Տարբեր առիթներով կ’երեւնայ
Գլուխ 129
Տարբեր առիթներով կ’երեւնայ
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ տակաւին ընկճուած են։ Անոնք չեն հասկնար դատարկ գերեզմանին նշանակութիւնը, ոչ ալ կը հաւատան կիներուն բերած տեղեկութեան։ Ուստի, Կիրակի օրը աւելի ետք, Կղէովպաս եւ ուրիշ աշակերտ մը Երուսաղէմէն ճամբայ կ’ելլեն 11 քմ. հեռաւորութիւն ունեցող Էմմաւուս գիւղը երթալու։
Ճամբու ընթացքին, մինչ օրուան անցուդարձերուն մասին կը խօսակցին, օտարական մը կը միանայ իրենց։ «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք», կը հարցնէ ան։
Աշակերտները կանգ կ’առնեն, տխուր դէմքերով, եւ Կղէովպաս կը պատասխանէ. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։ Ան կը հարցնէ. «Ի՞նչ»։
«Նազովրեցի Յիսուսին համար», կը պատասխանեն անոնք։ «Քահանայապետները ու մեր իշխանները մահուան մատնեցին զանիկա եւ խաչը հանեցին։ Իսկ մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր»։
Կղէովպաս եւ իր ընկերը կը բացատրեն օրուան նշանակելի դէպքերը. հրեշտակներու գերբնական երեւոյթը եւ դատարկ գերեզմանը, սակայն յետոյ կը խոստովանին իրենց շփոթութիւնը՝ եղած դէպքերուն նշանակութեան մասին։ Օտարականը կը յանդիմանէ զիրենք, ըսելով. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան. չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր»։ Ապա Սուրբ Գրութիւններէն Քրիստոսի մասին գրուած հատուածներ կը մեկնէ։
Վերջապէս կը մօտենան Էմմաւուսի եւ օտարականը այնպէս մը կը ձեւացնէ թէ պիտի շարունակէ իր ճամբան։ Ուզելով աւելին գիտնալ, աշակերտները կը ստիպեն, ըսելով. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած»։ Ուստի ան ճաշի կը մնայ։ Երբ կ’աղօթէ եւ հացը կը կտրէ, անոնք կը գիտնան թէ ան իրապէս Յիսուսն է՝ նիւթականացած մարդկային մարմնով։ Սակայն իսկոյն աներեւոյթ կ’ըլլայ։
Այժմ կը հասկնան թէ այս օտարականը ինչո՛ւ այսքան բան գիտէր։ «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր», կ’ըսեն անոնք։ Առանց յապաղելու, անոնք ետ մինչեւ Երուսաղէմ ճամբայ կ’իյնան, ուր մէկտեղ ժողվուած կը գտնեն առաքեալները ու անոնց հետ ուրիշներ։ Կղէովպաս եւ իր ընկերը իրենց բերանը բանալէ առաջ, միւսները յուզումով կը տեղեկացնեն. «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ»։ Ապա երկուքը կը պատմեն թէ Յիսուս ինչպէս իրե՛նց ալ երեւցաւ։ Մէկ օրուան մէջ չորս անգամ տարբեր աշակերտներու կ’երեւնայ։
Յիսուս իսկոյն հինգերորդ անգամ ըլլալով կ’երեւի։ Աշակերտները Հրեաներէն վախնալուն պատճառաւ, դռները կղպուած ըլլալով հանդերձ, ան կը կայնի անոնց մէջտեղը ու կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Անոնք կը զարհուրին, կարծելով թէ ոգի մը կը տեսնեն։ Ուստի բացատրելով թէ ասիկա երեւում մըն է, Յիսուս կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն։ Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ»։ Տակաւին անոնք չէին հաւատար։
Անոնց օգնելու համար թէ ինք իրապէս Յիսուսն է, կ’ըսէ. «Ուտելիք մը ունի՞ք հոս»։ Կտոր մը խորոված ձուկ առնելէ եւ ուտելէ ետք, ան կ’ըսէ. «Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի [մահուընէս առաջ], թէ ‘Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են’»։
Շարունակելով, ինչ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը բնոյթը կը ստանայ, Յիսուս կը սորվեցնէ անոնց, ըսելով. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր, անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած։ Ու դուք էք այս բաներուն վկաները»։
Որոշ պատճառաւ, Թովմաս ներկայ չէ այս Կիրակի իրիկուան կենսական ժողովին։ Ուստի, հետեւեալ օրերուն, ոմանք հրճուանքով կը պատմեն իրեն, ըսելով. «Տէրը տեսանք»։
«Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ ու մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ՝ չեմ հաւատար», կը բողոքէ Թովմաս։
Ութ օր ետք, աշակերտները դարձեալ կը հաւաքուին՝ դռները գոց։ Այս անգամ Թովմաս իրենց հետ է։ Թէեւ դռները կղպուած են, սակայն Յիսուս անգամ մը եւս կը կայնի անոնց մէջտեղը եւ կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Ետքը, Թովմասին դառնալով հրաւէր կու տայ, ըսելով. «Մատդ հո՛ս բեր եւ նայէ՛ իմ ձեռքերուս ու բե՛ր քու ձեռքդ ու իմ կողս խոթէ ու մի՛ ըլլար անհաւատ»։
«Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս», կը բացագանչէ Թովմաս։
«Որովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան», կ’ըսէ Յիսուս։ Ղուկաս 24։11, 13-48. Յովհաննու 20։19-29
▪ Էմմաւուսի ճամբուն վրայ օտարական մը ի՞նչ հարցումներ կը հարցնէ երկու աշակերտներուն։
▪ Օտարականը ի՞նչ կ’ըսէ, որուն պատճառաւ աշակերտներուն սրտերը իրենց ներսիդին կը բորբոքին։
▪ Աշակերտները ի՞նչպէս կը գիտնան օտարականին ո՛վ ըլլալը։
▪ Երբ Կղէովպաս եւ իր ընկերը Երուսաղէմ կը վերադառնան, ի՞նչ յուզիչ տեղեկութիւն կը լսեն։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս հինգերորդ անգամ ըլլալով կ’երեւի իր աշակերտներուն, եւ այդ պահուն ի՞նչ կը պատահի։
▪ Յիսուսի հինգերորդ երեւումէն ութ օր ետք ի՞նչ կը պատահի, եւ վերջապէս Թովմաս ի՞նչպէս կը համոզուի թէ Յիսուս ողջ է։