Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վշտահարներու հանդէպ կարեկցութիւն

Վշտահարներու հանդէպ կարեկցութիւն

Գլուխ 57

Վշտահարներու հանդէպ կարեկցութիւն

ԻՐԵՆՑ շահուն ծառայող աւանդութիւններուն համար Փարիսեցիները քօղազերծելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կը մեկնի։ Թերեւս կը յիշէք, որ պահ մը հանգստանալու համար անոնց հետ մեկուսանալու իր փորձը ընդմիջուեցաւ, երբ ժողովուրդը զիրենք գտաւ։ Արդ, իր աշակերտներուն հետ, դէպի հիւսիս՝ բաւական հեռու գտնուող Տիւրոսի եւ Սիդոնի շրջանները կը մեկնի։ Ասիկա ակներեւաբար միակ ճամբորդութիւնն է զոր Յիսուս կը կատարէ իր աշակերտներուն հետ, Իսրայէլի սահմաններէն դուրս։

Կեցութեան համար տուն մը գտնելէ ետք, Յիսուս կ’ըսէ թէ՝ չ’ուզեր որ մէկը գիտնայ իրենց եղած տեղը։ Բայց, նոյնիսկ այս ոչԻսրայելեան թաղամասին մէջ, ան չի կրնար նկատողութենէ զերծ մնալ։ Յոյն կին մը, որ հոն՝ Սուրիոյ Փիւնիկէի մէջ ծնած է, զինք կը գտնէ եւ կը սկսի պաղատիլ. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի»։ Սակայն, Յիսուս իրեն պատասխան չի տար։

Վերջապէս, աշակերտները կ’ըսեն Յիսուսի. «Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետեւէն կ’աղաղակէ»։ Զայն անտեսելուն պատճառը բացատրելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։

Սակայն, կինը տեղի չի տար։ Ան Յիսուսի կը մօտենայ, իրեն առջեւ ծունկի կու գայ եւ կ’աղերսէ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի»։

Յիսուս որքա՜ն զգացուած ըլլալու է կնոջ անխոնջ պաղատանքէն։ Սակայն, ան դարձեալ կը մատնանշէ իր առաջին պատասխանատուութեան, որ է՝ Աստուծոյ ժողովուրդին, Իսրայէլի ծառայել։ Միեւնոյն ատեն, անկասկած անոր հաւատքը փորձի ենթարկելու համար, ան ուրիշ ազգութենէ եղողներուն հանդէպ Հրեաներուն ունեցած նախապաշարեալ տեսակէտը կ’արտայայտէ, ըսելով. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն [«շնիկներուն», ՆԱ] ձգել»։

Իր ձայնի կարեկից ոճով եւ դէմքի արտայայտութեամբ, Յիսուս անկասկած իր կարեկցութիւնը կը յայտնէ ոչ–Հրեաներուն հանդէպ։ Ան նոյնիսկ հեթանոսները շուներու նմանցնելու նախապաշարեալ բաղդատութիւնը կը մեղմացնէ, անոնց ակնարկելով որպէս «շնիկներ»։ Փոխանակ վիրաւորուելու, կինը հրէական նախապաշարումներուն մասին Յիսուսի ակնարկումը կը գործածէ՝ եւ խոնարհ դիտողութիւն մը կ’ընէ, ըսելով. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները [«շնիկները», ՆԱ] իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Երբ տուն կը վերադառնայ, իր աղջիկը անկողնին վրայ կը գտնէ, ամբողջովին բուժուած։

Սիդոնի ծովափէն, Յիսուս եւ իր աշակերտները ցամաքը կտրելով, դէպի Յորդանանի ակունքը կ’ուղղուին։ Անոնք, հաւանաբար Գալիլիոյ Ծովուն վերի կողմէն, Յորդանանը ոտքով անցնելով, ծովուն արեւելքը գտնուող Դեկապոլիսի շրջանը կը մտնեն։ Հոն, անոնք լեռ մը կը բարձրանան, բայց բազմութիւններ կը գտնեն զիրենք եւ Յիսուսի կը բերեն կաղեր, հաշմանդամներ, կոյրեր, համրեր եւ ուրիշ հիւանդներ ու խեղաթիւրուածներ։ Յիսուսի ոտքերուն կը ձգեն զանոնք, եւ Յիսուս կը բուժէ բոլորը։ Մարդիկ կը զարմանան երբ կը տեսնեն որ համրերը կը խօսին, կաղերը կը քալեն եւ կոյրերը կը տեսնեն, ու Իսրայէլի Աստուածը կը փառաբանեն։

Խուլ եւ դժուարախօս մարդ մը Յիսուսի մասնայատուկ ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Յաճախ խուլերը դիւրաւ կը շփոթին, մանաւանդ երբ ամբոխի մէջ գտնուին։ Թերեւս Յիսուս կը նկատէ այս մարդուն մասնայատուկ ջղագրգռութիւնը։ Ուստի, ան ժողովուրդէն քիչ մը կը հեռացնէ զինք։ Երբ առանձին կը մնան, Յիսուս անոր կ’իմացնէ թէ ինչ պիտի ընէ։ Իր մատները անոր ականջներուն մէջ կը խոթէ, կը թքնէ եւ անոր լեզուին կը դպչի։ Ապա երկինք նայելով, Յիսուս խոր կերպով կը հառաչէ եւ կ’ըսէ. «Բացուէ՛»։ Իսկոյն, մարդուն լսելու կարողութիւնը կը վերահաստատուի, եւ ան բնական կերպով կը սկսի խօսիլ։

Երբ Յիսուս այս բազմաթիւ բուժումները կը կատարէ, ժողովուրդը գնահատութեամբ կ’արտայայտուի։ Անոնք կ’ըսեն. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»։ Մատթէոս 15։21-31. Մարկոս 7։24-37

Յիսուս ինչո՞ւ անմիջապէս չի բուժեր Յոյն կնոջ աղջիկը։

Անկէ ետք, Յիսուս ո՞ւր կը տանի իր աշակերտները։

Յիսուս ի՞նչպէս կարեկցաբար կը վարուի խուլ եւ դժուարախօս մարդուն հետ։