Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փարիսեցիի մը կողմէ հիւրասիրուած

Փարիսեցիի մը կողմէ հիւրասիրուած

Գլուխ 83

Փարիսեցիի մը կողմէ հիւրասիրուած

ՅԻՍՈՒՍ տակաւին երեւելի Փարիսեցիի մը տունն է եւ տակաւին նոր բժշկած է ջրգողութենէ տառապող մարդ մը։ Առաջին բազմոցները ընտրող հիւրերը դիտելով, Յիսուս խոնարհութեան դաս մը կը սորվեցնէ։

Յիսուս կ’ըսէ. «Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ, եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ ու ըսէ քեզի. ‘Ասոր տեղ տուր’ եւ անկէ յետոյ սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել»։

Ուստի Յիսուս կը խրատէ, ըսելով. «Երբ հրաւիրուիս, գնա յետին տեղը նստէ, որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, վեր հրամմէ’. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջեւ քեզի փառք կ’ըլլայ»։ Ապա Յիսուս կ’եզրափակէ, ըսելով. «Ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։

Ապա, Յիսուս զինք հրաւիրող Փարիսեցիին ուղղելով իր խօսքը, կը նկարագրէ թէ ճաշկերոյթ մը ի՛նչպէս Աստուծոյ քով իրապէս արժէք կ’ունենայ։ «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ո՛չ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ո՛չ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ»։

Կարօտեալի մը այսպիսի ճաշ մը հայթայթելը զայն հայթայթողին ուրախութիւն կը պատճառէ, քանի որ ինչպէս Յիսուս իր հիւրընկալին կ’ըսէ. «Արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»։ Յիսուսի յիշած այս արժանաւոր ճաշկերոյթին նկարագրութիւնը ներկաներէն մէկուն միտքը կը բերէ տարբեր ճաշկերոյթ մը։ «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ», կ’ըսէ հիւրը։ Սակայն ամէն ոք այդ ուրախառիթ հեռանկարը չի գնահատեր, ինչպէս Յիսուս ցոյց կու տայ առակով մը։

«Մարդ մը մեծ ընթրիք մը պատրաստեց ու շատ մարդիկ հրաւիրեց։ Որոշուած ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի իր հրաւիրեալները կանչէ. ‘Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է’։ Ամէնքը սկսան ետ քաշուիլ։ Առաջինը անոր ըսաւ. ‘Ես արտ մը ծախու առի ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ Միւսը ըսաւ. ‘Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ Միւսը ըսաւ. ‘Կին առի, անոր համար չեմ կրնար գալ’»։

Ի՜նչ խեղճ պատճառաբանութիւններ։ Ընդհանրապէս արտ մը կամ արջառ մը գնուելէ առաջ կը քննուի, ուստի անկէ ետք զանոնք զննելու ստիպողականութիւն չկայ։ Նմանապէս, անհատի մը ամուսնութիւնը այսպիսի կարեւոր ճաշկերոյթ մը ընդունելու արգելք պէտք չէր հանդիսանար։ Ուստի, այս պատճառաբանութիւնները լսելով, տանտէրը կը բարկանայ ու իր ծառային կը հրամայէ, ըսելով.

«‘Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր’։ Պահ մը յետոյ ծառան եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, եղաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ’։ Տէրը ըսաւ ծառային. ‘Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի . . . այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ’»։

Առակը ի՞նչպիսի վիճակ մը կը նկարագրէ։ «Տանտէր»ը, որ ճաշկերոյթը կը սարքէ, կը պատկերացնէ Եհովա Աստուած. «ծառան», որ հրաւէրը կը փոխանցէ՝ Յիսուս Քրիստոս է, իսկ «մեծ ընթրիք»ը՝ երկնքի Թագաւորութեան համար պատրաստ ըլլալու առիթներն է։

Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները, միւս բոլորէն առաջ, Թագաւորութեան հրաւէրը ընդունողներուն մէջ պէտք էր գտնուէին։ Սակայն անոնք այդ հրաւէրը մերժեցին։ Ուստի, մասնաւորաբար Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, Հրեայ ժողովուրդի անարգուած եւ խոնարհ դասակարգին երկրորդ հրաւէր մը տրուեցաւ։ Սակայն, բաւարար թիւով անհատներ չընդառաջեցին, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ 144,000 տեղերը լեցնելու համար։ Հետեւաբար, Հ.Դ. 36–ին, երեքուկէս տարի ետք, երրորդ եւ վերջին հրաւէր մը տրուեցաւ անթլփատ ոչ–Հրեաներուն, եւ այսպիսիներու հաւաքումը կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։ Ղուկաս 14։1-24

Յիսուս խոնարհութեան ի՞նչպիսի դաս մը կը սորվեցնէ։

Տանտէրը ի՞նչպիսի ճաշկերոյթ մը կրնայ տալ, Աստուծոյ քով արժէք ունենալու համար, եւ անիկա ինչո՞ւ իրեն ուրախութիւն պիտի բերէ։

Ինչո՞ւ հրաւիրեալներուն պատճառաբանութիւնները խեղճ են։

Յիսուսի ‘մեծ ընթրիք’ի առակով ի՞նչ կը պատկերացուի։