Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տաճարին մէջ ծառայութիւնը վերջ կը գտնէ

Տաճարին մէջ ծառայութիւնը վերջ կը գտնէ

Գլուխ 110

Տաճարին մէջ ծառայութիւնը վերջ կը գտնէ

ՅԻՍՈՒՍ վերջին անգամ ըլլալով կ’երեւնայ տաճարին մէջ։ Իրականութեան մէջ, ան երկրի վրայ իր հանրային ծառայութիւնը կ’աւարտէ, բացի իր դատավարութեան եւ մահապատիժի գործադրութեան հետ կապ ունեցող դէպքերէն, որոնք երեք օր վերջ տեղի պիտի ունենան։ Այժմ ան կը շարունակէ դպիրներն ու Փարիսեցիները պախարակել։

Ան յաւելեալ երեք անգամ ալ կը բացագանչէ ըսելով. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ»։ Առաջին անգամ վա՜յ կը կարդայ անոնց վրայ, քանի որ «գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը» կը մաքրեն, «բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են»։ Ուստի կը խրատէ ըսելով. «Առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ»։

Անկէ ետք վա՜յ կը կարդայ դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն վրայ, որոնք արտաքին բարեպաշտութեամբ կը ջանան ծածկել իրենց ներքին փտութիւնը եւ նեխումը։ «Կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են», կ’ըսէ ան։

Վերջապէս, մարդոց ուշադրութիւնը իրենց բարեսիրութեան հրաւիրելու համար, մարգարէներուն գերեզմանները շինելու եւ զանոնք զարդարելու իրենց պատրաստակամութեամբ, բացայայտ կ’ընեն իրենց կեղծաւորութիւնը։ Սակայն, ինչպէս Յիսուս կը յայտնէ, անոնք ‘մարգարէները սպաննողներուն զաւակներն են’։ Անշուշտ, ոեւէ մէկը որ կը համարձակի իրենց կեղծաւորութիւնը քօղազերծել՝ վտանգի կ’ենթարկուի։

Շարունակելով, Յիսուս զօրաւոր կերպով կը դատապարտէ, ըսելով. «Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն»։ Գեհենը այն ձորն է որ կը գործածուի որպէս Երուսաղէմի աղբանոցը։ Ուստի, Յիսուս կ’ըսէ թէ իրենց չար ընթացքին համար, դպիրներն ու Փարիսեցիները յաւիտենական բնաջնջումի պիտի ենթարկուին։

Որպէս իր ներկայացուցիչները ղրկած անհատներուն ակնարկելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Անոնցմէ մէկ քանիները պիտի սպաննէք ու խաչը հանէք, մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։ Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ Բարաքիայի [Բ. Մնացորդաց գրքին մէջ՝ Յովիադա] որդիին Զաքարիային արիւնը, որ տաճարին եւ սեղանին միջեւ սպաննեցիք։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ»։

Քանի որ Զաքարիա Իսրայէլի առաջնորդները պախարակեց, «Ժողովուրդը անոր դէմ միաբանեցան ու զանիկա թագաւորին հրամանովը Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ քարկոծեցին»։ Սակայն, ինչպէս Յիսուս կը նախագուշակէ, Իսրայէլ պիտի վճարէր այսպէս թափուած արդար արիւնները։ Անոնք 37 տարիներ ետք՝ Հ.Դ. 70–ին վճարեցին ասիկա, երբ հռովմէական բանակները կործանեցին Երուսաղէմը եւ մէկ միլիոնէ աւելի Հրեաներ բնաջնջեցին։

Յիսուս այս ահռելի վիճակին մասին մտածելով ցաւ կը զգայ։ «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ», անգամ մը եւս կը բացագանչէ ան, «քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։

Ապա Յիսուս կ’աւելցնէ. «Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։ Այդ օրը Քրիստոսի ներկայութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, երբ ան իր երկնային Թագաւորութեան մէջ կու գայ, եւ մարդիկ կը տեսնեն զինք իրենց հաւատքի աչքերով։

Այժմ Յիսուս այնպիսի տեղ մը կը կենայ տաճարին մէջ, ուրկէ կրնայ տեսնել գանձանակները եւ այն մարդիկը, որոնք դրամ կը ձգեն անոնց մէջ։ Հարուստները շատ դրամ կը ձգեն հոն։ Սակայն, ետքը աղքատ որբեւայրի մը գալով երկու լումայ կը ձգէ, որ չնչին արժէք մը ունի։

Իր աշակերտները կանչելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Թերեւս անոնք զարմացան թէ ասիկա ինչպէս կարելի է։ Ուստի Յիսուս կը բացատրէ. «Վասն զի ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։ Այս բաները ըսելէն ետք, Յիսուս դուրս կ’ելլէ տաճարէն վերջին անգամ ըլլալով։

Տաճարին մեծութեան եւ գեղեցկութեան վրայ սքանչանալով, իր աշակերտներէն մէկը կը բացագանչէ. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր»։ Արդարեւ, կ’ըսուի թէ քարերը աւելի քան 11 մեթր երկայնք, մեթր լայնք եւ մեթր բարձրութիւն ունէին։

«Կը տեսնէ՞ք այդ ամէն բաները. ահա կ’ըսեմ ձեզի, ‘Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի’», կը պատասխանէ Յիսուս։

Այս բաները ըսելէն ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները, Կեդրոն Հեղեղատը կտրելով, Ձիթենեաց Լեռ կը բարձրանան։ Այդ տեղէն դէպի վար նայելով, շքեղ տաճարը կրնան տեսնել։ Մատթէոս 23։25–24։3. Մարկոս 12։41–13։3. Ղուկաս 21։1-6. Բ. Մնացորդաց 24։20-22

Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ երբ վերջին անգամ տաճար կը մտնէ։

Դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն կեղծաւորութիւնը ի՞նչպէս կը յայտնաբերուի։

Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Գեհենի դատապարտութիւնը’։

Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ որբեւայրիին նուիրատուութիւնը ամենէն շատն էր։