Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերջին օրերու նշանը

Վերջին օրերու նշանը

Գլուխ 111

Վերջին օրերու նշանը

ԱՅԺՄ Երեքշաբթի յետմիջօրէն է։ Մինչ Յիսուս Ձիթենեաց Լերան վրայ նստած, վարը՝ տաճարը կը դիտէ, Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առանձին կու գան իրեն։ Անոնք մտահոգուած են տաճարին վրայով, քանի որ Յիսուս տակաւին նոր նախագուշակած էր, թէ քար քարի վրայ պիտի չմնար որ չքակուէր։

Ակներեւաբար, իրենց մտքէն աւելի բաներ կ’անցնին մինչ կը մօտենան Յիսուսի։ Քանի մը շաբաթ առաջ ան խօսած էր իր «ներկայութեան» մասին, որուն ընթացքին ‘Որդին մարդոյ պիտի յայտնուէր’։ Անկէ առաջ, առիթով մը, «իրերու դրութեան վախճանին» մասին խօսած էր։ Ուստի, առաքեալները շատ հետաքրքիր են։

«Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները [որոնք Երուսաղէմի ու անոր տաճարին կործանման պատճառ պիտի ըլլան], եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին [«իրերու դրութեան վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ», կ’ըսեն անոնք։ Իրականութեան մէջ, իրենց հարցումը երեք մասերէ կը բաղկանայ։ Նախ՝ անոնք կ’ուզեն գիտնալ Երուսաղէմի եւ անոր տաճարի վախճանին, ապա թագաւորական զօրութեամբ Յիսուսի ներկայութեան, եւ վերջապէս ամբողջ իրերու դրութեան վախճանին, մասին։

Հարցումին երեք մասին համար Յիսուս երկար պատասխան մը կու տայ։ Ան նշան մը կու տայ, մատնանշելով թէ հրէական դրութիւնը ե՛րբ պիտի վերջանայ. սակայն անկէ աւելին կ’ընէ։ Ան նաեւ նշան մը կու տայ, որ իր ապագայ աշակերտները արթուն պիտի պահէր, որպէսզի կարենային գիտնալ թէ իր ներկայութեան, ինչպէս նաեւ ամբողջ իրերու դրութեան վախճանին մօտ եղող ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’ապրին։

Մինչ տարիները կ’անցնին, առաքեալները կը նշմարեն Յիսուսի մարգարէութեան կատարումը։ Այո, իր ըսած բաները կը սկսին կատարուիլ ճիշդ իրենց օրերուն։ Ուստի, 37 տարիներ ետք ողջ մնացած Քրիստոնեաները, անակնկալի չեն գար Հ.Դ. 70–ին, երբ հրէական դրութիւնը իր տաճարով մէկտեղ կը կործանի։

Սակայն, Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ իրերու դրութեան վախճանը Հ.Դ. 70–ին տեղի չեն ունենար։ Թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութիւնը շատ աւելի վերջ տեղի կ’ունենայ։ Սակայն ե՞րբ։ Յիսուսի մարգարէութեան ուսումնասիրութիւնը կը յայտնաբերէ ասիկա։

Յիսուս կը նախագուշակէ որ «պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր» պիտի լսեն։ «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ», կ’ըսէ ան, եւ սովեր, երկրաշարժներ ու մահտարաժամներ պիտի ըլլան։ Իր աշակերտները պիտի ատուին ու սպաննուին։ Սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ Անօրէնութիւնը պիտի շատնայ եւ շատերուն սէրը պիտի պաղի։ Միեւնոյն ժամանակ, Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզուի, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու համար։

Թէեւ Յիսուսի մարգարէութիւնը սահմանափակ կատարում մը կ’ունենայ Հ.Դ. 70–ի Երուսաղէմի կործանումէն առաջ, սակայն աւելի մեծ կատարում մը տեղի կ’ունենայ իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին։ 1914–էն ի վեր աշխարհի դէպքերը ուշադրութեամբ վերաքաղ ընելը կը յայտնէ, թէ Յիսուսի ծանրակշիռ մարգարէութիւնը իր մեծագոյն կատարումը կ’ունենայ այդ տարուընէ ի վեր։

Նշանին ուրիշ մէկ մասը զոր Յիսուս կու տայ՝ «աւերմունքի պղծութիւն»ն է։ Հ.Դ. 66–ին այս աւերմունքի պղծութիւնը կը յայտնաբերուի Երուսաղէմը պաշարող հռովմէական «զօրքեր»ով, որոնք կը սկսին տաճարին պատերը տակէն փորել։ «Պղծութիւնը» կը կենայ հոն՝ ուր պէտք չէ կենայ։

