Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տարեդարձի խնճոյքի մը առիթով՝ սպանութիւն

Տարեդարձի խնճոյքի մը առիթով՝ սպանութիւն

Գլուխ 51

Տարեդարձի խնճոյքի մը առիթով՝ սպանութիւն

ԻՐ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ցուցմունքներ տալէ ետք, Յիսուս զանոնք զոյգ–զոյգ թաղամաս կը ղրկէ։ Հաւանաբար, Պետրոս եւ իր եղբայրը՝ Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս, Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս, Յակոբոս եւ Թադէոս, Սիմոն եւ Իսկարիովտացի Յուդան միասին կ’երթան։ Աւետարանիչներու այս վեց զոյգը ուր որ երթան, Թագաւորութեան բարի լուրը կը ծանուցանեն եւ բուժումներ կը կատարեն։

Այս միջոցին, Յովհաննէս Մկրտիչ տակաւին բանտն է. մօտ երկու տարի անցած է։ Թերեւս կը յիշէք, թէ Հերովդէս Անթիպաս իր եղբօրը Փիլիպպոսի կինը՝ Հերովդիան՝ իրեն կին առած ըլլալուն համար, Յովհաննէս հանրապէս յայտարարած էր թէ իր ըրածը սխալ է։ Քանի որ Հերովդէս Անթիպաս կը դաւանէր Մովսիսական Օրէնքին հետեւիլ, տեղին ըլլալով Յովհաննէս երեւան հանեց այս շնաբարոյ միութիւնը։ Այս պատճառաւ, Հերովդէս զայն բանտ նետել տուաւ, հաւանաբար, Հերովդիայի պնդումին վրայ։

Հերովդէս Անթիպաս կը գիտակցի թէ Յովհաննէս արդար մարդ մըն է, եւ նոյնիսկ՝ հաճոյքով կ’ունկնդրէ իրեն։ Ուստի, ան կը շուարի թէ ի՛նչ ընէ։ Միւս կողմէ, Հերովդիա կ’ատէ Յովհաննէսը եւ զայն սպաննել տալու առիթ կը փնտռէ։ Ի վերջոյ, իր սպասած առիթը կը ներկայանայ։

Հ.Դ. 32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, Հերովդէս իր տարեդարձին առթիւ մեծ խնճոյք կը սարքէ։ Խնճոյքի հրաւիրեալներն են՝ իր բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու բանակի սպաները, ինչպէս նաեւ՝ Գալիլիոյ ամենէն երեւելի քաղաքացիները։ Մինչ երեկոյթը կը շարունակուի, իր նախկին ամուսինէն՝ Փիլիպպոսէն՝ ունեցած Հերովդիայի դեռատի դուստրը՝ Սողովմէն, սրահ կը մտնէ հիւրերուն դիմաց պարելու համար։ Ներկայ գտնուող այրերը՝ աղջկան գրաւիչ պարով կը հրապուրուին։

Հերովդէս շատ կը հաւնի Սողովմէն։ «Խնդրէ ինծմէ ինչ որ կ’ուզես ու պիտի տամ քեզի», կը խոստանայ թագաւորը։ Ան նոյնիսկ երդում կ’ընէ, ըսելով. «Ինչ որ դուն ինծմէ խնդրես, պիտի տամ քեզի, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը»։

Պատասխանելէ առաջ, Սողովմէն դուրս կ’ելլէ իր մօրը հետ խորհրդակցելու համար։ «Ի՞նչ ուզեմ», կը հարցնէ ան։

Վե՜րջապէս առիթը կը ներկայանայ։ Հերովդիա անվարան կը պատասխանէ. «Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը»։

Սողովմէ հապճեպով Հերովդէսի կը վերադառնայ եւ կը խնդրէ. «Կ’ուզեմ որ շուտով սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը տաս ինծի»։

Հերովդէս խիստ կը տրտմի։ Սակայն, քանի որ իր հիւրերը լսած էին իր կատարած երդումը, ան չի կրնար զայն դրժել, եթէ նոյնիսկ անիկա անմեղ մարդու մը սպանութիւնը պիտի նշանակէր։ Իր այս անհաճոյ հրամանին վրայ անմիջապէս դահիճ մը բանտ կը ղրկուի։ Քիչ ետք, կը վերադառնայ սկուտեղի մը վրայ բերելով Յովհաննէսին գլուխը, զոր կու տայ՝ Սողովմէին։ Ան, իր կարգին, զանիկա կը տանի իր մօրը։ Երբ պատահածը կը լսեն, Յովհաննէսի աշակերտները բանտ կու գան, անոր մարմինը կը վերցնեն, կը թաղեն՝ ապա եղելութիւնը Յիսուսի կը պատմեն։

Հետագային, երբ Հերովդէս կը լսէ թէ Յիսուս մարդիկ կը բժշկէ եւ դեւեր կը հանէ, կը սարսափի. ան կը վախնայ, խորհելով որ Յիսուս իրապէս մեռելներէն յարուցուած Յովհաննէսն է։ Անկէ ետք, Հերովդէս մեծապէս կը փափաքի տեսնել Յիսուսը, ոչ թէ իր քարոզչութիւնը լսելու՝ այլ, վստահ ըլլալու համար թէ իր վախերը հիմ ունի՛ն թէ ոչ։ Մատթէոս 10։1-5. 11։1. 14։1-12. Մարկոս 6։14-29. Ղուկաս 9։7-9

Ինչո՞ւ Յովհաննէս բանտ կը գտնուի, եւ Հերովդէս ինչո՞ւ չ’ուզեր մեռցնել զայն։

Հերովդիա ի վերջոյ ի՞նչպէս կը կարողանայ Յովհաննէսը սպաննել տալ։

Յովհաննէսի մահէն ետք, Հերովդէս ինչո՞ւ կը փափաքի տեսնել Յիսուսը։