Տաղաւարահարաց տօնին առթիւ
Գլուխ 66
Տաղաւարահարաց տօնին առթիւ
ԻՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵՆԷՆ ետք, մօտաւորապէս երեք տարիէ ի վեր, Յիսուս հռչակաւոր դարձած է։ Իր հրաշքները հազարաւորներ տեսած են, եւ ամբողջ երկրին մէջ իր գործերուն մասին կը խօսուի։ Արդ, մինչ ժողովուրդը Տաղաւարահարաց Տօնին համար Երուսաղէմ կը հաւաքուի, հոն զինք կը փնտռեն։ «Ո՞ւր է անիկա», կ’ուզեն գիտնալ։
Յիսուս հակաճառութեան նիւթ դարձած է։ Ոմանք կ’ըսեն. «Աղէկ մարդ է»։ Ուրիշներ կը պնդեն. «Ոչ, հապա ժողովուրդը կը մոլորեցնէ»։ Տօնախմբութեան սկիզբի օրերուն, այսպիսի քովնտի խօսակցութիւններ կը դառնան։ Սակայն ոեւէ մէկը չի համարձակիր բացէ ի բաց պաշտպանել Յիսուսը, քանի որ մարդիկ կը վախնան փոխ հատուցում ստանալ Հրեայ առաջնորդներէն։
Տօնախմբութեան կիսուն, Յիսուս կը հասնի։ Տաճար կ’երթայ, եւ հոն ժողովուրդը կը սքանչանայ իր սորվեցնելու հոյակապ կարողութեան վրայ։ Քանի որ Յիսուս ռաբունական դպրոց յաճախած չէ, Հրեաները կը զարմանան ու կ’ըսեն. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։
Յիսուս կը բացատրէ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ»։ Յիսուսի ուսուցումը սերտօրէն կապուած է Աստուծոյ օրէնքին հետ։ Ուստի, բացայայտ պէտք է ըլլայ որ ան Աստուծոյ փառքը կը փնտռէ եւ ոչ թէ՝ իրը։ «Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի օրէնքը», կը հարցնէ Յիսուս։ Իսկ որպէս յանդիմանութիւն, ան կը շարունակէ ըսել. «Ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր օրէնքը»։
«Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել», կը հարցնէ Յիսուս։
Ժողովուրդին մէջէն մարդիկ՝ որոնք հաւանաբար տօնին համար եկած այցելուներ են, տեղեակ չեն այս մասին։ Անոնց մտքէն իսկ չ’անցնիր, որ ոեւէ մէկը ուզէ այսպիսի հոյակապ ուսուցիչ մը սպաննել։ Ուստի կը խորհին որ Յիսուսի այդ մտածումը բնական չէ։ «Դեւ կայ քու ներսդ. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել», կ’ըսեն անոնք։
Հրեայ առաջնորդները կ’ուզեն Յիսուսի մահը. թէեւ ժողովուրդը տեղեակ չէ ասկէ։ Երբ մէկուկէս տարի առաջ Յիսուս Շաբաթ օրով մարդ մը բուժեց, առաջնորդները փորձեցին սպաննել զինք։ Ուստի Յիսուս անոնց ցոյց կու տայ իրենց անտրամաբանական ըլլալը, հարցնելով. «Եթէ շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք որպէս զի Մովսէսին օրէնքը չքակուի, ինծի կը բարկանա՞ք որ ես շաբաթ օրը ամբողջ մարդ մը բժշկեցի։ Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։
Արդ, պարագային ծանօթ եղող Երուսաղէմի բնակիչները կ’ըսեն. «Ասիկա ան չէ՞ որ կը փնտռեն սպաննելու համար։ Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է»։ Այս Երուսաղէմի բնակիչները կը բացատրեն թէ ինչո՛ւ չեն հաւատար որ Յիսուս՝ Քրիստոսն է. «Մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է [ան], բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը»։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։ Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։ Ասոր վրայ, անոնք կը ջանան զինք բռնել, բանտ նետելու եւ կամ սպաննելու համար։ Սակայն չեն յաջողիր, քանի որ Յիսուսի մեռնելու ժամանակը եկած չէ տակաւին։
Այսուհանդերձ, շատեր կը հաւատան Յիսուսի։ Այո, ան ջուրին վրայ քալած, հովը դադրեցուցած, փոթորկալից ծովը հանդարտեցուցած, քանի մը նկանակով եւ ձուկով հազարաւորներ կերակրած, հիւանդները բուժած, կաղերուն քալել տուած, կոյրերուն աչքերը բացած, բորոտները աղէկցուցած եւ նոյնիսկ մեռելները յարուցանած էր։ Ուստի անոնք կը հարցնեն. «Քրիստոս երբ գայ, ասոնցմէ աւելի նշաննե՞ր պիտի ընէ, որչափ ասիկա կ’ընէ»։
Երբ Փարիսեցիները կը լսեն որ ամբոխը այս բաները կը մրմնջէ, անոնք եւ քահանայապետները սպասաւորներ կը ղրկեն որ Յիսուսը ձերբակալեն։ Յովհաննու 7։11-32
▪ Յիսուս ե՞րբ կը հասնի տօնախմբութեան, եւ իր մասին ի՞նչ խօսակցութիւն կը դառնայ։
▪ Հաւանաբար ինչո՞ւ շատեր կ’ըսեն թէ Յիսուս դեւ ունի։
▪ Երուսաղէմի բնակիչները Յիսուսի մասին ի՞նչ տեսակէտ ունին։
▪ Ինչո՞ւ շատեր կը հաւատան Յիսուսի։