Նշանին մեծագոյն կատարման մէջ, պղծութիւնը Ազգերու Դաշնակցութիւնը եւ անոր յաջորդը եղող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնն է։ Աշխարհի խաղաղութեան համար կարգուած այս կազմակերպութիւնը Քրիստոնեայ Աշխարհին կողմէ նկատուած է որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան փոխանորդը։ ի՜նչ պղծութիւն։ Հետեւաբար, ժամանակի ընթացքին, Միացեալ Ազգերու հետ ընկերակցող քաղաքական ուժերը պիտի դառնան Քրիստոնեայ Աշխարհին (հակատիպ Երուսաղէմին) դէմ եւ պիտի ամայացնեն զայն։

Ուստի, Յիսուս կը նախագուշակէ. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ Երուսաղէմի կործանումը, որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 70–ին, արդարեւ մեծ նեղութիւն մըն էր, եւ ըստ տեղեկագրութեանց մէկ միլիոնէ աւելի մարդիկ մահացան։ Յիսուսի մարգարէութեան գլխաւոր կատարումը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ։

Վստահութիւն՝ Վերջին Օրերու Ընթացքին

Մինչ Երեքշաբթի՝ Նիսան 11–ը իր աւարտին կը մօտենայ, Յիսուս կը շարունակէ խօսակցութիւնը իր առաքեալներուն հետ, թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութեան, ինչպէս նաեւ, իրերու դրութեան վախճանին մասին։ Սուտ Քրիստոսներու հետեւելու դէմ կը զգուշացնէ զանոնք։ Փորձեր պիտի կատարուին ‘նոյնիսկ ընտրեալներն ալ մոլորեցնելու’, կ’ըսէ ան։ Սակայն, հեռատես արծիւներու պէս, այս ընտրեալները պիտի հաւաքուին հոն՝ ուր հոգեւոր սնունդ կը գտնուի, այսինքն՝ ճշմարիտ Քրիստոսին հետ, իր անտեսանելի ներկայութեան ատեն։ Անոնք մոլորուելով սուտ Քրիստոսի մը շուրջ պիտի չհաւաքուին։

Սուտ Քրիստոսները միայն տեսանելի երեւում մը կ’ունենան։ Սակայն Յիսուսի ներկայութիւնը՝ անտեսանելի պիտի ըլլայ։ Յիսուս կ’ըսէ թէ մեծ նեղութիւնը պայթելէն ետք, «Արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ»։ Այո, ասիկա մարդկութեան գոյութեան ամենէն խաւար ժամանակը պիտի ըլլայ։ Այնպէս պիտի ըլլայ որպէս թէ ցերեկ ատեն արեւը խաւարած ըլլայ եւ գիշերը լուսինը իր լոյսը չտայ։

«Երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին», կը շարունակէ Յիսուս։ Այսպէս, ան կը մատնանշէ, թէ բառացի երկինքը չարագուշակ երեւոյթ մը պիտի ստանայ։ Մարդկային պատմութեան որեւէ ժամանակէն աւելի վախ եւ վայրագութիւն պիտի ըլլան։

Յիսուս կ’ըսէ թէ որպէս հետեւանք, «Ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան. մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն»։ Արդարեւ, մինչ մարդկային գոյութեան այս ամենասեւ շրջանը իր աւարտին կը մօտենայ, «Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն»։

Սակայն, երբ «Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ» այս չար դրութիւնը կործանելու, բոլորը չէ որ կոծ պիտի ընեն։ «Ընտրեալները»՝ 144,000–ը՝ որ Քրիստոսի հետ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ բաժին պիտի ունենան, կոծ պիտի չընեն. ո՛չ իրենք, ոչ ալ իրենց ընկերակիցները՝ զորս Յիսուս նախապէս «ուրիշ ոչխարներ» կոչեց։ Հակառակ այն իրողութեան, թէ անոնք կ’ապրին մարդկութեան պատմութեան ամենասեւ ժամանակուան մէջ, անոնք կ’ընդառաջեն Յիսուսի քաջալերութեան. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։

Որպէսզի վերջին օրերուն մէջ ապրող իր աշակերտները կարենան բնորոշել թէ վերջը մօտ է, Յիսուս հետեւեալ առակը կու տայ. «Տեսէք թզենին ու բոլոր ծառերը։ Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ’իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։

