլլային։

Ուստի կրօնական առաջնորդները, իրենց նախկին դատավարութիւնը երբեք չյիշելով, որուն ընթացքին Յիսուսը որպէս հայհոյիչ դատապարտած էին, այժմ տարբեր ամբաստանութիւններ կը կուտակեն անոր վրայ։ Անոնք երրեակ ամբաստանութիւն մը կ’ընեն անոր դէմ, ըսելով. «Ասիկա գտանք, որ [1] մեր ազգը կը մոլորեցնէ ու [2] Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէ եւ [3] իրեն համար կ’ըսէ թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է»։

Պիղատոսը մտահոգող ամբաստանութիւնը այն է թէ՝ Յիսուս կը դաւանի թագաւոր ըլլալ։ Ուստի ետ պալատ կը մտնէ, Յիսուսը իրեն կանչելով կը հարցնէ անոր. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Ուրիշ խօսքով, օրինազա՞նց եղած ես ինքզինքդ թագաւոր հռչակելով Կայսրին հակառակ։

Յիսուս կ’ուզէ գիտնալ թէ Պիղատոս ո՛րքան իր մասին լսած է, ուստի կը հարցնէ. «Ատիկա դուն քեզմէ՞ կ’ըսես, թէ ինծի համար ուրիշներ քեզի ըսին»։

Պիղատոս կը դաւանի թէ չի գիտեր եւ իրողութիւնները գիտնալու փափաք կը յայտնէ. «Միթէ ես Հրեա՞յ եմ. քու ազգդ եւ քահանայապետները քեզ ինծի մատնեցին. ի՞նչ ըրած ես դուն»։

Յիսուս երբեք չի փորձեր խորամանկութեամբ թագաւորութեան հարցէն խուսափիլ։ Արդ, Յիսուսի տուած պատասխանը անկասկած կը զարմացնէ Պիղատոսը։ Ղուկաս 22։66–23։3. Մատթէոս 27։1-11. Մարկոս 15։1. Յովհաննու 18։28-35. Գործք 1։16-20

Ի՞նչ նպատակաւ Սենետրիոնը դարձեալ կը հաւաքուի առաւօտուն։

Յուդան ի՞նչպէս կը մեռնի, եւ 30 կտոր արծաթով ի՞նչ կ’ընեն։

Փոխանակ իրե՛նք Յիսուսը սպաննելու, Հրեաները ինչո՞ւ կ’ուզեն որ Հռովմէացիները սպաննեն զինք։

Հրեաները ի՞նչ ամբաստանութիւններ կ’ընեն Յիսուսի դէմ։