Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փարիսեցիներուն կամակոր թերահաւատութիւնը

Փարիսեցիներուն կամակոր թերահաւատութիւնը

Գլուխ 71

Փարիսեցիներուն կամակոր թերահաւատութիւնը

ԵՐԲԵՄՆԻ կոյր մուրացկանին ծնողքը կը վախնայ, երբ Փարիսեցիներուն քով կը կանչուի։ Անոնք տեղեակ են այն որոշումէն թէ ոեւէ անհատ որ Յիսուսի հաւատայ, ժողովարանէն պիտի վտարուի։ Համայնքին մէջ ուրիշներուն հետ ընկերակցութենէ զրկուիլը կրնար շատ մեծ դժուարութիւն յարուցանել, մանաւանդ աղքատ ընտանիքի մը համար։ Ուստի ծնողքը զգոյշ է։

«Ա՞յս է ձեր որդին, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ», կը հարցնեն Փարիսեցիները։

«Գիտենք թէ ասիկա է մեր որդին եւ որ ինք կոյր ծնաւ», կը հաստատէ ծնողքը։ «Բայց հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր»։ Վստահաբար անոնց որդին ամէն եղելութիւնը պատմած ըլլալու է, բայց ծնողքը խոհեմաբար կ’ըսէ. «Ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք, թող ինք խօսի իրեն համար»։

Ուստի Փարիսեցիները դարձեալ կը կանչեն մարդը։ Այս անգամ անոնք կը փորձեն վախցնել զինք, մատնանշելով թէ իրենք Յիսուսը ամբաստանող ապացոյցներ հաւաքած են։ «Աստուծոյ փառք տուր», կը հրամայեն անոր։ «Մենք գիտենք թէ այն մարդը մեղաւոր է»։

Երբեմնի կոյրը չի ժխտեր անոնց ամբաստանութիւնը, բայց դիտել կու տայ ըսելով. «Եթէ մեղաւոր է՝ չեմ գիտեր»։ Բայց կ’աւելցնէ. «Միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ»։

Ջանալով թերութիւն մը գտնել իր վկայութեան մէջ, Փարիսեցիները դարձեալ կը հարցնեն. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, քու աչքերդ ի՞նչպէս բացաւ»։

Մարդը կը գանգատի, ըսելով. «Հիմա ըսի ձեզի ու չլսեցի՞ք. ինչո՞ւ համար նորէն լսել կ’ուզէք»։ Ապա ծաղրականօրէն կը հարցնէ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք անոր աշակերտ ըլլալ»։

Այս պատասխանը կը զայրացնէ Փարիսեցիները։ Անոնք կ’ամբաստանեն զայն, ըսելով. «Դուն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ է»։

Զարմանք յայտնելով, խոնարհ մուրացկանը կ’ըսէ. «Ատիկա է զարմանալի բանը՝ որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՞ է, բայց անիկա իմ աչքերս բացաւ»։ Ասկէ ի՞նչ եզրակացութեան պէտք է յանգիլ։ Մուրացկանը ընդունուած դիտողութիւն մը կ’ընէ. «Գիտենք թէ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չըներ, բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ ու անոր կամքը կատարէ, անոր մտիկ կ’ընէ։ Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ»։ Հետեւաբար, եզրակացութիւնը բացայայտ է. «Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել»։

Փարիսեցիները անպատասխանի կը մնան այսպիսի շեշտակի եւ յստակ պատճառաբանութեան մը դիմաց։ Անոնք չեն կրնար ճշմարտութիւնը դիմագրաւել, ուստի կը նուաստացնեն մարդը, ըսելով. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ Ասոր վրայ զայն դուրս կը նետեն, հաւանաբար ժողովարանէն դուրս վտարելով։

Երբ Յիսուս կ’իմանայ անոնց ըրածը, կը գտնէ մարդը ու կ’ըսէ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։

«Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր», կը պատասխանէ երբեմնի կոյր մուրացկանը։

«Քեզի հետ խօսողը՝ ա՛ն է», կը պատասխանէ Յիսուս։

Մարդը անմիջապէս երկրպագութիւն կ’ընէ Յիսուսի եւ կ’ըսէ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր»։

Ապա Յիսուս կը բացատրէ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան»։

Ատոր վրայ Փարիսեցիները որոնք մտիկ կ’ընեն, կը հարցնեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։ Եթէ անոնք ընդունէին որ մտքով կոյր էին, այդ պարագային պատճառաբանութիւն մը պիտի ունենային Յիսուսի հակառակելու համար։ Ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար»։ Սակայն, անոնք խստասրտութեամբ կը պնդեն թէ կոյր չեն եւ հոգեւոր լուսաւորումի պէտք չունին։ Ուստի Յիսուս դիտել կու տայ, ըսելով. «Բայց հիմա կ’ըսէք թէ ‘կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ»։ Յովհաննու 9։19-41

Երբեմնի կոյր մարդուն ծնողքը ինչո՞ւ կը վախնայ երբ Փարիսեցիներուն քով կը կանչուի, ուստի անոնք ի՞նչպէս զգուշութեամբ կը պատասխանեն։

Փարիսեցիները ի՞նչպէս կը փորձեն վախցնել երբեմնի կոյրը։

Մարդուն ո՞ր տրամաբանական պատճառաբանութիւնը կը զայրացնէ Փարիսեցիները։

Փարիսեցիները ինչո՞ւ Յիսուսի հակառակելու չքմեղանք մը չունին։