Ուստի, երբ իր աշակերտները կը տեսնեն նշանին զանազան մասերուն կատարումը, պիտի գիտնան թէ իրերու դրութեան վախճանը մօտ է, եւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով ամէն չարութիւն պիտի ջնջէ։ Իրականութեան մէջ, ‘վերջը’ տեղի պիտի ունենայ այն մարդոց կեանքի տեւողութեան, որոնք կը տեսնեն Յիսուսի ըսած բոլոր բաներուն կատարումը։ Այդ ծանրակշիռ վերջին օրերուն ապրող իր աշակերտները զգուշացնելով, Յիսուս կ’ըսէ.

«Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։

Իմաստուն եւ Յիմար Կոյսերը

Թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութեան մասին նշան ուզող առաքեալներուն Յիսուս կը պատասխանէ։ Այժմ ան նշանին տարբեր երեսակներուն մասին երեք առակ կամ լուսաբանութիւն եւս կու տայ։

Իւրաքանչիւր առակի կատարումը նկատելի պիտի ըլլար իր ներկայութեան ժամանակ ապրողներուն։ Արդ, առաջինը կը ներկայացնէ հետեւեալ բառերով. «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին իսկ հինգը՝ յիմար»։

«Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու» արտայայտութեամբ, Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ երկնքի Թագաւորութիւնը ժառանգողներուն կէսը յիմար իսկ կէսը իմաստուն անհատներ պիտի ըլլային։ Ո՛չ, սակայն, ան ըսել կ’ուզէ թէ երկնքի Թագաւորութեան այս կամ այն մասերը, կամ անոր հետ կապ ունեցող ազդակները, այսպէս կամ այնպէս պիտի ըլլային։

Տասը կոյսերը կը խորհրդանշեն բոլոր Քրիստոնեաները, որոնք երկնքի Թագաւորութեան հետ ներդաշնակ են, կամ կը դաւանին ըլլալ։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին էր որ քրիստոնէական ժողովքը ամուսնութեան խոստացուեցաւ յարուցեալ, փառաւորեալ Փեսային, Յիսուս Քրիստոսի։ Սակայն, ամուսնութիւնը տեղի պիտի ունենար երկնքի մէջ ապագային՝ անորոշ ժամանակուան մը մէջ։

Առակին մէջ, տասը կոյսերը դուրս կ’ելլեն փեսան դիմաւորելու եւ հարսանեկան թափօրին մասնակցելու նպատակաւ։ Երբ ան հասնի, կոյսերը թափօրին անցած ճամբան իրենց լապտերներով պիտի լուսաւորեն, այսպէս՝ պատուելով փեսան, մինչ ան հարսը իրեն համար պատրաստուած տունը կը բերէ։ Սակայն, Յիսուս կը բացատրէ. «Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չարին. սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան»։

Փեսային երկարատեւ ուշացումը կը մատնանշէ թէ Քրիստոսի ներկայութիւնը որպէս իշխող Թագաւոր, հեռաւոր ապագային տեղի պիտի ունենայ։ Ան վերջապէս իր գահը կը ստանձնէ 1914–ին։ Նախորդող երկար գիշերուան ընթացքին՝ բոլոր կոյսերը կը քնանան։ Անոնք չեն դատապարտուիր ասոր համար։ Յիմար կոյսերը կը դատապարտուին, քանի որ իրենց լապտերներուն մէջ իւղ չունին։ Յիսուս կը բացատրէ թէ կոյսերը ինչպէս կ’արթննան փեսային ժամանումէն առաջ, ըսելով. «Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’։ Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’։ Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. ‘չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար’»։

Իւղը կը խորհրդանշէ այն բանը, որ թոյլ կու տայ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն որպէս լուսաւորներ փայլելու։ Անիկա Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է, զոր Քրիստոնեաները ամուր կը բռնեն, ինչպէս նաեւ՝ սուրբ հոգին, որ կ’օգնէ իրենց այդ Խօսքը հասկնալու։ Հոգեւոր իւղը կարելի կը դարձնէ որ իմաստուն կոյսերը լոյս սփռեն փեսան դիմաւորելու համար ելլող հարսանեկան թափօրին, որ կ’ուղղուի դէպի հարսանեկան խնճոյքը։ Սակայն, յիմար կոյսերը իրենց մէջ՝ իրենց լապտերներուն մէջ՝ պէտք եղած հոգեւոր իւղը չունին։ Ուստի Յիսուս կը նկարագրէ պատահածը.

