Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փախուստ բռնապետի մը ձեռքէն

Փախուստ բռնապետի մը ձեռքէն

Գլուխ 8

Փախուստ բռնապետի մը ձեռքէն

ՅՈՎՍԷՓ կէս գիշերին կ’արթնցնէ Մարիամը, իրեն ստիպողական լուր մը տալու համար։ Եհովայի հրեշտակը տակաւին նոր երեւցած է իրեն, ըսելով. «Ելի՛ր, առ մանուկը ու անոր մայրը ու Եգիպտոս փախիր, հոն կեցիր մինչեւ ես քեզի ըսեմ, քանզի Հերովդէս պիտի փնտռէ այդ մանուկը կորսնցնելու համար»։

Անմիջապէս, երեքն ալ կը փախչին։ Ասիկա ճիշդ ատենին է, քանի որ Հերովդէս տեղեկացած է որ աստղաբաշխները զինք խաբած եւ մեկնած են։ Յիշեցէք որ անոնք իրեն լուր պէտք էր տային, երբ գտնէին Յիսուսը։ Հերովդէս զայրացած է։ Ուստի, որպէսզի կարենայ Յիսուսը սպաննել, ան հրաման կ’ընէ որ Բեթլէհէմի եւ անոր շուրջը գտնուող երկու տարեկանէն վար եղող մանչ մանուկները սպաննեն։ Ան այս տարիքը կ’որոշէ, նախապէս աստղաբաշխներէն քաղած իր տեղեկութեանց վրայ հիմնուելով։

Իրապէս սարսափելի է տեսնել այս մանուկներուն սպանդը։ Հերովդէսի զինուորները մէկ տունէն միւսը կը խուժեն եւ երբ մանչ երախայ մը գտնեն, զայն կը յափշտակեն մօրը ձեռքէն։ Չենք գիտեր թէ այդ ժամանակ քանի՛ մանուկ սպաննեցին, սակայն անոնց մայրերուն լացն ու կոծը Աստուծոյ մարգարէին՝ Երեմիայի, ըրած մարգարէութիւնը կատարեց։

Մինչ այդ, Յովսէփ եւ իր ընտանիքը ապահով՝ Եգիպտոս գացին ու այժմ հոն կը բնակին։ Գիշեր մը դարձեալ Եհովայի հրեշտակը երազի մէջ կ’երեւնայ Յովսէփի։ «Ելի՛ր, ա՛ռ մանուկը ու անոր մայրը եւ գնա Իսրայէլի երկիրը, քանզի մեռան անոնք որ մանուկին կեանքը կը փնտռէին», կ’ըսէ հրեշտակը։ Ուստի, Աստուածաշունչի այլ մարգարէութիւն մը կատարելով՝ որ կ’ըսէ թէ Աստուծոյ Որդին Եգիպտոսէ պիտի կանչուի՝ ընտանիքը իր ծննդավայրը կը վերադառնայ։

Երեւութապէս, Յովսէփ կը մտադրէ Հրէաստանի մէջ հաստատուիլ, ուր Բեթլէհէմի մէջ կը բնակէին, Եգիպտոս փախչելէ առաջ։ Բայց ան կը տեղեկանայ թէ Հերովդէսի չար որդին՝ Արքեղայոս, այժմ կը թագաւորէ Հրէաստանի վրայ, եւ դարձեալ երազով մը, Եհովա կը յայտնէ սպառնացող վտանգը։ Ուստի, Յովսէփ եւ իր ընտանիքը կը ճամբորդեն դէպի հիւսիս եւ կը հաստատուին Նազարէթ քաղաքին մէջ, ուր Յիսուս կը մեծնայ հրէական կրօնական կեանքի կեդրոնէն հեռու։ Մատթէոս 2։13-23. Երեմեայ 31։15. Ովսեայ 11։1

Երբ աստղաբաշխները չեն վերադառնար, Հերովդէս Թագաւոր ի՞նչ սարսափելի բան մը կ’ընէ, բայց Յիսուս ի՞նչպէս կը պաշտպանուի։

Եգիպտոսէ վերադարձին, Յովսէփ ինչո՞ւ դարձեալ Բեթլէհէմ չի հաստատուիր։

Այս ժամանակամիջոցին, Աստուածաշունչի ո՞ր մարգարէութիւնները կը կատարուին։