Քրիստոսի Թագաւորութեան փառքին կանխացուցադրութիւնը
Գլուխ 60
Քրիստոսի Թագաւորութեան փառքին կանխացուցադրութիւնը
ՅԻՍՈՒՍ Փիլիպպոսի Կեսարիոյ կողմերը եկած է եւ բազմութեան մը կը սորվեցնէ, որուն մէջն են նաեւ իր առաքեալները։ Ան հետեւեալ ցնցիչ ծանուցումը կ’ընէ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։
‘Ի՞նչ ըսել կ’ուզէ Յիսուս’, հարց տուած ըլլալու էին աշակերտները։ Շուրջ շաբաթ մը ետք, Յիսուս իրեն հետ կ’առնէ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը եւ բարձր լեռ մը կը բարձրանան։ Հաւանաբար գիշեր է, քանի որ աշակերտները քնատ են։ Յիսուս աղօթած ժամանակ, անոնց առջեւ կ’այլափոխուի։ Իր երեսը կը սկսի փայլիլ արեւու պէս եւ իր հանդերձները՝ լոյսի պէս։
Ապա, երկու կերպարներ կ’երեւնան. «Մովսէսը եւ Եղիան», եւ կը սկսին Յիսուսի հետ խօսիլ ‘այս կեանքէն իր ելլելուն վրայով, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուէր’։ Որոշապէս այս մեկնումը Յիսուսի մահուան եւ յարութեան կ’ակնարկէ։ Ուստի, այս խօսակցութիւնը կը փաստէ թէ իր նուաստացուցիչ մահէն չէր կրնար խուսափիլ, ինչպէս Պետրոս փափաքած էր։
Արդ, ամբողջովին արթուն վիճակի մէջ, աշակերտները ապշահար կը դիտեն եւ մտիկ կ’ընեն։ Թէեւ տեսիլք մըն է, բայց անիկա այդքան իրական կը թուի ըլլալ, որ Պետրոս կը սկսի տեսարանին մասնակցիլ, ըսելով. «Տէ՛ր, աղէկ է որ հոս կենանք. եթէ կ’ուզես, երեք խրճիթ շինենք հոս, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։
Մինչ Պետրոս կը խօսի, լուսաւոր ամպ մը կը ծածկէ զանոնք եւ ամպէն ձայն մը կու գայ որ կ’ըսէ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ Ձայնը լսելով, աշակերտները իրենց երեսին վրայ կ’իյնան։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ. «Ելէ՛ք, մի՛ վախնաք»։ Երբ ոտքի կ’ելլեն, Յիսուսէ զատ մէկը չեն տեսներ։
Յաջորդ օրը լեռնէն վար իջնելու ատեն, Յիսուս կը պատուիրէ անոնց. «Այդ տեսիլքը մարդու մի՛ պատմէք, մինչեւ Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնէ»։ Այս տեսիլքին մէջ Եղիայի երեւնալը աշակերտներուն մտքին մէջ հարցում մը կը յարուցանէ։ «Ինչո՞ւ համար դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’», կը հարցնեն անոնք։
Յիսուս կ’ըսէ. «Եղիան արդէն եկած է, եւ զանիկա չճանչցան»։ Սակայն Յիսուս, Յովհաննէս Մկրտիչին մասին կը խօսէր, որ Եղիայի նման դեր մը կատարեց։ Յովհաննէս գալիք Մեսիային համար ճամբան պատրաստեց, ինչպէս Եղիան ճամբան պատրաստած էր Եղիսէի համար։
Այս տեսիլքը թէ՛ Յիսուսի եւ թէ աշակերտներուն համար ի՜նչ խրախուսիչ կ’ըլլայ։ Անիկա, Քրիստոսի Թագաւորութեան փառքին կանխացուցադրութիւն մըն է։ Արդարեւ, աշակերտները տեսան՝ «Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած», ինչպէս Յիսուս շաբաթ մը առաջ խոստացեր էր։ Յիսուսի մահուընէ ետք, Պետրոս գրեց թէ ‘Քրիստոսի մեծափառութեանը ականատես եղած էին, երբ անոր հետ էին սուրբ լերանը վրայ’։
Փարիսեցիները Յիսուսէն նշան մը ուզած էին, փաստելու համար թէ ինք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ խոստացուած եւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած Թագաւորն էր։ Անոնց այսպիսի նշան մը չտրուեցաւ։ Միւս կողմէ, Յիսուսի մտերիմ աշակերտներուն թոյլ տրուեցաւ, որ Յիսուսի այլակերպումը տեսնեն, Թագաւորութեան մարգարէութիւններուն որպէս հաստատում։ Անոր համար, հետագային Պետրոս գրեց. «Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է»։ Մատթէոս 16։13, 28–17։13. Մարկոս 9։1-13. Ղուկաս 9։27-37. Բ. Պետրոս 1։16-19
▪ Իր մահուընէ առաջ, ոմանք ի՞նչպէս Քրիստոսը կը տեսնեն իր Թագաւորութիւնովը եկած։
▪ Տեսիլքին մէջ, Մովսէս եւ Եղիա ի՞նչ բանի մասին կը խօսին Յիսուսի հետ։
▪ Այս տեսիլքը, ինչո՞ւ աշակերտները զօրացնելու կը նպաստէ։