«Երբ անոնք [յիմար կոյսերը] գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’»։

Քրիստոս իր երկնային Թագաւորութեամբ հասնելէ ետք, ճշմարիտ օծեալ Քրիստոնեաներու իմաստուն կոյս դասակարգը կ’արթննայ այս խաւար աշխարհին մէջ լոյս սփռելու առանձնաշնորհումին նկատմամբ, վերադարձող Փեսան գովաբանելու համար։ Սակայն յիմար կոյսերով պատկերացուածները պատրաստ չեն բարի գալուստ մաղթելու այս ողջոյնին։ Ուստի երբ ժամանակը կու գայ, Քրիստոս երկնքի մէջ հարսանեկան խնճոյքին դուռը չի բանար անոնց։ Զանոնք դուրս կը թողու աշխարհի յառաջացած գիշերուան խիստ մթութեան մէջ, որպէսզի մնացեալ անօրէններուն հետ փճանան։ «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը», կ’եզրակացնէ Յիսուս։

Տաղանդներուն Առակը

Յիսուս Ձիթենեաց Լերան վրայ խօսակցութիւնը կը շարունակէ իր առաքեալներուն հետ, անոնց ուրիշ առակ մըն ալ տալով, որ երեք առակներու շարքին երկրորդն է։ Քանի մը օր առաջ, երբ Երիքովի մէջ էր, Յիսուս մնասներու առակը տուաւ, ցոյց տալու համար թէ Թագաւորութիւնը տակաւին հեռաւոր ապագային պիտի գար։ Այժմ իր տուած առակը, մինչ նոյնանման շատ մը երեսակներ ունի, բայց իր կատարման մէջ կը նկարագրէ թագաւորական զօրութեամբ Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին տեղի ունենալիք գործունէութիւնները։ Ան կը բացատրէ թէ մինչ իր աշակերտները տակաւին երկրի վրայ են, պէ՛տք է աշխատին իր «ունեցածը» աւելցնելու համար։

Յիսուս կ’ըսէ. «Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց»։ Յիսո՛ւս է այն մարդը, որ օտար երկիր մը՝ երկինք՝ երթալէն առաջ, իր ծառաներուն, այսինքն՝ երկնային Թագաւորութեան համար կանչուածներուն, իր ունեցածը կը յանձնէ։ Այս ունեցածը ֆիզիքական ստացուածքներ չեն, այլ՝ անիկա կը ներկայացնէ մշակուած արտ մը, որուն մէջ յաւելեալ աշակերտներ յառաջ բերելու հնարաւորութիւնը պատրաստած է։

Յիսուս երկինք համբառնալէ քիչ առաջ իր ունեցածը կը յանձնէ իր ծառաներուն։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’ընէ։ Ցուցմունքներ տալով անոնց որ շարունակեն մշակուած արտին մէջ աշխատիլ, Թագաւորութեան պատգամը քարոզելով մինչեւ երկրին հեռաւոր ծայրերը։ Ինչպէս կ’ըսէ Յիսուս. «Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ»։

Այսպիսով, ութ տաղանդները՝ Քրիստոսի ունեցածը, ծառաներուն կարողութեան կամ հոգեւոր կարելիութիւններուն համեմատ կը բաժնուին։ Ծառաները կը պատկերացնեն աշակերտներու դասակարգեր։ Առաջին դարուն, այն դասակարգը որ հինգ տաղանդ ստացաւ, ակներեւաբար կը պարփակէր առաքեալները։ Յիսուս կը շարունակէ պատմել թէ, այն ծառաները որոնք հինգ եւ երկու տաղանդ ստացան, երկուքն ալ կրկնապատկեցին զանոնք, իրենց Թագաւորութեան քարոզչութեամբ եւ աշակերտելու գործով։ Սակայն, այն ծառան որ մէկ տաղանդ ստացաւ, գետնին մէջ պահեց զայն։

Յիսուս կը շարունակէ. «Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց»։ Միայն Ի. դարուն՝ այսինքն շուրջ 1,900 տարիներ ետք էր որ Քրիստոս վերադարձաւ հաշիւ պահանջելու։ Ուստի, անիկա իրապէս «շատ ժամանակ յետոյ» էր։ Ապա Յիսուս կը բացատրէ, ըսելով.

