Փափաքելի գերմարդկային կառավարիչ մը
Գլուխ 53
Փափաքելի գերմարդկային կառավարիչ մը
ԵՐԲ Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կը կերակրէ, մարդիկ ապշահար կը մնան ու կ’ըսեն. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։ Անոնք կ’եզրակացնեն թէ Յիսուս ո՛չ միայն Մովսէսէ մեծ եղող այդ մարգարէն պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ, թէ ան շատ փափաքելի կառավարիչ մը կրնայ ըլլալ։ Ուստի անոնք կը ծրագրեն զինք բռնել ու թագաւոր ընել։
Սակայն, Յիսուս տեղեակ է անոնց ծրագիրներէն։ Ուստի, արագօրէն կը հեռանայ անոնցմէ, որպէսզի բռնի կերպով զինք չտանին։ Ան ժողովուրդը կ’արձակէ, իր աշակերտներուն կը ստիպէ որ իրենց նաւը մտնեն եւ ետ դէպի Կափառնայում ուղղուին, ապա ինք լեռ կը քաշուի աղօթելու համար։ Այդ գիշեր Յիսուս բոլորովին առանձին կ’անցընէ։
Արշալոյսէն քիչ առաջ, Յիսուս իր գտնուած բարձունքէն կը նկատէ թէ զօրաւոր հով մը ծովը հարուածելով կ’ալեկոծէ։ Պասեքը մօտ ըլլալով, գրեթէ լիալուսնի լոյսով Յիսուս կը նշմարէ նաւը եւ իր աշակերտները, որոնք կը պայքարին ալեկոծ ծովուն վրայ յառաջանալու համար։ Անոնք իրենց ամբողջ ուժով կը թիավարեն։
Ասիկա տեսնելով, Յիսուս լեռնէն կ’իջնէ՝ եւ դէպի նաւ կը քալէ ալիքներուն ընդմէջէն։ Նաւը մօտաւորապէս երեք կամ չորս մղոն կտրած է՝ երբ Յիսուս անոր կը հասնի։ Սակայն, ան կը շարունակէ քալել, ձեւացնելով թէ կ’ուզէ անոնց քովէն անցնիլ։ Երբ զինք կը տեսնեն, կը բացագանչեն. «Աչքի երեւոյթ մըն է»։
Յիսուս կը հանգստացնէ զանոնք, ըսելով. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։
Բայց Պետրոս կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։
«Եկո՛ւր», կը պատասխանէ Յիսուս։
Ասոր վրայ, Պետրոս նաւէն դուրս գալով, ջուրերուն վրայէն կը քալէ դէպի Յիսուսը։ Բայց փոթորիկը սաստիկ ըլլալուն համար, Պետրոս կը վախնայ եւ սկսելով ընկղմիլ, կ’աղաղակէ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։
Անմիջապէս իր ձեռքը երկարելով Յիսուս կը բռնէ զինք, ըսելով. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»։
Պետրոս եւ Յիսուս նաւ մտնելէ ետք, հովը կը դադրի, իսկ աշակերտները կ’ապշին։ Սակայն պէ՞տք է ապշին։ Եթէ անոնք «հացին վրայ եղած հրաշքը» ըմբռնած ըլլային, գնահատելով Յիսուսի կատարած մեծ հրաշքը, երբ քանի մը ժամ առաջ հինգ նկանակով եւ երկու ձուկով հազարաւորներ կերակրած էր, անոր ջուրերուն վրայէն քալելը եւ հովը դադրեցնելը այդքան ապշեցուցիչ պիտի չթուէին։ Սակայն, այժմ աշակերտները երկրպագութիւն կ’ընեն Յիսուսի ու կ’ըսեն. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն»։
Քիչ ժամանակ ետք, անոնք կը հասնին Գեննեսարէթ, Կափառնայումի մօտ գտնուող գեղեցիկ եւ պտղաբեր դաշտագետին մը։ Հոն նաւը կը խարսխեն։ Սակայն երբ նաւէն դուրս կու գան, այն տեղի մարդիկը Յիսուսը ճանչնալով, անմիջապէս շրջակայ տեղերը կ’երթան ու հիւանդներ կը բերեն։ Երբ անոնք իրենց մահիճներով կը բերուին ու Յիսուսի հանդերձին միայն քղանցքին կը դպչին՝ ամբողջովին կը բժշկուին։
Այս միջոցին, Յիսուսի հրաշքով հազարաւորներ կերակրելուն ականատես եղող ամբոխը կը նշմարէ թէ Յիսուս մեկնած է։ Ուստի, երբ Տիբերիայէն նաւակներ կը հասնին, անոնց մէջ կը մտնեն եւ Կափառնայում կ’երթան Յիսուսը փնտռելու։ Երբ զինք կը գտնեն, կը հարցնեն. «Ռա՛բբի ե՞րբ եկար դուն հոս»։ Յիսուս կը յանդիմանէ զանոնք, ինչպէս շուտով պիտի տեսնենք։ Յովհաննու 6։14-25. Մատթէոս 14։22-36. Մարկոս 6։45-56
▪ Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կերակրելէ ետք, ժողովուրդը ի՞նչ կ’ուզէ ընել զինք։
▪ Յիսուս ի՞նչ կը նշմարէ այն լեռնէն ուր քաշուած էր, ապա ի՞նչ կ’ընէ։
▪ Այս բաները ինչո՞ւ պէտք չէր շատ ապշեցնէին աշակերտները։
▪ Ի՞նչ կը պատահի ծովեզերք հասնելէն ետք։