Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վէճ մը կը ծագի

Վէճ մը կը ծագի

Գլուխ 115

Վէճ մը կը ծագի

ՆԱԽԱՊԷՍ՝ երեկոյեան, Յիսուս իր առաքեալներուն ոտքերը լուալով խոնարհ ծառայութեան դաս մը տուաւ։ Անկէ ետք, իր մօտալուտ մահուան Յիշատակատօնը ներկայացուց։ Այժմ, մասնաւորաբար նկատի ունենալով ինչ որ տակաւին նոր պատահած էր, զարմանալի դէպք մը տեղի կ’ունենայ։ Առաքեալները տաք վիճաբանութեան մը կը բռնուին թէ ո՛վ աւելի մեծ է։ Ակներեւաբար ասիկա ժամանակէ մը ի վեր շարունակուող վիճաբանութեան մը մէկ մասն է։

Յիշեցէք թէ Յիսուս լերան վրայ այլակերպելէն ետք, առաքեալները վէճ մը ունեցան իրարու մէջ թէ ո՛վ է մեծը։ Ասկէ զատ, Յակոբոս եւ Յովհաննէս Յիսուսէն խնդրեցին որ Թագաւորութեան մէջ աչքառու դիրքեր ունենան, առաքեալներուն միջեւ յաւելեալ վէճերու դուռ բանալով։ Այժմ, իր վերջին գիշերը, Յիսուս որքա՜ն տխրած ըլլալու է, տեսնելով որ անոնք դարձեալ բախում կ’ունենան իրարու հետ։ Ի՞նչ կ’ընէ ան։

Փոխանակ առաքեալները կշտամբելու իրենց վարմունքին համար, Յիսուս անգամ մը եւս համբերութեամբ կը տրամաբանէ անոնց հետ. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք, . . . ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը։ Չէ՞ որ սեղան նստողը»։ Ապա իր օրինակը անոնց ուշադրութեան դարձեալ յանձնելով, կ’ըսէ. «Սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ»։

Հակառակ իրենց անկատարութեան, առաքեալները միշտ Յիսուսի հետ կը կենան իր փորձութիւններուն մէջ։ Ուստի ան կ’ըսէ. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց»։ Յիսուսի եւ իր հաւատարիմ հետեւորդներուն միջեւ եղող այս անձնական ուխտը զանոնք կը միացնէ իրեն, իր հետ արքայական իշխանութիւնը բաժնելու համար։ Վերջապէս, սահմանափակ թիւ մը՝ միայն 144,000 անհատներ, կը բերուին այս Թագաւորութեան ուխտին մէջ։

Առաքեալները թէեւ Քրիստոսի հետ Թագաւորութեան մէջ իշխելու այս սքանչելի հեռանկարը ունին, սակայն ներկայիս հոգեւորապէս տկար են։ Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք ամէնքդ ալ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք»։ Բայց, Պետրոսի ըսելով թէ իրեն համար աղօթք ըրած է, կը յորդորէ. «Դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։

Ապա Յիսուս կ’ըսէ. «Ո՛րդեակներ, քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ալ ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ. նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։

«Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս», կը հարցնէ Պետրոս։

«Ուր ես կ’երթամ դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս», կը պատասխանէ Յիսուս։

«Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ», կ’ուզէ գիտնալ Պետրոս։ «Ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ»։

«Քու կեա՞նքդ պիտի դնես ինծի համար», կը հարցնէ Յիսուս։ «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Հաւը պիտի չխօսի՝ մինչեւ դուն երեք անգամ զիս ուրանաս»։

Պետրոս կը բողոքէ ըսելով. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ»։ Մինչ միւս առաքեալները կը միանան նոյնը ըսելու, Պետրոս կը պարծենայ ըսելով. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։

Ակնարկելով այն ժամանակուան երբ առաքեալները առանց քսակի ու պարկի Գալիլիոյ մէջ քարոզչական շրջապտոյտի մը ղրկեց, Յիսուս կը հարցնէ. «Բանի մը կարօտ եղա՞ք»։

«Ոչ մէկ բանի», կը պատասխանեն անոնք։

«Բայց հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ այս գրուած բանն ալ պէտք է որ իմ վրաս կատարուի՝ ‘Եւ անօրէններու հետ սեպուեցաւ’. քանզի ինչ որ ինծի համար որոշուած է, կատարուելու վրայ է», կը բացատրէ Յիսուս։

Յիսուս կը մատնանշէ այն ժամանակուան, երբ չարերու, կամ անօրէններու հետ պիտի ցցահարուի։ Ան նաեւ ցոյց կու տայ թէ անկէ ետեւ իր հետեւորդները խիստ հալածանք պիտի դիմագրաւեն։ «Տէ՛ր, ահա հոս երկու թուր կայ», կ’ըսեն։

«Հերիք են», կը պատասխանէ ան։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, թուրերը իրենց հետ ունենալը թոյլ պիտի տայ Յիսուսի որ ուրիշ կարեւոր դաս մը սորվեցնէ անոնց։ Մատթէոս 26։31-35. Մարկոս 14։27-31. Ղուկաս 22։24-38. Յովհաննու 13։31-38. Յայտնութիւն 14։1-3

Ինչո՞ւ առաքեալներուն վիճաբանութիւնը այսքան զարմանալի է։

Յիսուս ի՞նչպէս ձեռք կ’առնէ վիճաբանութիւնը։

Իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի ըրած ուխտով ի՞նչ կ’իրագործուի։

Յիսուս ի՞նչ նոր պատուիրան մը կու տայ, եւ անիկա որքա՞ն կարեւոր է։

Պետրոս ի՞նչպէս պէտք եղածէն աւելի ինքնավստահութիւն կը ցուցաբերէ, եւ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ։

Քսակ ու պարկ առնելու մասին Յիսուսի հրահանգները ի՞նչպէս նախապէս իր ըսածէն տարբեր են։