«Հինգ տաղանդ առնողը եկաւ՝ ուրիշ հինգ տաղանդ ալ բերաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, հինգ տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ հինգ տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ’։ Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ’»։ Երկու տաղանդ ստացող ծառան ալ կրկնապատկեց իր տաղանդները եւ նոյն գովասանքն ու վարձատրութիւնը ստացաւ։

Սակայն, այս հաւատարիմ ծառաները ի՞նչպէս կը մտնեն իրենց Տիրոջ ուրախութեանը մէջ։ Իրենց Տիրոջը՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ուրախութիւնը Թագաւորութիւնը ստանալն է, երբ հեռու երկիր՝ երկինք՝ իր Հօրը քով գնաց։ Իսկ ինչ կը վերաբերի արդի ժամանակուան հաւատարիմ ծառաներուն, անոնք մեծ ուրախութիւն ունին Թագաւորութեան յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանձնելով, եւ երբ իրենց երկրային ընթացքը աւարտեն, անոնք երկնային Թագաւորութեան մէջ յարուցուելու գերագոյն ուրախութիւնը պիտի ունենան։ Սակայն ի՞նչ կը պատահի երրորդ ծառային։

«Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես», կը գանգատի այս ծառան։ «Ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի»։ Ծառան դիտումնաւոր կերպով մերժած էր մշակուած արտին մէջ աշխատիլ՝ քարոզելով եւ աշակերտելով։ Ուստի տէրը զինք «չար եւ ծո՛յլ ծառայ» կը կոչէ եւ զինք կը դատապարտէ, ըսելով. «Առէ՛ք ատկէ տաղանդը . . . այդ անպիտան ծառան դուրսի խաւարը հանեցէք. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։ Չար ծառայ դասակարգին պատկանողները, դուրսը նետուած ըլլալով, որեւէ հոգեւոր ուրախութենէ զուրկ են։

Ասիկա լուրջ դաս մը կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը դաւանին Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալ։ Անոնք իր գովեստն ու վարձատրութիւնը վայելելու եւ դուրսի խաւարէն ու վերջնական բնաջնջումէ խուսափելու համար, պէտք է աշխատին իրենց երկնային Տիրոջ ունեցածները աւելցնելու համար, լման մասնակցութիւն բերելով քարոզչութեան գործին։ Այս մարզին մէջ ժրաջա՞ն էք։

Երբ Քրիստոս կու Գայ Թագաւորական Զօրութեամբ

Յիսուս տակաւին իր առաքեալներուն հետ Ձիթենեաց Լերան վրայ է։ Իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին մասին նշանի խնդրանքին որպէս պատասխան, Յիսուս այժմ երեք առակներուն վերջինը կը պատմէ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի», կ’ըսէ ան։

Այս գալը տեղի կ’ունենայ, երբ իրերու դրութեան վախճանը շատ մօտ է։ Սակայն, ի՞նչ նպատակաւ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը»։

Նկարագրելով թէ ինչ պիտի պատահի հաճութեան կողմը գտնուողներուն, Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք’»։ Այս առակին մէջի ոչխարները Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ պիտի չիշխեն, այլ՝ անոնք Թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն այն իմաստով, թէ անոր երկրային հպատակները պիտի ըլլան։ «Աշխարհի սկիզբը» տեղի ունեցաւ երբ Ադամն ու Եւան առաջին անգամ ըլլալով զաւակներ ունեցան, որոնք կրնային օգտուիլ մարդկութիւնը փրկելու Աստուծոյ հայթայթումէն։

Սակայն, ինչո՞ւ ոչխարները կը զատուին Թագաւորին հաճութեան աջ կողմը։ «Վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք», կ’ըսէ Յիսուս։

Քանի որ ոչխարները երկրի վրայ են, կ’ուզեն գիտնալ թէ ի՞նչպէս այսպիսի լաւ բաներ ըրած են իրենց երկնային Թագաւորին ու կը հարցնեն. «Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթեցած տեսանք ու կերակրեցինք, կամ ծարաւած ու խմցուցինք. ե՞րբ քեզ օտարական տեսանք եւ ներս առինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք. ե՞րբ քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք ու քեզի եկանք»։

«Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք», կ’ըսէ Թագաւորը։ Քրիստոսի եղբայրները երկրի վրայ 144,000–ին մնացորդն են, որոնք իր հետ երկնքի մէջ պիտի թագաւորեն։ Իսկ իրենց բարիք ընելը, կ’ըսէ Յիսուս, իրեն բարիք ընելու հաւասար է։

