Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տաժանելի օրուան մը սկիզբը

Տաժանելի օրուան մը սկիզբը

Գլուխ 105

Տաժանելի օրուան մը սկիզբը

ԵՐԲ Յիսուս Երկուշաբթի երեկոյեան Երուսաղէմը կը ձգէ, Ձիթենեաց Լերան արեւելեան լանջին գտնուող Բեթանիա գիւղը կը վերադառնայ։ Երուսաղէմի մէջ իր վերջին ծառայութեան երկու օրերը ամբողջացած են։ Անկասկած, Յիսուս գիշերը դարձեալ իր բարեկամին՝ Ղազարոսի՝ տունը կ’անցընէ։ Ուրբաթ օրը Երիքովէն վերադառնալէն ի վեր, չորրորդ գիշերն է որ ան Բեթանիա կը մնայ։

Արդ, Երեքշաբթի առաւօտ՝ Նիսան 11–ին, ինք եւ իր աշակերտները դարձեալ ճամբայ կ’իյնան։ Փաստօրէն, ասիկա Յիսուսի ծառայութեան համար ճակատագրական օր մը կ’ըլլայ, ցարդ՝ ամենէն բազմազբաղը։ Վերջին օրն է որ ան տաճարին մէջ կ’երեւնայ։ Նաեւ, դատավարութենէն եւ մահապատիժէն առաջ, իր հանրային ծառայութեան վերջին օրն է։

Յիսուս եւ իր աշակերտները նոյն ճամբան բռնելով Երուսաղէմ կ’ուղղուին Ձիթենեաց Լերան վրայով։ Բեթանիայէն ելած ատեն, ճամբուն վրայ Պետրոս կը նկատէ այն ծառը որ Յիսուս նախորդ առաւօտ անիծած էր։ «Ռաբբի՛», կը բացագանչէ ան, «ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է»։

Սակայն ինչո՞ւ Յիսուս ծառը չորցուց։ Պատճառը տալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը [Ձիթենեաց Լերան՝ որուն վրայ կը գտնուին] ըսէք «Ելի՛ր ու ծովը ինկիր», պիտի իյնայ։ Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք’»։

Ուստի, ծառին չորնալուն պատճառ ըլլալով, Յիսուս իր աշակերտներուն դաս մը կու տայ, որ Աստուծոյ վրայ հաւատք ունենալու կարիքը կը շեշտէ։ Ան կ’ըսէ. «Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի»։ Ասիկա ի՜նչ կարեւոր դաս մըն էր իրենց համար, մասնաւորաբար իրենց վրայ գալիք ահաւոր փորձութիւններուն ի տես։ Սակայն, տակաւին ուրիշ կապակցութիւն մը եւս կայ թզենիին չորնալուն եւ հաւատքի որակին միջեւ։

Ճիշդ այս թզենիին պէս, Իսրայէլ ազգը խաբուսիկ երեւոյթ մը ունի։ Թէեւ ազգը Աստուծոյ հետ ուխտեալ յարաբերութեան մը մէջ կը գտնուի եւ երեւութապէս անոր կանոններուն կը հետեւի, սակայն փաստօրէն անհաւատ եւ անպտուղ է։ Անհաւատութեան պատճառաւ, ահաւասիկ ան նոյնիսկ Աստուծոյ Որդին մերժելու վրայ է։ Ուստի անպտուղ թզենին չորցնելով, Յիսուս պատկերալից կերպով ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ կը սպասէ այս անպտուղ, անհաւատ ազգին։

Շատ չանցած, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը մտնեն եւ իրենց սովորութեանը պէս տաճար կ’երթան, ուր Յիսուս կը սկսի սորվեցնել։ Քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը անկասկած նախորդ օրը սեղանաւորներուն դէմ Յիսուսի ըրածը ի մտի ունենալով, ասպարէզ կը կարդան Յիսուսի, ըսելով. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես»։

Յիսուս պատասխան տալով կ’ըսէ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի ըսէք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ Յովհաննէսին մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկնքէ՞ն թէ մարդոցմէ»։

Քահանաներն ու դպիրները իրենց մէջ կը խորհրդակցին թէ ի՛նչ պատասխան պիտի տան։ «Եթէ ըսենք՝ ‘Երկինքէն’, մեզի պիտի ըսէ թէ, ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’, իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ’, ժողովուրդէն կը վախնանք, վասն զի բոլորն ալ Յովհաննէսը իբրեւ մարգարէ կ’ընդունին»։

Առաջնորդները չեն գիտեր թէ ի՛նչ պատասխանեն։ Ուստի կ’ըսեն Յիսուսի. «Չենք գիտեր»։

Յիսուս ալ պատասխան տալով կ’ըսէ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։ Մատթէոս 21։19-27. Մարկոս 11։19-33. Ղուկաս 20։1-8

Երեքշաբթի՝ Նիսան 11–ը ինչո՞ւ յատկանշական է։

Յիսուս ի՞նչպիսի դաս մը կու տայ, երբ թոյլ կու տայ որ թզենին չորնայ։

Յիսուս ի՞նչպէս կը պատասխանէ անոնց որոնք կը հարցնեն թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընէ այս բաները։