Տասը բորոտներ կը բժշկուին դէպի Երուսաղէմ Յիսուսի վերջին ուղեւորութեան ընթացքին
Գլուխ 92
Տասը բորոտներ կը բժշկուին դէպի Երուսաղէմ Յիսուսի վերջին ուղեւորութեան ընթացքին
ՅԻՍՈՒՍ Սենետրիոնի զինք սպաննելու ջանքերը ի դերեւ կը հանէ, երբ Երուսաղէմը ձգելով հիւսիս–արեւելքը գտնուող Եփրայիմ քաղաքը կու գայ, որ թերեւս Երուսաղէմէն հազիւ 24 քմ. է։ Աշակերտներուն հետ հոն կը մնայ, իր թշնամիներէն հեռու։
Սակայն, Հ.Դ. 33–ի Պասեքի ժամանակը կը մօտենայ, եւ շուտով Յիսուս դարձեալ ճամբայ կ’ելլէ։ Սամարիայէն անցնելով, ան Գալիլիա կը հասնի։ Ասիկա իր վերջին այցելութիւնն է այս շրջանին մէջ, իր մահուընէ առաջ։ Գալիլիոյ մէջ, հաւանաբար ինք եւ իր աշակերտները ուրիշներու կը միանան, որոնք դէպի Երուսաղէմ կ’ուղղուին Պասեքի տօնակատարութեան համար։ Անոնք Յորդանան Գետի արեւելեան կողմը՝ Բերիայի նահանգին մէջէն անցնող ճամբան կ’առնեն։
Ճամբորդութեան սկիզբը, երբ Յիսուս Սամարիայի կամ Գալիլիոյ գիւղերէն մէկը կը մտնէ, տասը բորոտ մարդիկ կը հանդիպին իրեն։ Այս սոսկալի հիւանդութիւնը անհատին մարմնի զանազան մասերը՝ ձեռքին եւ ոտքին մատները, ականջը, քիթը եւ շրթունքը կ’ուտէ։ Ուրիշները վարակումէ զգուշացնելու համար, Աստուծոյ Օրէնքը բորոտին կապակցաբար կ’ըսէ. «Անոր շրթունքները ծածկուին եւ ձայն թող տայ թէ՝ ‘Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ’։ Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. . . . մինակ պէտք է նստի»։
Տասը բորոտները, բորոտներու համար եղած Օրէնքի սահմանումները կը պահեն եւ Յիսուսէն հեռու կը կենան։ Սակայն, բարձր ձայնով կ’աղաղակեն, ըսելով. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։
Հեռուէն տեսնելով զանոնք, Յիսուս կը հրամայէ ըսելով. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք»։ Յիսուս այսպէս կ’ըսէ, քանի որ Աստուծոյ Օրէնքը քահանաներուն հեղինակութիւն կու տայ որ բորոտներուն իրենց հիւանդութենէն բժշկուիլը ծանուցանեն։ Այս կերպով անոնք հաւանութիւն կը ստանան դարձեալ առողջ մարդոց հետ ապրելու։
Տասը բորոտները վստահութիւն ունին Յիսուսի հրաշքներ կատարելու զօրութեան վրայ։ Ուստի, արտորնօք կ’երթան քահանաները տեսնելու, թէեւ տակաւին բժշկուած չեն։ Ճամբուն վրայ, Յիսուսի վրայ իրենց ունեցած հաւատքը կը վարձատրուի։ Անոնք կը սկսին տեսնել եւ զգալ իրենց առողջութեան վերահաստատուիլը։
Մաքրուած բորոտներէն ինն իրենց ճամբան կը շարունակեն, սակայն մէկ բորոտ, որ Սամարացի մըն է, կը վերադառնայ Յիսուսը փնտռելու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրեն պատահած բանին համար մեծապէս երախտապարտ կը զգայ։ Բարձր ձայնով Աստուծոյ փառք կու տայ, եւ երբ կը գտնէ Յիսուսը՝ երեսն ի վար անոր ոտքը իյնալով շնորհակալութիւն կը յայտնէ։
Յիսուս կը հարցնէ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։
Ապա Սամարացիին դառնալով կ’ըսէ. «Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։
Երբ կը կարդանք Յիսուսի տասը բորոտները բժշկելուն մասին, Յիսուսի՝ «իսկ այն ինը ո՞ւր են»՝ հարցումին միտքը ըմբռնելով դաս մը պէտք է սորվինք։ Իննին յայտնաբերած երախտագիտութեան պակասը՝ լուրջ յանցանք մըն է։ Մենք ալ Սամարացիին նման երախտագէտ պիտի ըլլա՞նք Աստուծմէ մեր ստացած բարիքներուն համար, մէջը ըլլալով յաւիտենական կեանքի խոստումը Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ։ Յովհաննու 11։54, 55. Ղուկաս 17։11-19. Ղեւտացւոց 13։16, 17, 45, 46. Յայտնութիւն 21։3, 4
▪ Յիսուս ի՞նչպէս զինք սպաննելու ջանքերը ի դերեւ կը հանէ։
▪ Անկէ ետք Յիսուս ո՞ւր կը ճամբորդէ, եւ դէպի ո՞ւր կ’ուղղուի։
▪ Բորոտները ինչո՞ւ հեռու կը կենան, եւ Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ անոնց որ քահանաներուն երթան։
▪ Այս փորձառութենէն ի՞նչ դաս պէտք է սորվինք։