Ետքը, Թագաւորը այծերուն ուղղելով իր խօսքը կ’ըսէ. «Մէկդի գացէք ինծմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ Վասն զի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք»։

Սակայն, Այծերը կ’առարկեն. «Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած կամ ծարաւած կամ օտարական կամ մերկ կամ հիւանդ կամ բանտի մէջ ու քեզի սպասաւորութիւն չըրինք»։ Նոյն չափանիշով չափուելով՝ այծերը աննպաստ վճիռ կը ստանան, իսկ ոչխարները՝ նպաստաւոր։ «Որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ [իմ եղբայրներէս] ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի չըրիք», կ’ըսէ Յիսուս։

Ուստի, թագաւորական զօրութեամբ Քրիստոսի ներկայութիւնը, դատաստանի ժամանակ մը պիտի պարփակէ, մեծ նեղութեան մէջ այս չար դրութիւնը իր վախճանին հասնելէ ճիշդ առաջ։ Այծերը «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«կործանում», ՆԱ], իսկ արդարները [ոչխարները]՝ յաւիտենական կեանքը»։ Մատթէոս 24։2–25։46. 13։40, 49. Մարկոս 13։3-37. Ղուկաս 21։7-36. 19։43, 44. 17։20-30. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 14։1-3

Առաքեալները ի՞նչ բանէ մղուած հարցում կը հարցնեն, սակայն ակներեւաբար ուրիշ ի՞նչ բան ունին իրենց մտքին մէջ։

Յիսուսի մարգարէութեան ո՞ր մասը կը կատարուի Հ.Դ. 70–ին, սակայն այն ատեն ի՞նչ տեղի չ’ունենար։

Յիսուսի մարգարէութիւնը ե՞րբ առաջին կատարում մը կ’ունենայ, սակայն ե՞րբ մեծագոյն կատարում մը պիտի ունենայ։

Ի՞նչ է «պղծութիւն»ը իր առաջին եւ վերջին կատարումներուն մէջ։

Ինչո՞ւ մեծ նեղութիւնը իր վերջին կատարումը չ’ունենար Երուսաղէմի կործանումով։

Աշխարհի ո՞ր վիճակները կը նշեն Քրիստոսի ներկայութիւնը։

Ե՞րբ է որ ‘երկրին բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն’, սակայն Քրիստոսի հետեւորդները ի՞նչ պիտի ընեն։

Յիսուս ի՞նչ առակներ կու տայ, որպէսզի իր ապագայ աշակերտները հասկնան թէ ‘վերջը’ մօտ է։

Յիսուս ի՞նչ խրատ կը հայթայթէ իր ա՛յն աշակերտներուն, որոնք վերջին օրերուն պիտի ապրէին։

Որո՞նք պատկերացուած են տասը կոյսերով։

Քրիստոնէական ժողովքը ե՞րբ փեսային ամուսնութեան խոստացուեցաւ, սակայն փեսան ե՞րբ կը հասնի, իր հարսը ամուսնութեան խնճոյքին տանելու համար։

Իւղը ի՞նչ կը պատկերացնէ, եւ զայն ունենալը թոյլ կու տայ որ իմաստուն կոյսերը ի՞նչ ընեն։

Ամուսնութեան խնճոյքը ո՞ւր տեղի կ’ունենայ։

Յիմար կոյսերը ի՞նչպիսի մեծ վարձատրութիւն մը կը կորսնցնեն, եւ ի՞նչ կը պատահի իրենց։

Տաղանդներու առակը ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։

Ծառաները որո՞նք են, եւ իրենց յանձնուած ստացուածքը ի՞նչ է։

Տէրը ե՞րբ կու գայ հաշիւ պահանջելու, եւ ի՞նչ կը գտնէ։

Ի՞նչ է այն ուրախութիւնը, որուն մէջ կը մտնեն հաւատարիմ ծառաները, եւ ի՞նչ կը պատահի երրորդ եւ չար ծառային։

Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին, դատաստանական ի՞նչ գործ կը կատարէ։

Ի՞նչ իմաստով ոչխարները Թագաւորութիւնը կը ժառանգեն։

«Աշխարհի սկիզբ»ը ե՞րբ էր։

Ի՞նչ հիման վրայ մարդիկ կը դատուին որպէս ոչխարներ կամ այծեր։